Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինասեան. «Համակարգային Փոփոխութիւններ Անհրաժեշտ Են, Նաեւ` Լիազօրութիւններու Յստակեցման Առումով»

September 16, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ardzvig_91516

Տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեան 15 սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է կառավարութեան նիստին ընթացքին իր եւ վարչապետին միջեւ տեղի ունեցած դէպքին:

Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ այնպէս կարծուած է, որ վարչապետը չէ հաւատացած իրեն, Մինասեան ըսած է. «Բնական կերպով կ՛ընկալեմ եղածը, որովհետեւ վարչապետին աշխատանքները կը միտին գործունէութիւնը բարելաւել, նաեւ տնտեսվարող կառոյցներու եւ յատկապէս` ներդրողներու գործերը դիւրացնել: Այլ բառեր ու բառակապակցութիւններ ինծի համար երկրորդական նշանակութիւն ունին, որովհետեւ այնպէս չէ, որ տնտեսութեան նախարարութիւնը յստակ արտօնութիւններ կու տայ այս համակարգին մէջ: Մասնաւորապէս` տուրքերէ զերծ կացուցման վերաբերող արտօնութեան համակարգը կը սկսի ու կ՛աւարտի կառավարութեան աշխատակազմով: Տնտեսութեան նախարարութիւնը այն պատասխանատու օղակն է, որ կ՛ամփոփէ բոլորին կարծիքները եւ կառավարութեան նիստին կը ներկայացնէ վերջնական որոշումը: Ես հակուած չեմ որեւէ այլ գերատեսչութեան կամ գործընկերներէս ոեւէ մէկուն վրայ բեռ բարդել, բայց համակարգային փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են, նաեւ` լիազօրութիւններու յստակեցման տեսանկիւնէ»:

Լրագրող մը դիտել տուած է, որ, ըստ երեւոյթին, նոր նշանակուած վարչապետը անհանգստացած է տնտեսութեան վիճակով` հարցնելով, որ նախարարը արդեօք համամի՞տ է այդ գնահատականներուն, եթէ` այո՛, ինչո՞ւ նախապէս չէ խօսուած այդ մասին: «Ես կը հասկնամ ձեր հարցադրումը եւ ամէն գնով փորձերը` բառերուն մէջ զգայացունց տարողութիւն գտնելու, բայց ես ձեզի կը հաւաստիացնեմ, որ տնտեսութեան առջեւ ծառացած են մարտահրաւէրներ, որոնք թերեւս այլ կառավարութիւններու օրօք այլ դրսեւորումներ ունեցած են: Ներկայիս անոնց մէկ մասը աւելի ծանրացած է: Բայց ես ալ խօսած եմ այն մասին, որ տնտեսութեան մէջ անհրաժեշտ են այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնք այդ մարտահրաւէրները շրջանցելը շատ աւելի դիւրին ու արդիւնաւէտ կը դարձնեն, եւ կարեւորագոյնը` մենք պէտք է ունենանք այնպիսի տնտեսական կառուցուածք, որ երկարաժամկէտ առումով կայուն ու շատ աւելի բարձր աճ պիտի ապահովէ»:

Անոր համաձայն, տնտեսութեան կառուցուածքին մէջ պէտք է ըլլան այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնք առարկայական ու շօշափելի պիտի դարձնեն երկրի պաշարները արդիւնաւէտ զօրաշարժի ենթարկելն ու տնտեսութեան կազմակերպումը:

Անդրադառնալով մենաշնորհներու եւ փտածութեան դէմ պայքարին` Մինասեան ըսած է, թէ կարելի չէ սպասել, որ հասարակութեան մէջ երկար ժամանակ արմատացած մօտեցումները մէկ օրուան, մէկ ժամուան մէջ, մէկ գրիչի հարուածով վերացուին: Ըստ նախարարի պաշտօնակատարին, այդ հոլովոյթը պէտք է ըլլայ հիմնաւոր: Մինասեան նաեւ նշած է, որ մենաշնորհներու ու գերիշխող դիրք ունեցողներու հարցին մէջ պէտք է հետեւիլ սահմանադրական չափանիշներուն:

 

Նախորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Նոր Թափ Կը Հաղորդէ Արցախի Ճանաչման Հոլովոյթին

Յաջորդը

Վարչապետը Յանձնարարած Է Կարելի Եղածին Չափ Նուազեցնել Ելեկտրականութեան Եւ Կազի Գիները

RelatedPosts

Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.