Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ` 317 Համայնքներու Մէջ

Սեպտեմբեր 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

elections_91816

Հայաստանի Հանրապետութեան Արագածոտնի, Արարատի, Արմաւիրի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերու 317 համայնքներու մէջ երէկ` կիրակի, 18 սեպտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ:

Նշուած համայնքներէն 22-ին մէջ տեղի ունեցան միայն համայնքի ղեկավարի ընտրութիւններ, 80 համայնքի մէջ` միայն աւագանիի անդամի ընտրութիւններ, իսկ 215 համայնքի մէջ միաժամանակ տեղի  ունեցան համայնքի ղեկավարի եւ աւագանիի անդամի ընտրութիւններ:

Սահմանուած ժամկէտին մէջ իբրեւ համայնքի ղեկավարի թեկնածու առաջադրուած էր 571 քաղաքացի, որոնցմէ 19-ը մինչեւ թեկնածուներու արձանագրութիւնը յետս կոչած էին իրենց թեկնածութիւնը: Իբրեւ  աւագանիի անդամի թեկնածու առաջադրուած 2 հազար 842 քաղաքացիներէն արձանագրութեան փաստաթուղթերը քաշած են 17-ը:

24 օգոստոս 2016-ին` ժամը 18:00-ին, լրացած էր թեկնածուներու արձանագրութեան ժամկէտը: Սահմանուած ժամկէտին մէջ համայնքի ղեկավարի 552 առաջադրուած թեկնածուներէն արձանագրուած են 548-ը. ընտրատարածքային ընտրական յանձնախումբերու կողմէ համայնքի ղեկավարի 4 թեկնածուներու արձանագրութիւնը մերժուած էր  արձանագրութեան փաստաթուղթերուն թերի ըլլալուն հիմքով: Աւագանիի անդամի բոլոր 2 հազար 825 առաջադրուած թեկնածուները արձանագրուած են:

Հայաստանի Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն եւ Օրինաց երկիր կուսակցութիւններուն կողմէ նշանակումներ կատարուած էին բոլոր 541  տեղամասային ընտրական յանձնախումբերուն մէջ: Հայ ազգային քոնկրես կուսակցութիւններու դաշինքին կողմէ նշանակումներ չէին  կատարուած 36 տեղամասային ընտրական յանձնախումբերու մէջ, իսկ Ժառանգութիւն կուսակցութեան կողմէ` մէկ տեղամասային ընտրական յանձնախումբի մէջ:

Երէկ երեկոյեան Հայաստանի լրատուամիջոցները հաղորդեցին, թէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը հաղորդած է, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու  քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը ժամը 20:00-ի դրութեամբ 319.916 կամ 49.42 առ հարիւր եղած է:

Ժամը 20:00-ին փակուած են բոլոր ընտրատեղամասերը, եւ սկսած է  քուէներու հաշուարկը:

Նշենք, որ ըստ հայաստանեան շարք մը լրատուամիջոցներու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած են բազմաթիւ ընտրական խախտումներ:

Ուշ երեկոյեան «Երկիր»-ը փոխանցեց, թէ Արագածոտնի մարզի Ուջան համայնքին մէջ յայտարարուած են ընտրութիւններուն  արդիւնքները. համայնքապետ ընտրուած է ՀՅԴ-ական Նայիրի Կիրակոսեան:

Իսկ Արագածոտնի մարզի Արտաշաւան, Կաքաւաձոր եւ Կաթնաղբիւր համայնքներուն մէջ նոյնպէս աւարտած են համայնքի ղեկավարի ընտրութիւններու քուէաթերթիկներու հաշուարկը: Նշեալ շրջաններուն մէջ յաղթած են ՀՅԴ-ական թեկնածուները. Արտաշաւան` Ղազար Կարապետեան, Կաքաւաձոր` Հայկ Բաղդասարեան, իսկ Կաթնաղբիւր` Աշոտ Յովհաննիսեան:

Նշենք, որ Կաքաւաձորի մէջ յաղթած թեկնածուի մրցակից գործող ՀՀԿ-ական գիւղապետ Սերիոժա Մուրատեան շուրջ 17 տարիէ ի վեր կը ղեկավարէր գիւղը:

 

Նախորդը

Հանդիպում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Պատգամաւորներու Հետ

Յաջորդը

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Մեկնած Է Միացեալ Նահանգներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?