
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը 15 սեպտեմբերի թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ այս շաբաթասկիզբին կազմուած է 2016-2018 տարիներու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմեն 11 նոր եւ վերանշանակուած կամաւորներ:
Նոր վարչութեան անդամներն են` իրաւաբան Նորա Յովսէփեան (ատենապետ), Հերմինէ Փախանեան (գանձապահ), Սիւզի Ծերունեան-Խանզադեան (քարտուղար), Սթիւ Արթինեան, Սագօ Պէրպէրեան, Պերճ Կարապետեան, Ճոզեֆ Քասքանեան, իրաւաբան Նարեկ Կիտցինեան, իրաւաբան Աշոտ Մուրատեան եւ իրաւաբան Անահիտ Օշական:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անձնակազմի անդամներն են` Էլեն Ասատրեան (գործադիր վարիչ), Թերեզա Երիմեան (կառավարական հարցերու վարիչ), իրաւաբան Հայկ Պաղտասարեան (օրէնսդրական հարցերու գլխաւոր խորհրդական), Սիմոն Մաղաքեան (համայնքային զարգացման համակարգող) եւ Լոռի Սինանեան (ծրագիրներու համակարգող):
«Նոր վարչութիւնը արդէն իսկ աշխուժ կերպով գործի անցած է, լաւապէս դէմ դնելու համար համայնքի մարտահրաւէրներուն, ի խնդիր Հայ դատի պաշտպանութեան: Նոր վարչութեան մաս կը կազմեն նուիրեալ եւ փորձառու կամաւորներ, որոնք տարբեր մարզերու մէջ իրենց ապահոված արհեստավարժ փորձառութիւնները պիտի դնեն ի սպաս մեր նպատակներու իրագործման եւ մեր համայնքի ուժականութեան հզօրացման», կը յայտնէ ատենապետ Նորա Յովսէփեան:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.ancawr.org կայքը կամ facebook.com/ANCAWesternRegion էջը:


