ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» եւ «Նիւ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին:
Բագրատունի ըսաւ. «Շուրջ 1 ամիս ժողովուրդը տագնապի մէջ պահելէ ետք, փաստօրէն վերադարձած ենք կառավարութեան հիմնական ծրագիրին, որուն բարելաւման համար արդէն իսկ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները կը կատարուէին վարչապետ Սալամի եւ Վերակառուցման ու բարգաւաճման խորհուրդին հետ: Այն ինչ որ կատարուեցաւ` կասեցնելով թափօններու թաղման վայրի աշխատանքները, փաստօրէն ոչինչ փոխեց ծրագիրի կացութենէն, այլ պարզապէս յաւելեալ վնաս հասցուց ժողովուրդին»:
Բագրատունի աւելցուց, որ «Մեզի համար հիմնականը կը մնայ աղբի լերան վերացումը, ինչքա՛ն արագ` այդքան լաւ. կը յուսանք, որ այն ակնկալութիւնները, որոնք կան քաղաքապետութեանց նկատմամբ, կ՛իրականանան: Վարչական ապակեդրոնացման հանգրուանի` աղբերու դռնէն մուտք գործելով մեծ իրագործում մը արձանագրած ըլլալու հոգեբանութիւնը պէտք չէ ապրին մարդիկ»:
Վերջապէս, Բագրատունի հաստատեց, որ «կը յուսանք, որ անցնող շաբաթներու դասը բաւարար է, որ նման քայլեր անգամ մը եւս չառնուին»: