Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Վարչապետը Չի Կրնար Անտեսել Համաձայնական Յուշագիրը»

September 17, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_90916

16 սեպտեմբերին խորհրդարանական ճեպազրոյցներուն ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անդրադարձած է Կարէն Կարապետեանի վարչապետ ընտրութենէն ետք կառավարութեան գումարած անդրանիկ նիստին ընթացքին արձանագրուած դէպքերուն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ, Դաշնակցութեան կարծիքով, ՀՀԿ-ի անդամ չհանդիսացող նոր վարչապետը ի՞նչ ծրագիրով պիտի աշխատի` Սերժ Սարգսեանի նախընտրակա՞ն, ՀՀԿ-ի նախընտրակա՞ն, թէ՞ իր սեփական ծրագիրով, Ռուստամեան ըսած է. «Կը կարծեմ, որ Կարէն Կարապետեանը չի կրնար անտեսել եղած ծրագիրները: Կայ համաձայնական յուշագիր, որ կ՛անդրադառնայ ներքին կեանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն, սահմանուած են յստակ քայլեր ու ուղղութիւններ: Եւ այդ բոլորը կրնան հիմք հանդիսանալ կառավարութեան նոր ծրագիրի մը համար: Վարչապետը չի կրնար այդ ամէնը մէկ կողմ դնել եւ գրել ծրագիր մը, որ կապ չունի այդ համաձայնական յուշագիրին հետ»:

Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը պահանջկոտութենէ չի վախնար, ընդհակառակն` կը քաջալերէ, բայց կ՛ուզէ, որ ատիկա ըլլայ հետեւողական: «Եթէ վարչապետը պահանջկոտ է, ատիկա միայն ողջունելի է: Մենք մեր նախարարներուն չենք ըսեր, որ` դուք պիտի երթաք կառավարութիւն ու պաշտպանուած էք, քանի որ դաշնակցական էք: Մեր նախարարները նախ եւ առաջ պաշտպանուած պէտք է ըլլան  իրենց գործով ու մասնագիտական կարողութիւններով: Պահանջկոտութիւնը կ՛ողջունենք, բայց ատիկա պէտք չէ դուրս գայ  ռազմավարութեան ընդհանուր տրամաբանութենէն: Եւ ուրեմն` կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին ու վարչապետին, որ մենք իրարու հետ խօսինք հայեցակարգուած, ռազմավարութեան ու մարտավարութեան յստակ դրոյթներու շուրջ», ըսած է Ռուստամեան:

Վարչապետին կողմէ ազատօրէն քատրային քաղաքականութիւն վարելու իրաւունքին անդրադառնալով` ան դիտել տուած է, որ ազատութիւնը գիտակցուած անհրաժեշտութիւն է եւ չի կրնար սանձարձակութիւն ըլլալ, այլ նախօրօք ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մէջ տեղաւորուելու կարողութիւն` այս պարագային:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ մարդուժի բացակայութի՞ւն ունի Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ նոր վարչապետը յայտարարած է, որ ամէնուր գոյութիւն ունի մարդուժի պակաս` Արմէն Ռուստամեան ըսած է. «ՀՅԴ-ն կառավարական ամբողջ վարչակազմին համար ալ մարդուժ  ունի»:

Անդրադառնալով վարչապետին այն յայտարարութեան, որ կախարդական փայտիկ չկայ, Ռուստամեան ըսած է. «Բայց կախարդական փայտիկ կա՞յ: Եթէ մենք ապրէինք հեքիաթներու  աշխարհի մը մէջ, այո՛, ոչ մէկ խնդիր կ՛ունենայինք, բայց իրական կեանքը ուրիշ է: Կախարդական փայտիկ մի՛ ուզէք այն պարզ պատճառով, որ անիկա գոյութիւն չունի: Վարչապետը ճիշդ կ՛ըսէ, ազնիւ կ՛ըսէ, քանի որ կը գիտակցի խնդիրներու տարողութեան: Ես կը գնահատեմ անոր այդ յայտարարութիւնը, որ տնտեսութեան վիճակը շատ ծանր է»:

 

 

 

Նախորդը

Փոփոխութիւններ` Կառավարութեան Աշխատակազմին Մէջ

Յաջորդը

Պիշքեքի Մէջ. «Մեր Առջեւ Դրուած Խնդիրն Է Նոր Խթան Հաղորդել Հայաստանի Տնտեսութեան Զարգացման»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.