Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Պատգամաւորներու Հետ

September 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

karabagh-aj-91816

16 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամներ Դաւիթ Իշխանեանի եւ Արմէն Սարգսեանի հանդիպումը Մարտունիի ազգաբնակչութեան հետ:

Պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ. «Այսօրուան հանդիպումը կրնաք ընդունիլ իբրեւ ընտրութիւններէն ետք  անցած 1,5 տարուան փուլի հաշուետուութիւն»:

Ան նշեց, որ նախորդ օրերուն հանդիպում ունեցած է հիւանդանոցի ու մանկապարտէզի աշխատակազմերուն հետ: Պատգամաւորը ընդգծեց, որ անցեալ փուլին խմբակցութեան` խորհրդարանին ներկայացուցած օրինագիծերէն մէկը գիւղատնտեսական համագործակցականներու  ստեղծման մասին է, որ մինչեւ հիմա կը մնայ թուղթի վրայ: «Օրէնսդիր մարմինի յաջորդ փաստաթուղթը, որուն մեր խմբակցութիւնը իր համաձայնութիւնը տուած է, 2015-2018 թուականներու կառավարութեան ծրագիրն է: Իսկ կարգ մը հարցերու նկատմամբ ալ, օրինակ` կառավարութեան լճացած համակարգը, խմբակցութիւնը իր բացասական վերաբերմունքը արտայայտած է»:

Անդրադառնալով քաղաքական մարզին` Դաւիթ Իշխանեանը նշեց, որ փորձած են ըլլալ լուրջ դերակատար այնպիսի հարցերու մէջ, օրինակ  Ղարաբաղեան տագնապի եւ Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման հոլովոյթը:

Սփիւռքի մէջ գործող դաշնակցական կառոյցներու միջոցով հանդիպումներ կազմակերպուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւորներու հետ, ապահոված Արցախի պատգամաւորներու մասնակցութիւնը միջազգային հանդիպումներուն, նպաստած միջխորհրդարանական կապերու ստեղծման, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ բարեկամական խումբի ձեւաւորման, ուղղորդած Արցախի խորհրդարանի արձագանգը Միլիցա Մարկովիչի ելոյթին հանդէպ, Լեւոն Հայրապետեանի հանդէպ վերաբերմունքին արձագանգած եւ այլն: Այցելութիւններ կազմակերպուած են դէպի սահմանամերձ Մատաղիս, Տօնաշէն եւ Թալիշ գիւղերը:

Աւարտին պատգամաւորները պատասխանեցին մարտունեցիներուն բարձրացուցած հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին բնակարանային եւ ընկերային մարզերուն:

 

 

Նախորդը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նոր Վարչութիւն

Յաջորդը

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ` 317 Համայնքներու Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.