Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Բացառե՛լ Ցնցումը

Ակնարկ. Բացառե՛լ Ցնցումը

Երեւանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները կը մտահոգեն բոլորս: Համահայկական լուսարձակներու տակ են գրաւուած ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը, գրաւողները, պատանդները, զոհի պարագան, վիրաւորները, պահանջները, պաշտօնական հաղորդագրութիւնները եւ ընթացող-չընթացող բանակցութիւնները: Մէկ կողմէ կան իրաւապահ եւ անվտանգութեան համապատասխան մարմիններու պաշտօնական հաղորդագրութիւններն ու անոնց ընկերացող կոչերը` սնուելու միայն պաշտօնական լրահոսէն, անուղղակիօրէն ապատեղեկատուութեամբ չնպաստելու համար վտանգաւոր կացութիւններու ստեղծման: Միւս կողմէ` ժողովուրդը փողոց դուրս հանելու կոչեր,...

Կիրօ Մանոյեան. «Անհրաժեշտ Է Զգօն  Ու Միակամ Ըլլանք, Մեր Հիմնական  Թիրախները Նոյնը Պէտք Է Ըլլան»

Կիրօ Մանոյեան. «Անհրաժեշտ Է Զգօն Ու Միակամ Ըլլանք, Մեր Հիմնական Թիրախները Նոյնը Պէտք Է Ըլլան»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 18 յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին` անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջման փորձին, ըսած է, որ այդ փորձի ձախողութենէն ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պիտի շարունակէ իր քաղաքականութիւնը, իսկ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ համար առաջնահերթ չեն: Ըստ անոր, պարզ չէ նաեւ, թէ յաջողութեան հասնելու պարագային...

Զինեալներուն Հետ Բանակցութիւնները  Կը Շարունակուին` Կացութեան  Խաղաղ Լուծումը Ապահովելու Նպատակով

Զինեալներուն Հետ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին` Կացութեան Խաղաղ Լուծումը Ապահովելու Նպատակով

17 յուլիսի առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք մուտք գործած, բռնութեամբ պատանդ պահող եւ Ժիրայր Սեֆիլեանի ազատ արձակումը պահանջող զինեալներուն հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին: 18 յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի փոխոստիկանապետ Յունան Պօղոսեանը` աւելցնելով, որ իրաւապահներուն կողմէ հարցին լուծման միտող նախաձեռնութիւնները ընթացքի մէջ են: Ան յայտնած է, որ իրաւապահ համակարգին պահանջները կը...

Դեսպան Մկրտչեան Իթանիի Հետ Կը Քննարկէ  Երեւան-Պէյրութ Երկկողմանի Յարաբերութիւնները  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Դեսպան Մկրտչեան Իթանիի Հետ Կը Քննարկէ Երեւան-Պէյրութ Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանիի, ներկայութեամբ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Յակոբ Թէրզեանի, Սահակ Քէշիշեանի եւ Արամ Մալեանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Երեւան-Պէյրութ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս երկու քաղաքապետարաններուն միջեւ ստորագրուած քոյր քաղաքապետարաններ դառնալու համաձայնագիրին շրջագիծին մէջ: Դեսպան Մկրտչեան Իթանիի յանձնեց շնորհաւորական գիր մը` յղուած Երեւանի քաղաքապետէն Պէյրութի իր պաշտօնակիցին: Իր կարգին, Իթանի շնորհակալութիւն...

Յետադարձ Հայեացք`  «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցին

Յետադարձ Հայեացք` «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցին

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ 5-րդ տարին ըլլալով այս տարի սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը: Անցնող 5 տարիներուն «Ազդակ» իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերաւ այս ծրագիրին` իր երիտասարդ աշխատակիցներուն միջոցով: Ժամանակի հեռաւորութենէն նայելով, անոնք յետադարձ հայեացքով կը վերյիշեն «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին մէջ իրենց անցուցած պահերը` իրենց տեսակէտները արտայայտելով դպրոցին մասին: Հրայր Եսայեան «Ազդակ»-ի արդէն...

Ակնարկ.  Էրտողանի Սլաքները

Ակնարկ. Էրտողանի Սլաքները

  Թուրքիոյ մէջ զինուորական չկայացած յեղաշրջումի ուղղութեամբ վաղ է հետեւութիւններ ընելը: Անշուշտ կան բազմաթիւ դիտարկումներ, վերլուծումներ եւ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ, սկսած` բեմականացուած յեղաշրջման տարբերակէն, որուն նպատակը նախագահ Էրտողանի տիրական հաստատումն ու կայացումն է, վերջացած Թուրքիոյ մասնատումը առաջադրող հեռակառավարուող քաոսացման քաղաքականութեամբ: Հայկական կողմը, պաշտօնական հանգամանքները նկատի ունենալով, թէ՛ պետական, եւ թէ հասարակական առումներով զսպուածութեամբ ու երբեմն կրաւորականութեամբ մեղադրուող լռութեամբ, տեղին եւ ակնկալելի...

Դատապարտումի Հեռագիր  Ֆրանսայի Պետութեան

Դատապարտումի Հեռագիր Ֆրանսայի Պետութեան

Նիսի մէջ պատահած ահաբեկչական ոճիրին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անունով, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի դատապարտանքի հեռագիր մը յղեց Ֆրանսայի պետութեան, Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի ճամբով, կատարուած ոճրային արարքը նկատելով ֆրանսացի բարեկամ ժողովուրդին եւ Ֆրանսայի պետութեան դէմ կատարուած ահաբեկչութիւն, միաժամանակ ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերու ընտանիքներուն: Նմանօրինակ դատապարտագիր մը յղուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կողմէ:...

Երեւանի Մէջ Խումբ Մը Զինեալներ Բռնի Ուժով  Մուտք Կը Գործեն Ոստիկանութեան Կեդրոն

Երեւանի Մէջ Խումբ Մը Զինեալներ Բռնի Ուժով Մուտք Կը Գործեն Ոստիկանութեան Կեդրոն

Երէկ առաւօտեան խումբ մը զինուած անձինք մտած են Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք եւ բռնութեան սպառնալիքով պահեցին այնտեղ գտնուող անձերը: Այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) յայտարարութեան մէջ: Միաժամանակ զինեալներուն կողմնակիցները լրատուամիջոցներով եւ ընկերային ցանցերով պարբերաբար ապատեղեկատուութիւն տարածեցին զինեալ ապստամբութեան սկսելու, շէնքեր եւ շինութիւններ գրաւելու մասին: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ...

Զէնքով, Բռնութեամբ, Պատանդներով,  Ահաբեկչութեամբ Հարցեր Պիտի Չլուծուին

Զէնքով, Բռնութեամբ, Պատանդներով, Ահաբեկչութեամբ Հարցեր Պիտի Չլուծուին

Անդրադառնալով ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք բռնութեամբ ներխուժելու դէպքին, «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան ըսաւ. «Այդ մարդիկը երկրին մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններ իրականացնելու ամէնէն սխալ եւ դատապարտելի ձեւը ընտրած են: Ծայրայեղական մտածողութիւնը, ընդհակառակն, կը նուազեցնէ որակական փոփոխութիւններու կարելիութիւնը: Զէնքով, բռնութեամբ, պատանդներով, ահաբեկչութեամբ հարցերը պիտի չլուծուին: «Վստահ եմ, որ անոնք հանրային լայն աջակցութիւն չեն կրնար ունենալ:...

Երիտասարդական Համագումարի Մասնակիցները  Իրազեկ Կը Դառնան Կաթողիկոսարանի  Գործունէութեան Զանազան Երեսներուն

Երիտասարդական Համագումարի Մասնակիցները Իրազեկ Կը Դառնան Կաթողիկոսարանի Գործունէութեան Զանազան Երեսներուն

15 յուլիս 2016-ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եպիսկոպոսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միջթեմական երիտասարդական համագումարի Գ. նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դատին մանրամասնութիւնները: Դատի յանձնախումբի անդամներէն դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան անդրադարձաւ դատի իրաւական աշխատանքներուն, իսկ դատին թողած արձագանգին եւ անցեալ օգոստոսին Սիս այցելած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան չորս անդամներուն փորձառութեան մասին խօսեցաւ Կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական ու լրատուական...

Թուրքիոյ Մէջ Զինուորական  Յեղաշրջումի Փորձը

Թուրքիոյ Մէջ Զինուորական Յեղաշրջումի Փորձը

Երէկ գիշեր ժամը 11:00-ին Պոլսոյ մէջ տիրեց արտակարգ դրութիւն: Հաղորդուեցան Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ լսուող կրակոցներու մասին, որոնց յաջորդեց Պոսֆորի կամուրջի փակման լուրը: Այս իրավիճակին առաջին արձագանգողը եղաւ Թուրքիոյ վարչապետ Պըն Ալի Եըլտըրըմը, որ յայտնեց, թէ Թուրքիոյ մէջ կը կատարուի զինուորական գործողութիւն մը, առանց ընդհանուր հրամանատարութեան արտօնութեան` աւելցնելով, որ տեղի ունեցածը կարելի չէ յեղաշրջումի փորձ մը նկատել: Եըլտըրըմի համաձայն, բանակին...

Նիսի Մէջ Ահաբեկչական Գործողութիւն  Կատարած Եւ Մեծաթիւ Զոհեր Պատճառած  Անձը Թունուզցի Մըն Է

Նիսի Մէջ Ահաբեկչական Գործողութիւն Կատարած Եւ Մեծաթիւ Զոհեր Պատճառած Անձը Թունուզցի Մըն Է

Հինգշաբթի` 14 յուլիս 2016-ը իր ցաւալիութեամբ անջնջելի պիտի ըլլայ Ֆրանսայի պատմութեան մէջ: Արդարեւ, այդ օր կէս գիշերին ճերմակ մեծ բեռնակառք մը խուժեց հազարաւոր մարդոց վրայ, որոնք Նիսի «Փրոմընատ տեզ Անկլէ»-ի հրապարակին վրայ հաւաքուած էին դիտելու համար Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով կատարուող հրավառութիւնը: Ըստ կարգ մը լրատուական տեղեկութիւններու, բեռնակառքը աջ ու ձախ կրակելով յառաջացաւ` խուժելով հաւաքուած մարդոց վրայ: Ոստիկանութիւնը սպաննեց բեռնակառքին...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական  Հեռագիր Յղեց Ֆրանսայի  Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 յուլիսին ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան առնչութեամբ: «Խորապէս ցնցուած եմ երէկ երեկոյեան Նիսի մէջ տեղի ունեցած սարսափելի ոճրագործութենէն, որուն զոհ դարձան տասնեակ անմեղ մարդիկ: «Վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին Ֆրանսան բարբարոսական գործողութիւններու թիրախ կը դառնայ արդէն երրորդ անգամն ըլլալով: Ասոնք հարուածներ են ո՛չ միայն Ֆրանսային, այլ...

Ցաւակցական Ու Զօրակցական  Նամակներ Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսներուն Կողմէ  Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահին

Ցաւակցական Ու Զօրակցական Նամակներ Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսներուն Կողմէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահին

  Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը 15 յուլիսին ցաւակցագիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` 14 յուլիսի գիշերը Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան համար իր վիշտը յայտնելով: «Խստօրէն կը դատապարտենք մարդկային կեանքի դէմ ուղղուած նմանօրինակ անմարդկային ոճրագործութիւնը եւ, յանուն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ, մեր զօրակցութիւնն ու վշտակցութիւնը կը յայտնենք ձեզի, զոհուածներուն ընտանիքներուն ու հարազատներուն եւ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին»,...

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի  Երեք Դասընթացքներու Փակում

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Երեք Դասընթացքներու Փակում

ԺԱՔ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Երէկ` ուրբաթ, 15 յուլիսի յետմիջօրէին Երեւանի պետական համալսարանի Մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի փակման հանդիսութիւնը գլխաւոր երեք ուղղութիւններով` Լրագրողներու վերապատրաստում, Ազգային երգի ու պարի վարպետութիւն եւ Երիտասարդ առաջնորդներու ու համայնքային ղեկավարներու պատրաստում: Դպրոցի միւս երկու ուղղութիւններով` Ուսուցիչներու  վերապատրաստում եւ Հայերէնի արագացուած դասընթացքները պիտի շարունակուին մինչեւ ամսուան վերջ: Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ...

Վերջին Ժամ.  Դժբախտ Դէպք Նիսի Մէջ

Վերջին Ժամ. Դժբախտ Դէպք Նիսի Մէջ

Երէկ ուշ երեկոյեան Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ բեռնատար մեքենայ մը մխրճուած է քաղաքին կեդրոնը հաւաքուած բազմութեան մէջ, որոնք կը նշէին Ֆրանսայի Ազգային տօնը: Պաշտօնական տուեալներով, զոհ գացած է շուրջ 73 քաղաքացի, իսկ 100 ուրիշներ վիրաւորուած են: Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն դէպքը նկատուեցաւ ահաբեկչական:    

Սերժ Սարգսեան Այցելած Է Ֆրանսայի  Դեսպանութիւն Եւ Ուղերձ Յղած  Ֆրանսուա Հոլլանտին

Սերժ Սարգսեան Այցելած Է Ֆրանսայի Դեսպանութիւն Եւ Ուղերձ Յղած Ֆրանսուա Հոլլանտին

Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 յուլիսին այցելած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւն, ուր շնորհաւորած է դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէն, դեսպանութեան աշխատակիցները եւ ի դէմս անոնց` Ֆրանսայի ամբողջ ժողովուրդը: Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ ուրախ է այս առիթով անգամ մը եւս կրկնելու, որ Հայաստան հպարտ է բարեկամ Ֆրանսայի հետ իր առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններով: Հայաստանի նախագահը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման...

Հայաստանի Մէջ Պիտի Սկսին Արտադրուիլ  Զինուորական Գիշերային  Տեսանելիութեան Եւ Ջերմատեսիլ Սարքեր

Հայաստանի Մէջ Պիտի Սկսին Արտադրուիլ Զինուորական Գիշերային Տեսանելիութեան Եւ Ջերմատեսիլ Սարքեր

Հայաստանի կառավարութիւնը «Ունիկում Ինժիներինգ» ընկերութեան տրամադրեց «Ալեանս» ազատ տնտեսական գօտիի «Ռաօ Մարս» ընկերութեան տարածքին մէջ շահագործողի թոյլտուութիւն` ելեկտրոնական եւ ճշգրիտ ճարտարագիտութեան մարզին մէջ գործունէութիւն ծաւալելու համար: Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ ընկերութիւնը կը նախատեսէ ազատ տնտեսական գօտիին մէջ կազմակերպել զինուորական նշանակութեան գիշերային տեսանելիութեան եւ ջերմատեսիլ սարքերու արտադրութիւն: «Կը նախատեսուի, որ ծրագիրի երկրորդ տարին` 2017-ին, արտածման քանակը  կազմէ...

Անճէյ Քասփրչիք Կարեւոր Նկատած Է  Շփման Գիծին Մէջ Իրավիճակի  Կայունութեան Պահպանումը

Անճէյ Քասփրչիք Կարեւոր Նկատած Է Շփման Գիծին Մէջ Իրավիճակի Կայունութեան Պահպանումը

14 յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան հանդիպումներ ունեցած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Այս մասին յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի դիտարկումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Այս պարունակին մէջ անդրադարձ կատարուած է...

ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի  Հրատարակութեան 35-Ամեակը  Նշուեցաւ Մեծ Շուքով

ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի Հրատարակութեան 35-Ամեակը Նշուեցաւ Մեծ Շուքով

Երէկ տօնն էր 35 տարիներ շարունակ լոյս տեսած եւ ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն հասած «Մարզիկ»-ին, որ եղաւ ՀՄԸՄ-ի արդի պատմութիւնը եւ փայլուն անցեալը իրարու կամրջող, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքները անմահացնող պարբերաթերթը: «Մարզիկ»-ի 35-ամեակը հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ 14 յուլիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ` Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ`...

Page 688 of 796 1 … 687 688 689 … 796

Արխիւներ