18 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան մեկնած է Նիւ Եորք` գլխաւորելու Հայաստանի պատուիրակութիւնը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանին: Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ելոյթ պիտի ունենայ Ընդհանուր ժողովի նիստին:
Նախարար Նալբանդեան պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուող շարք մը վեհաժողովներու եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ զանազան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ: