Այս բառերով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ողջունեց անցնող օրերուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տարեկան իր ժողովը գումարող Արմենոֆասի յանձնախումբը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ Արմենոֆաս, իր նիւթական գործունէութենէն անդին, յուշարար մըն է Հայոց ցեղասպանութեան անհերքելի իրողութեան` Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան դիմաց, միաժամանակ խորհրդանշական արտայայտութիւն մը` հայ եւ զուիցերիացի ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու սերտ բարեկամութեան:
Արմենոֆասը հիմնադրամ մըն է, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներուն կողմէ հաստատուած է` օժանդակելու համար ցեղասպանութենէն վերապրած հայերու ընկերային ծառայութեան առնչուած զանազան ծրագիրներու: Անցնող տասնամեակներուն ընթացքին հիմնադրամը փոփոխութեան ենթարկուած է, ստեղծուած նոր պայմաններուն լոյսին տակ: Ներկայիս ան ունի գործունէութեան յստակ ուղեգիծ: Արմենոֆասը հովանաւորող մարմիններն են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու միութիւնը: Արմենոֆասի յանձնախումբին մաս կը կազմեն այս երկու կողմերը ներկայացնող անձեր: Ներկայ յանձնախումբի անդամներն են Թենի Սիմոնեան-Փիրի` ատենապետ (Զուիցերիա), Խորէն արք. Տողրամաճեան (Յունաստան), Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան), Ալեքքօ Քէօշէեան (Զուիցերիա), Հայկուհի Եաղճեան (Յունաստան), վեր. Ռուտոլֆ Ռանֆեր (Զուիցերիա) եւ մեթր Ֆրանսուա Փայօ (Զուիցերիա):
Հանդիպումը տեւեց երկու օր: Եզրափակիչ նիստը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին ներկայութեան: Ապա, ժողովականները այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: Արմենոֆասի զուիցերիացի անդամները յուզումով դիտեցին թանգարանին մէջ ներկայացուած պատկերներն ու իրերը, յատկապէս հոն տեսնելով Զուիցերիոյ մատուցած մարդասիրական օժանդակութիւնն ու ընկերային ծառայութիւնը` հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրական օրերուն: