Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Կարէն Կարապետեանը Ճիշդ Անձնաւորութիւնն Է, Որ Պէտք Է Նշանակուէր` Ղեկավարելու Բարենորոգումներու Հոլովոյթը»

Սեպտեմբեր 15, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_91416

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Լրագիր»-ի թղթակից Սիրանուշ Պապեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Կարէն Կարապետեանի վարչապետ նշանակման եւ անոր հետ տեղի ունեցած հանդիպման:

«Կարէն Կարապետեանը շատ բանիմաց մարդ է, փորձառու: Եւ կարեւորագոյնը` ժամանակակից մարտահրաւէրները ընկալող եւ անոր համապատասխան ներուժ ունեցող անձնաւորութիւն է: Այդ պատճառով վստահ եմ, որ ինքնին ան է ճիշդ անձնաւորութիւնը, որ պէտք է նշանակուէր` ղեկավարելու բարենորոգումներու հոլովոյթը: Եւ միայն իրմով չէ, մենք բոլորս պէտք է նեցուկ ըլլանք, որ կարենանք դիմագրաւել այն մարտահրաւէրները, որոնք համազգային բնոյթ ունին, նաեւ համազգային համախմբումով զանոնք իրականացնել, եւ ասիկա շատ կարեւոր է»:

Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, Կարէն Կարապետեան այն անձնաւորութիւնն է, որ կրնայ համախմբել հասարակութիւնը. «Մենք ունինք կարելիութիւնը անոր առաջարկած ծրագիրը համաձայնեցնելու մեր համագործակցութեան յուշագիրին: Գիտէք, որ յուշագիրը ստորագրուեցաւ, երբ ծրագիրը կար», ըսած է Արմէն Ռուստամեան` մանրամասնելով վերջին օրերուն Կարէն Կարապետեանի հետ իրենց ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած հարցերը:

«Մենք հանդիպում ունեցած ենք Կարէն Կարապետեանին հետ, նախագահը զայն ներկայացուց, քննարկած ենք կատարուելիքները, մօտեցումները եւ հիմնական այն շեշտադրումները, որոնք հնչած են այդ հանդիպման ժամանակ, մեզի իսկապէս յոյս կը ներշնչէ այն, որ մենք նոյն ձեւով կը մտածենք», աւելցուցած է Ռուստամեան:

Հարկային օրէնսգիրքին վերաբերող մտահոգութիւնները շատ են, եւ Արմէն Ռուստամեան չէ բացառած, որ անիկա փոփոխութեան ենթարկուի: «Կը կարծեմ, թէ վարչապետը իր հայեցակարգը պէտք է ամրապնդէ, որովհետեւ ի վերջոյ ինքն է պատասխանատուն եւ այդ պատասխանատուութեան համահունչ ալ կամք պէտք է ունենայ կարելի եղածին չափ ուղղումներ բերելու մինչեւ օրս կատարուած բոլոր ծրագիրներուն մէջ», դիտել տուած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչը:

Կարէն Կարապետեանի հետ քննարկուած են նաեւ մենաշնորհներու եւ փտածութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր. «Խօսած ենք թէ՛ մենաշնորհներու դէմ պայքարին, եւ թէ՛ փտածութեան մասին, ըսած ենք, որ կան բաներ, որոնց մասին յայտարարեցինք, սակայն ճամբուն կէսին մնացին, եւ պէտք է այդ ուղղութեամբ գործնական քայլեր կատարուին: Որոշ երեւոյթներու գծով մենք մեր մտահոգութիւնները յայտնած ենք եւ կ՛ակնկալենք անոնց հետապնդումը տեսնել նոր վարչապետին կողմէ», յայտնած է Ռուստամեան:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի 5 Խմբակցութիւններ Նախաստորագրած Են Ընտրութեան Վերահսկման Մեքանիզմներու Վերաբերող Համաձայնագիր

Յաջորդը

Նախագահը Ստորագրած Է Կարէն Կարապետեանը Վարչապետ Նշանակելու Հրամանագիրը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?