Գլխաւոր լուրեր

12-րդ Օրն Ըլլալով Երեւանի Մէջ Լարուածութիւնը  Կը Շարունակուի` Ոստիկանութեան Պարեկապահակային  Ծառայութեան Գունդի Տարածքի Գրաւման Հարցով

12-րդ Օրն Ըլլալով Երեւանի Մէջ Լարուածութիւնը Կը Շարունակուի` Ոստիկանութեան Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Տարածքի Գրաւման Հարցով

Ցուցարարներուն Երթը Կասեցաւ Անձրեւին Պատճառով 28 յուլիսի երեկոյեան անձրեւին պատճառով  Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած եւ Բաղրամեան պողոտային սկզբնաւորութիւնը փակած ցուցարարները չկրցան իրենց ծրագիրը իրականացնել: Ժառանգութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արմէն Մարտիրոսեան յայտարարեց, որ իրենց նպատակն էր նախ նստացոյց կատարել Բաղրամեան պողոտային սկիզբը, ապա երթով ուղղուիլ Խորենացի փողոց: Առաջին մասը կատարած են, սակայն անձրեւին պատճառով չեն կրցած ուղղուիլ դէպի Խորենացի: Ան ըսաւ, որ,...

Սպանիոյ Ալիքանթէ Քաղաքը Պաշտօնապէս  Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Սպանիոյ Ալիքանթէ Քաղաքը Պաշտօնապէս Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Սպանիոյ Ալիքանթէ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Խորհուրդին մէջ քննարկումներու ընթացքին ելոյթ ունեցած են այնտեղ ներկայացուած բոլոր կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները, որոնք կարեւոր նկատած են Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ անոր կանխարգելիչ նշանակութիւնը: Մասնաւորաբար «Քոմփրոմիս» քաղաքական խմբակցութեան ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սուրիահայ  Գաղութը Պիտի Գոյատեւէ Եւ Բարգաւաճի»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սուրիահայ Գաղութը Պիտի Գոյատեւէ Եւ Բարգաւաճի»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Սուրիոյ ծովեզերեան շրջաններ տուած հովուապետական այցելութիւնը սկսաւ Լաթաքիայէն: Վեհափառ հայրապետը Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն, ապա եկեղեցւոյ կից` «Արարատ» սրահէն, հաւաքուած բազմութեան փոխանցեց իր հովուապետական օրհնութիւնը, ապա շեշտեց, թէ` «հարիւր տարիներ առաջ երբ հայը Թուրքիոյ մէջ մահ ու կոտորած տեսաւ, ապա Սուրիոյ մէջ գտաւ եղբայրական սէր ու համերաշխ գոյակցութիւն: Սուրիահայ գաղութը կապուած է իր...

Մայր Թերեզա Կալկաթացի Պիտի Սրբադասուի.  Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան` Հայաստանի Մայր Թերեզան

Մայր Թերեզա Կալկաթացի Պիտի Սրբադասուի. Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան` Հայաստանի Մայր Թերեզան

4 սեպտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս պապը Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի նախագահէ Մայր Թերեզա Կալկաթացիի սրբադասման արարողութեան: Նշենք, որ Մայր Թերեզա Կալկաթացին մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայ կաթողիկէ մայրապետ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի վրայ, որ իր կարգին ճանչցուած է իբրեւ Հայաստանի Մայր Թերեզան: 1945-ին Հալէպի մէջ ծնած եւ ապա Սուրիոյ եւ Պէյրութի մէջ ապրած քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, 20 տարեկանին անդամակցած էր...

Ակնարկ.   Փութին – Էրտողան Հանդիպում.  Պարտադրուած Մերձեցում

Ակնարկ. Փութին – Էրտողան Հանդիպում. Պարտադրուած Մերձեցում

  9 օգոստոսին Փեթերսպուրկի մէջ տեղի կ՛ունենայ Փութին- Էրտողան հանդիպումը: Այս հանդիպումը սպասելի էր գրեթէ մէկ տարի տեւած խզուած ընդհատումէ ետք: Ռուսական զինուորական օդանաւի հարուածէն  ետք ստեղծուած լարուած իրավիճակի պարունակին մէջ արձանագրուող պարանաձգութեան խաղը աւարտած է: Նախ` օդանաւը իմանալո՞վ, թէ՞ չիմանալով խփուած է, յետոյ  Թուրքիոյ օդային սահմանը  հատա՞ծ է, թէ՞ չէ հատած, ապա Էրտողանը ցաւակցութի՞ւն, թէ՞ ներողութիւն ըսած է, գրաւո՞ր...

Անորոշութիւնը Կը Մնայ Տիրական`  Պարեկապահակային Ծառայութեան  Գունդի Տարածքի Գրաւման Հարցով

Անորոշութիւնը Կը Մնայ Տիրական` Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Տարածքի Գրաւման Հարցով

Հաւաքը Փոխադրուեցաւ Ազատութեան Հրապարակ Պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին գրաւուած ոստիկանական շէնքին կից` Խորենացի փողոցին մօտ 27 յուլիսին հաւաքուած քաղաքացիները մէկ առ մէկ բերման ենթարկուեցան ոստիկանութեան կողմէ, սակայն անոնք աւելի ուշ ազատ արձակուեցան: Բերման ենթարկուածներու շարքին էին Ալեք Ենիգոմշեան, Դաւիթ Սանասարեան եւ Լեւոն Բարսեղեան: Բերման ենթարկուելէ առաջ Ալեք Ենիգոմշեան փոխանցած է Համակարգող խորհուրդին որոշումը Խորենացիի փողոցէն հաւաքը Ազատութեան հրապարակ փոխադրելու:  Պարոյր...

Լիզպոնի Գործողութեան 33-Ամեակի  Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Լիզպոնի Գործողութեան 33-Ամեակի Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ,   երէկ` չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2016, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 33-ամեակի ոգեկոչում: Տարեցն ու երիտասարդը, պատանին ու փոքրը խիտ շարքերով համախմբուած էին Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն` յարգանքի տուրք մատուցելու Լիզպոնի հինգ նահատակ հերոսներու յիշատակին: Բոլոր ներկաները նախ ուղղուեցան Լիզպոնի հերոսներուն դամբարանը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:...

Լէյլա Սոլհ-Համատէ Դարձաւ Ազգային  Առաջնորդարանին Հիւրը Եւ Հաստատեց. «Հայերը Լիբանանի Մէջ Հիւրեր Չեն,  Անոնք Մեր Եղբայրներն Են»

Լէյլա Սոլհ-Համատէ Դարձաւ Ազգային Առաջնորդարանին Հիւրը Եւ Հաստատեց. «Հայերը Լիբանանի Մէջ Հիւրեր Չեն, Անոնք Մեր Եղբայրներն Են»

Երէկ` չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2016-ին, «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ  յատուկ առաքելութեամբ այցելեց ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տունը, որմէ ետք ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարան եւ վերջապէս ներկայ գտնուեցաւ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ`  ի պատիւ իրեն կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթին, Լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ, առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՔԱՀԼ-ի  մուտքին Լէյլա...

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական7-րդ Համագումարի Բացում

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական7-րդ Համագումարի Բացում

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ 27-էն 31 յուլիս 2016 տեղի կ’ունենայ Համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական 7-րդ համագումարը Երեւանի մէջ: Համագումարին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ 27 յուլիսին, կը մասնակցին 18 երկիրներէ 28 բարձրաստիճան խմբապետներ, ինչպէս նաեւ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան խմբապետը: Համագումարին կը մասնակցին նաեւ երկու օժանդակ խմբապետներ: Համագումարին բացումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, «Կովկաս» պանդոկին մէջ: Ներկայ էին...

Խմբագրական.   Լիզպոնի Անհամեմատելիութիւնը

Խմբագրական. Լիզպոնի Անհամեմատելիութիւնը

Ժամանակակից հասարակական բաց համակարգը ամէն ինչ քննարկելի դարձնելու ոչ միայն հակամէտութիւնը ունի, այլ նաեւ լիարժէք կը տրամադրէ գործնական միջոցները: Մարդիկ իրենց մտքով անցածը, երեւակայածը կամ ցանկալի մտածողութիւնը կայծակնային արագութեամբ կը հրապարակայնացնեն եւ նոյն արագութեամբ ալ կը ստանան արձագանգումներ` իրենց տեսակէտէն աւելի հեռու գացողներ կամ սուր կերպով հակադրուողներ: Եւ «քննարկում»-ը կը շարունակուի այս ձեւով: Խումբ մը մարդոց խօսակցութիւնն է, որ ըստ...

Պարեկապահակային Ծառայութեան  Գունդի Գրաւման 10-րդ Օրուան Ընթացքին.  Ոստիկանութիւնը Յարձակում Գործեց Կեդրոնին Վրայ. Զինեալ Խումբէն Երկու Հոգի Յանձնուեցան,  Պաւել Եւ Արամ Մանուկեանները` Վիրաւոր

Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Գրաւման 10-րդ Օրուան Ընթացքին. Ոստիկանութիւնը Յարձակում Գործեց Կեդրոնին Վրայ. Զինեալ Խումբէն Երկու Հոգի Յանձնուեցան, Պաւել Եւ Արամ Մանուկեանները` Վիրաւոր

Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան յայտնած է, որ պարեկապահակային ծառայութեան  գունդի տարածքին մէջ իրաւապահներուն յանձնուած են զինուած խումբի անդամներ Գագիկ Եղիազարեանն ու Արամ Յակոբեանը: «Տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է իրաւապահներէն մէկը, ինչպէս նաեւ Պաւել Մանուկեանն ու անոր որդին`  Արամը: Երեքն ալ անմիջապէս տեղափոխուած են հիւանդանոց: Այս պահուն հրաձգութիւնը...

337 Երեսփոխաններ Եգիպտոսի  Խորհրդարանին  Ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը  Ճանչցող Բանաձեւ Մը

337 Երեսփոխաններ Եգիպտոսի Խորհրդարանին Ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը

Եգիպտական «Պալատ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի խորհրդարանի մշակոյթի եւ տեղեկատուութեան յանձնախումբի անդամ Մուսթաֆա Պաքրի խորհրդարանին ներկայացուցած է իր եւ 336 այլ երեսփոխաններու կողմէ ստորագրուած բանաձեւ մը, որ խորհրդարանէն կը պահանջէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ այլ պետութեանց կոչ կ՛ուղղէ իրաւական անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու` միջազգային ընտանիքին կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Պաքրի իր դիմումին մէջ կ՛աւելցնէ, որ պէտք...

Հիւսիսային Ֆրանսայի Մէջ Ահաբեկչական  Յարձակում` Եկեղեցւոյ Մը Դէմ

Հիւսիսային Ֆրանսայի Մէջ Ահաբեկչական Յարձակում` Եկեղեցւոյ Մը Դէմ

Հիւսիսային Ֆրանսայի Ռուեն քաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ երկու զինեալ մարդիկ պատարագի ժամանակ մուտք գործելով Սանթ Էթիեն տիւ Ռուվրէ եկեղեցին պատանդ բռնեցին 84 տարեկան Ժաք վրդ. Համելը եւ չորս ուրիշներ: Անոնք հետագային սպաննեցին վարդապետը` մորթելով զայն: Հետագային ոստիկանութիւնը պաշարեց եկեղեցին, ապա արագ միջամտութիւն մը կատարելով սպաննեց երկու զինեալները: ՏԱՀԵՇ-ի առնչակից «Աամաք» կայքը հաղորդեց, որ յարձակումը գործած են «Իսլամական պետութեան երկու զինուորներ»:...

Սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս Մասնաճիւղի  Տարեկան Բանակումը

Սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակումը

Կիրակի, 24 յուլիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի տարեկան բանակումի բացման արարողութիւնը, Ըրնէյիլ-Սալիմա շրջանին մէջ: Ուրբաթ, 22 յուլիս 2016-էն սկսեալ, մասնաճիւղի խմբապետական եւ աստիճանաւորական կազմերը, խումբերու բաժնուած, պատրաստեցին բանակավայրի մուտքը, դրօշակի կայմը, խոհանոցը, լուացարանները եւ լարեցին մոկլիներուն վրանները: Չորեքշաբթի, հինգշաբթի, ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը բանակավայր պիտի հասնին գայլիկները, արծուիկներն ու մոկլիները: Բանակումին ընթացքին խումբերը պիտի ունենան...

9-րդ Օրն Ըլլալով Ոստիկանութեան Պարեկապահակային  Ծառայութեան Գունդի Կեդրոնը Կը Մնայ Գրաւուած

9-րդ Օրն Ըլլալով Ոստիկանութեան Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Կեդրոնը Կը Մնայ Գրաւուած

Խորենացի Փողոցէն Երթ. Փոխադրամիջոցի Հրկիզում Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդին յարակից տարածքէն` Խորենացի փողոցէն 25 յուլիսի երեկոյեան սկսած հերթական հաւաքը շարունակուեցաւ երթով: Հանրահաւաքի երթուղիին մասին յայտարարեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան: Երթին մասնակիցները շարժեցան Նար Դոսի, Վարդանանց փողոցով դէպի Սախարովի անուան հրապարակ, հոնկէ թեքեցան աջ` դէպի Նալբանդեան փողոց, այնուհետեւ Նալբանդեան-Թումանեան քառուղիէն մասնակիցները ընթացան դէպի Աբովեան փողոց, ապա` Հանրապետութեան հրապարակ: Հանրապետութեան...

Լեւոն Մկրտչեան. «Նախադէպը  Կրնայ Քայքայել Պետութիւնները»

Լեւոն Մկրտչեան. «Նախադէպը Կրնայ Քայքայել Պետութիւնները»

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան  Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի գրաւման շուրջ ստեղծուած տագնապը լուծելու նախադրեալներ կը տեսնէ: Պատանդներու ազատ արձակումը եւ շարունակուող բանակցութիւնները Լեւոն Մկրտչեանին յոյս ներշնչած են, որ Հայաստանի մէջ արդէն 9-րդ օրը շարունակուող տագնապը կը լուծուի: «Պատասխանատուութիւն կայ մեր ժողովուրդի բոլոր շերտերուն մէջ, նոյնիսկ այն շերտերը, որոնք, ըսենք, շատ քաղաքական փորձառութիւն կամ գիտելիքներ...

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահութեան  Թեկնածուները Արտայայտուած Դիրքորոշում Ունին  Հայկական Հարցերու Վերաբերեալ

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահութեան Թեկնածուները Արտայայտուած Դիրքորոշում Ունին Հայկական Հարցերու Վերաբերեալ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի պաշտօնի թեկնածուներ` Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Թիմ Քէյն եւ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Մայք Փենս հայկական հարցերու վերաբերեալ դիրքորոշում ունին: Քէյն տարիներ շարունակ աջակցած է Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն կողմէ հայկական հարցերու արծարծման ու լուծման: Ան եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակից` իբրեւ Ռիչմընտի քաղաքապետ, ապա Վըրճինիայի նահանգապետ ընտրուելուն առաջին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Թէոդորոս Բ. Պատրիարքը Ներկայացնող  Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Թէոդորոս Բ. Պատրիարքը Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը

Երկուշաբթի, 25 յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թէոդորոս Բ. պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին հայր Ռուէյս Օրաշալիմի, պատրիարքի խորհրդական դոկտ. Կրկես Սալեհ եւ Լիբանանի ղպտի համայնքի ներկայացուցիչը: Հանդիպման սկիզբը դոկտ. Սալեհ վեհափառ հայրապետին յանձնեց ղպտի պատրիարքին կողմէ առաքուած անձնական նամակ մը: Վեհափառ հայրապետը բարի գալուստ...

Զօր. Վիթալի Բալասանեանի Հետ  Բանակցութիւններուն Շնորհիւ.  Բոլոր Պատանդները Ազատ Արձակուեցան

Զօր. Վիթալի Բալասանեանի Հետ Բանակցութիւններուն Շնորհիւ. Բոլոր Պատանդները Ազատ Արձակուեցան

Արցախի հերոս, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վիթալի Բալասանեանի միջնորդութեամբ, 23 յուլիսին հանդիպում տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գ. Կուտոյեանի եւ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւած անձերուն միջեւ: Հանդիպումէն անմիջապէս ետք երկու պատանդներ ազատ արձակուեցան: «Որոշում տրուած է ազատ արձակել պատանդները` պայմանով, որ ստեղծուի մամուլի կէտ: Շարքային երկու ոստիկաններ առանց որեւէ պայմանի ազատ արձակուած են: Հիմա գործընթաց կը...

Դատապարտումի Հեռագիր  Ֆրանսայի Պետութեան

Դատապարտումի Հեռագիր` Գերմանիոյ Պետութեան

Միւնիխի մէջ պատահած ոճիրին առիթով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ օր Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութի ճամբով դատապարտումի հեռագիր մը յղեց Գերմանիոյ պետութեան` դատապարտելով ոճրային քստմնելի արարքը, միաժամանակ ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերու ընտանիքներուն: Նմանօրինակ դատապարտագիր մը յղուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կողմէ:

Page 686 of 796 1 … 685 686 687 … 796

Արխիւներ