Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գագիկ Ծառուկեանը Այցելեց «Ալիք»

Սեպտեմբեր 17, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

alik-4_91616

14 սեպտեմբերին Հայ մշակութային Արարատ կազմակերպութեան հրաւէրով Թեհրան այցելած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան այցելեց «Ալիք» հաստատութիւն:

«Ալիք» հաստատութեան «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ Ծառուկեան նախ հանդիպում ունեցաւ իրանահայ գործարարներու հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ծառուկեան ներկաներուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործառնութեան կարելիութիւնները` անոնց կոչ ուղղելով ներդրումներ կատարելու Հայաստանի մէջ, ապա պատասխանեց զանոնք հետաքրքրող հարցումներուն:

Հանդիպումի աւարտէն ետք, Գագիկ Ծառուկեան շրջագայեցաւ «Ալիք» հաստատութեան շէնքին մէջ եւ ծանօթացաւ հաստատութեան զանազան բաժիններուն:

Մտերմիկ հանդիպում-ճաշի ընթացքին Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան շնորհակալագիրներով պարգեւատրեց «Ալիք» հաստատութեան եւ «Ալիք» օրաթերթի խմբագրակազմի խումբ մը աշխատակիցներ:

Ծառուկեան նաեւ 100.000 ամերիկեան տոլար նուիրեց «Ալիք» հաստատութեան:

Նշենք, որ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան:

Գագիկ Ծառուկեան Այցելեց Ս. Սարգիս Առաջնորդանիստ Եկեղեցի

alik-2_91616

14 սեպտեմբերի առաւօտեան Թեհրանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան այցելեց Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան: Հանդիպումին ներկայ էին Իրանի  խորհրդարանի Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան, ինչպէս նաեւ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւորները, Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի, թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետները եւ կազմեր, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչը, քահանայից դասը, ազգային մարմիններու, միութիւններու եւ եկեղեցական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ:

Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ կազմակերպուած հանդիպումին ընթացքին թեմակալ առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան ողջունելով Գագիկ Ծառուկեանի եւ ընկերակցող պատուիրակութեան այցելութիւնը Ազգային առաջնորդարան, ներկայացուց իրանահայ համայնքի, մասնաւորաբար թեհրանահայ համայնքի կառոյցը` իր յարակից բոլոր կեդրոններով, միութիւններով եւ բարեսիրական հաստատութիւններով: Անդրադառնալով «Ալիք»-ի 85-ամեակին, որուն առիթով այս օրերուն Թեհրան այցելած են հայաշխարհի մամուլի ներկայացուցիչները, թեմակալ առաջնորդը նշեց, որ համայնքային աշխատանքները կը կատարուին հաւաքաբար եւ բարձր գնահատեց Գագիկ Ծառուկեանի եկեղեցաշէն գործունէութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Գագիկ Ծառուկեան շեշտեց, որ հիացած է իրանահայ համայնքով եւ տարուող աշխատանքներով, որոնց նպատակին հիմքը հայապահպանումն է: Ծառուկեան իր ելոյթին  ընթացքին նշեց. «Իմացէ՛ք, որ որեւէ համահայկական ձեռնարկի նոյնպէս ես պատրաստակամ եմ մասնակից ըլլալու, աջակից ըլլալու, որովհետեւ մեր բոլորին նպատակը մէկ է` եռամիասնութեան ամրապնդումը եւ հզօրացումը»: Ծառուկեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան, ի մասնաւորի այսօր, երբ հայ ժողովուրդը նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կանգնած է: Ան աւելցուց, որ Իրանի պետութիւնը եւս շատ բարեացակամ տրամադրուած է Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ` աւելցնելով, որ այդ մասին արդէն անդրադարձ կատարուած է Իրանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահի հետ հանդիպումին ընթացքին, եւ այս առումով բարձր գնահատեց իրանահայ համայնքի անխոնջ ջանքերը: Հանդիպման աւարտին Գագիկ Ծառուկեան համայնքին նուիրեց հոգեւոր արժէք ներկայացնող բացառիկ խաչ եւ փոխադարձաբար սրբազան հօր կողմէ ստացաւ յուշանուէր մը:

Աւարտին թեմակալ առաջնորդին ուղեկցութեամբ Մեծ եղեռնի բիւրաւոր նահատակներու յուշարձանին մօտ ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին` յարգանքի տուրք մատուցելով նահատակներու յիշատակին եւ այցելեցին Ս. Սարգիս եկեղեցի:

Նախորդը

Արամ Համբարեան. «Մենք Մեծապէս Չենք Ապաւինիր Ցեղասպանութեան Մասին Տրուած Նախընտրական Խոստումներուն»

Յաջորդը

Թրքական Քաղաքապետարանի Պատէն Հայերէն Գրառումը Վերցուելէն Ետք Վերականգնուած Է

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?