Նոր նշանակուած վարչապետ Կարէն Կարապետեանի որոշումով` կառավարութեան աշխատակազմին մէջ տեղի ունեցած են քատրային փոփոխութիւններ:
Վկայակոչելով egov.am կայքը` «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Կարէն Կարապետեանի որոշումով Գուրգէն Դումանեան զերծ կացուցուած է կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարարի առաջին տեղակալի, իսկ Արամ Անանեան եւ Գագիկ Խաչատրեան` խորհրդականի, Տիգրան Կարապետեան` վարչապետի օգնականի պաշտօններէն:
Այլ որոշումով մը, Գագիկ Մարտիրոսեան նշանակուած է Հայաստանի վարչապետի գլխաւոր խորհրդական: