18 սեպտեմբերին Գեղարքունիքի մարզի Մարտունիի շրջանին մէջ գտնուող Արմաղա լերան ստորոտին տեղի ունեցած երդման արարողութեամբ 48 անդամներ համալրած են ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը, 40-ը` ՀՅԴ Մարտունիի «Տալուորիկ» կոմիտէութեան:
Տեղին ընտրութիւնը պատահական չէր: Արմաղա լերան վրայ գտնուող Քարանձաւ թաքստոցին մէջ 1920-30 թուականներուն գումարուած են Դաշնակցութեան Մարտունիի ընդյատակեայ գործունէութիւն ծաւալող «Լեռնային կոմիտէ» կառոյցին ժողովները:
Արմաղայի լանջերուն կը հնչէր ազգային երգը: Բոլորը հիացած էին յատկապէս Ծովինար համայնքին մէջ գործող մանկապատանեկան «Ծովինար» ազգագրական պարերու համոյթի կատարումներով: Համոյթի կազմաւորման նպաստած է նաեւ «Տալուորիկ» կոմիտէն` Ծովինարի «Օձաբերդ» խումբի ընկերներուն նախաձեռնութեամբ: