Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Իրանական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Սեպտեմբեր 17, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անոնք Այցելած Են Նաեւ Իրանի Մէջ
Հայաստանի Դեսպանատուն

alik-1_91616

«Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակին առիթով Թեհրան հասած հայաշխարհի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են իրանական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հայկական պատուիրակութեան անդամները նախ այցելած են «Թասնիմ» լրատուական գործակալութիւն, ուր ծանօթացած են գործակալութեան կարելիութիւններուն եւ հանդիպում ունեցած են տնօրէնութեան եւ լրագրողներուն հետ:

Հանդիպումին կողմերը քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթեր: «Թասնիմ» գործակալութիւն այցելութենէն ետք, հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները այցելած են «Ճամ է Ճամ» օրաթերթի խմբագրութիւն:

Խմբագրատան մէջ շրջագայութենէ ետք, հայ լրագրողները հանդիպած են «Ճամ է Ճամ»-ի գործադիր տնօրէն դոկտ. Մորատ Էնատիի, գլխաւոր խմբագիր Մեսրիի եւ հանրային կապերու պատասխանատու Եաղուպիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած եւ կարեւոր նկատած են հայ-իրանական կապերու ամրապնդումն ու ընդլայնումը:

Հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու յաջորդ այցելութեան կանգառը Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպանատունն էր:

Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեանի եւ դեսպանութեան անձնակազմին հետ հանդիպումին ընթացքին, դեսպանը մանրամասն վերլուծական մը ներկայացուցած է Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններու, իրանահայ համայնքի վիճակի, կարողութիւններու եւ կարելիութիւններու մասին` կարեւոր նկատելով համայնքին դերակատարութիւնը հայ-իրանական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ: Հիւրերուն անունով  ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեանը:

Տեղի ունեցած հանդիպումներու աւարտէն ետք հիւրերը այցելած են Թեհրանի շարք մը տեսարժան վայրեր:

Նշենք, որ հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն կ՛ընկերակցէին Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի փոխատենապետ Վարուժ Յովհաննիսեանը, Իրանի խորհրդարանին մէջ  Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան նախկին պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեան, իրանահայ լրագրող Սերկէյ Բարսեղեան եւ Գրիգոր Ղազարեան:

Այցելութիւն` Թաւրիզի Առաջնորդարան

Երէկ, 16 սեպտեմբերին, հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները Թաւրիզի առաջնորդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանին եւ թեմի Ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ապա հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները Հայ մշակութային Արարատ միութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցան Միութեան վարչութեան հետ: Հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները վերադարձան Թեհրան եւ երեկոյեան Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբին հետ տեղի ունեցաւ զեկուցական հանդիպում:

16 սեպտեմբերի հանդիպումներուն աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք աւելի ուշ:

Նախորդը

«Վանայ Ձայն»-էն Հաղորդում` Իրանի Պատմական Կարգ Մը Եկեղեցիներու Մասին

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութեան Գոյութեան Պահպանումը Կը Վերածուի «Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան» Հարցի» Կ՛ըսէ Մերքել

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?