Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիշքեքի Մէջ. «Մեր Առջեւ Դրուած Խնդիրն Է Նոր Խթան Հաղորդել Հայաստանի Տնտեսութեան Զարգացման»

Սեպտեմբեր 17, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

abh-3_91616

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Պիշքեքի մէջ կը մասնակցի ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին, որ տեղի կ՛ունենայ նախագահներու եւ ԱՊՀ գործադիր կոմիտէի նախագահին մասնակցութեամբ նեղ, ապա նաեւ պաշտօնական պատուիրակութիւններու ներկայութեամբ` ընդլայնուած կազմով:

Պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ նոր մարտահրաւէրներուն ու սպառնալիքներուն հակազդեցութեան վերաբերող աւելի քան տասնեակ մը հարցեր, ապա ստորագրուած են փաստաթուղթեր` տարբեր մարզերու վերաբերող:

Որոշուած է, որ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներուն յաջորդ վեհաժողովը տեղի ունենայ 2017-ին, Մոսկուայի մէջ, իսկ ԱՊՀ նախագահութիւնը այն ատեն պիտի փոխանցուի Ռուսիոյ:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհուրդի նեղ կազմով նիստի ընթացքին արտասանած է իր խօսքը` անդրադառնալով այն իրողութեան, որ այս տարի թէ՛ ԱՊՀ-ի, եւ թէ՛ անոր անդամ երկիրներու 25-ամեակը կը նշուի` հաստատելով, որ այդ տարիներուն ԱՊՀ-ն եղած է կարեւոր միջպետական ձեւաչափ` օժանդակելով գտնելու պատասխան այն բարդ հարցերուն, որոնց բախած են այդ երկիրները 90-ականներուն սկիզբը: «Համագործակցութիւնը նպաստած է յետխորհրդային տարածքին մէջ տնտեսական, մարդասիրական, քաղաքական եւ այլ կապերու պահպանման, ունեցած է իր ներդրումը մեր երկիրներուն մէջ պետականաշինութեան ընթացքին եւ անոնց հետագայ զարգացման առումով:  Բնականաբար, բոլոր ակնկալութիւնները չարդարացուեցան, ոչ ալ բոլոր հարցերը ստացան պատշաճ լուծում: Ատիկա մասնակիօրէն պայմանաւորուած է նաեւ Համագործակցութեան դերին եւ ապագայի նկատմամբ մասնակից պետութիւններու մօտեցումներու տարբերութիւններով», դիտել տուած է նախագահը:

Անոր համաձայն, այս առիթով պէտք է համագործակցութեան 25-ամեայ փորձառութիւնը իմաստաւորել, անոր գործունէութեան անկողմնակալ անաչառ վերլուծումը կատարել, եւ այս առումով ԱՊՀ հետագայ զարգացման ուղենիշները սահմանել, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, բազմակողմանի համագործակցութեան նոր ազդակներու հաղորդման գծով աշխատանք տանիլ:

Հայաստանի նախագահը լուսարձակի տակ առած է այն իրողութիւնը, որ ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստը կը կայանայ միջազգային եւ շրջանային արագ փոփոխուող միջավայրի մէջ` լարուածութեան աճ, ահաբեկչական խմբաւորումներու գործունէութեան աշխուժացում, տնտեսական անկայունութեան բարձր մակարդակ եւ գաղթականութեան ճգնաժամ: Ան յոյս յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը շուտով կարելի ըլլայ կասեցնել` ողջունելով այս առումով Ռուսիոյ դերակատարութիւնը, նաեւ դիտել տալով, որ Սուրիոյ մէջ մարդկային մեծ աղէտ կայ:

Ապա ան խօսած է ղարաբաղեան տագնապին մասին` յատկապէս անդրադառնալով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, որուն ընթացքին արձանագրուեցան ո՛չ միայն մարտական կորուստներ, այլ նաեւ անմեղ բնակիչներ զոհուեցան:

«Ես կ՛անդրադառնամ այս հարցին, քանի որ ճիշդ հոս` Պիշքեքի մէջ ստորագրուած է զինադադարի արձանագրութիւնը, որ հիմնուած էր 15 ապրիլ 1994-ի ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի յայտարարութեան դրոյթներուն վրայ: Այսինքն, ԱՊՀ պետութիւնները որոշ չափով եւ առումով այս անժամկէտ համաձայնութեան իրականացման երաշխաւոր կը հանդիսանան, եւ կ՛արձանագրեն տագնապին ամբողջական լուծման ձեռքբերման անհրաժեշտութիւնը բացառապէս քաղաքական միջոցներով:

«Մենք միշտ յստակ արտայայտած ենք մեր դիրքորոշումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու դիրքորոշման համահունչ. այն է` տագնապին լուծումը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով` հիմնուած միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ խելամիտ փոխադարձ փոխզիջումներու վրայ, կ՛ընդգծեմ` փոխադարձ փոխզիջումներ», ըսած է նախագահը:

Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն, նաեւ յիշեցուցած է Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ  ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման կարեւորութիւնը: «Մենք կ՛առաջնորդուինք անով, որ վերոնշեալ պայմանաւորուածութիւններու հետեւողական իրագործումը պիտի ստեղծէ համապատասխան մթնոլորտ բանակցային հոլովոյթի յառաջխաղացման համար», հաստատած է ան:

Անդրադառնալով Հայաստանի անկախութեան 25 տարիներուն` նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է. «Մեր երկիրները կը գտնուին պետական կառավարման համակարգի հետեւողական ամրապնդման հոլովոյթին մէջ: Հայաստանի համար ասիկա իրաւունքի գերակայութեան ապահովման, կառավարման համակարգի կատարելագործման, տնտեսութեան զարգացման, դատական համակարգի անկախութեան բարձրացման, քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդման, ազատ մամուլի աջակցութեան ուղին է: «Այս կառոյցներու դերակատարութեան ամրապնդման եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով մենք անցեալ տարի կայացուցինք Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէ: Սահմանադրութեան նոր տարբերակին մէջ կը պահպանուի իշխանութեան ճիւղերու իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու միջեւ հաւասարակշռութիւնը. ապահովուած է մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու անվտանգութեան աւելի բարձր մակարդակը, կ՛աւելնայ հասարակական, ստեղծագործական, մասնագիտական եւ քաղաքական միաւորումներու դերը: Հայաստանը կ՛անցնի կիսանախագահականէն խորհրդարանական կառավարման ձեւի:

«Այս շաբաթ, մեր անկախութեան 25 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը եւ ընդդիմութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան մասնակցութեամբ, Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու առնչութեամբ կայացուցած են համաձայնութիւն: Պիտի կիրարկուին ընտրական հոլովոյթի հսկողութեան աւելի թափանցիկ մեքանիզմներ, պիտի խստացուի ընտրութիւններու կազմակերպման եւ գործադրութեան ընթացքին ապօրինի գործողութիւններուն համար քրէական պատասխանատուութիւնը: Պիտի ներդրուին ընտրողներու նոյնականացման եւ արձանագրութեան թուային համակարգեր: Վստահ եմ, որ այս բոլորը պիտի նպաստեն ընտրական հոլովոյթի հանդէպ հասարակական վստահութեան մակարդակի բարձրացման, կարելիութիւն պիտի տան ապահովելու միջազգային չափանիշներուն համապատասխան ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կայացում: Արդէն քանի մը ամիսէն Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ուղարկէ համապատասխան հրաւէրներ բոլոր գործընկերներուն` միջազգային դիտորդական առաքելութիւններուն մասնակցելու նպատակով, որոնց կարգին` ԱՊՀ-ի առաքելութեան ձեւաչափով:

«Այս օրերուն Հայաստանի մէջ կը կազմուի նոր կառավարութիւն: Մեր առջեւ դրուած խնդիրն է` նոր խթան հաղորդել Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, բազմացնել տնտեսական աճի ծաւալները, շարունակել ճիգերը` աւելցնելու հայկական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտածումը», եզրափակած է նախագահը:

Նախորդը

Ռուստամեան. «Վարչապետը Չի Կրնար Անտեսել Համաձայնական Յուշագիրը»

Յաջորդը

«Պէտք Է Անհատական Ունակութիւնները Վերածել Հաւաքական Արդիւնաւէտ Ուժականութեան» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?