Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցած Է  Բրիտանիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյին

Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Բրիտանիոյ Վարչապետին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյին` Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին առիթով, որ բազմաթիւ անմեղ զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ դարձած է: «Այս դժուար պահուն իմ զօրակցութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, Բրիտանիոյ  բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն` մաղթելով ուժ եւ ոգիի տոկունութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում: «Մենք խստօրէն կը դատապարտենք նման ստոր, անմարդկային գործողութիւնները...

Երեսփոխան Բագրատունի Ցաւակցութիւն  Յայտնեց Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին

Երեսփոխան Բագրատունի Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին Նամակ Մը Յղելով Դատապարտեց Լոնտոնի Մէջ Կատարուած Յարձակումը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրին` դատապարտելով Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումը: Բագրատունի իր նամակին մէջ նաեւ խոր ցաւ յայտնեց արձանագրուած անմեղ զոհերուն համար: Դեսպանին ցաւակցութիւն յայտնելու կողքին, ան շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց այս նորագոյն ահաբեկչական յարձակումին ընթացքին արձանագրուած բազմաթիւ վիրաւորներուն:...

Բաբլոյեան. «4 Յունիսը Ազրպէյճանի Յարձակումի Զոհ 12-ամեայ Վաղինակի Յիշատակին Օրն Է»

Բաբլոյեան. «4 Յունիսը Ազրպէյճանի Յարձակումի Զոհ 12-ամեայ Վաղինակի Յիշատակին Օրն Է»

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է. «ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին որոշումով 4 յունիսին կը նշուի յարձակողապաշտութեան զոհ դարձած անմեղ երեխաներու միջազգային օրը: «Անցեալ տարի ապրիլին Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումին ընթացքին հրթիռահրետակոծութեան պատճառով դպրոցի բակին մէջ զոհուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Զօրաւան գիւղի 12-ամեայ բնակիչ Վաղինակ Գրիգորեան, նաեւ երկու երեխաներ  վիրաւորուեցան: «4 յունիսը յարձակողապաշտութեան, զինուորական տագնապներու...

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գործին Մէջ Նշանակալի Աւանդին Համար Պարգեւատրուած Է Գերմանիոյ Խորհրդարանի Անդամը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գործին Մէջ Նշանակալի Աւանդին Համար Պարգեւատրուած Է Գերմանիոյ Խորհրդարանի Անդամը

2 յունիս 2017-ին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահութեան անդամ, Գերմանիոյ խորհրդարանի պիւտճէի հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Տիթմար Նիթանը: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը, բարձր գնահատած անոր գործունէութիւնը հայ-գերմանական երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնած Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման ու դատապարտման ուղղութեամբ անոր հետեւողական ջանքերուն համար: «Յարգելի՛ պարոն Նիթան, Հայաստանի մէջ քաջածանօթ են ձեր գործունէութեան, յատկապէս ինչ...

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութիւն Եւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւն.  Ձեռագիր Մատեաններու Ցուցահանդէս Եւ Դասական Համերգ

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութիւն Եւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւն. Ձեռագիր Մատեաններու Ցուցահանդէս Եւ Դասական Համերգ

Շաբաթ, 3 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ դասական համերգ եւ հայրենի արուեստագէտ Սարգիս Սարգսեանի ձեռագիր մատեաններու ցուցահանդէս` հովանաւորութեամբ եւ գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ): Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ ընթացք առաւ ձեռնարկը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ռուբինա Թովմասեան: Ան Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան...

Ակնարկ.  Պաշտօնական Նիկոսիոյ Ուշագրաւ Յայտարարութիւնը

Ակնարկ. Պաշտօնական Նիկոսիոյ Ուշագրաւ Յայտարարութիւնը

Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը հիւսիսային Կիպրոսն ու Արցախը չհամեմատելու դիտարժան բաժին ունի բազմակողմանիօրէն: Նախ անշուշտ կը վերաբերի կիպրական կողմին: Երբ Պաքուն եւ Անգարան տարբեր առիթներու այս համեմատութիւնը կը կատարեն, քանի մը թիրախ բնականաբար ներառած կ՛ըլլան իրենց մարտավարական մօտեցումներուն մէջ: Թէեւ այստեղ երկու պետութիւններուն շարժառիթները տարբեր կրնան ըլլալ: Մէջբերենք Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Եոաննիս Քասուլիտեսի յայտարարութիւնը, որ կատարուած է...

Նախագահ Սարգսեան Եւ Նախարար Մկրտչեան Ընդունած Են Գերմանիոյ «Կէօթէ» Հիմնարկին Նախագահը

Նախագահ Սարգսեան Եւ Նախարար Մկրտչեան Ընդունած Են Գերմանիոյ «Կէօթէ» Հիմնարկին Նախագահը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Գերմանիոյ մեծագոյն մշակութային հաստատութեան` «Կէօթէ» հիմնարկի նախագահ Քլաուս-Տիթըր Լեհմանը: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ յոյս յայտնած, որ պարոն Լեհմանի այցելութիւնը Հայաստան նոր սկիզբ կը դառնայ հայ-գերմանական կրթամշակութային համագործակցութեան զարգացման եւ  այդպիսով նաեւ երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու  ամրապնդման համար: Նշելով, որ այս տարի Հայաստանը եւ Գերմանիան կը նշեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու  հաստատման 25-ամեակը` նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ...

Շիրակի Մարզպետի Պաշտօնին Յովսէփ Սիմոնեանին Պիտի Փոխարինէ Արթուր Խաչատրեան

Շիրակի Մարզպետի Պաշտօնին Յովսէփ Սիմոնեանին Պիտի Փոխարինէ Արթուր Խաչատրեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինէն հաստատած են, որ Շիրակի մարզպետ Յովսէփ Սիմոնեան յառաջիկային հրաժեշտ պիտի տայ  պաշտօնին: Անոր փոխարէն կուսակցութիւնը նոյն պաշտօնին  պիտի առաջադրէ տարածքային կառավարման եւ զարգացման փոխնախարար Արթուր Խաչատրեանի թեկնածութիւնը: Վերջինս ունի պետական համակարգին եւ միջազգային կառոյցներու մէջ աշխատանքի մեծ փորձառութիւն:  

ՀՅ Դաշնակցութեան Հանդիպումները Եւրոպայի Ընկերվարականներուն Հետ

ՀՅ Դաշնակցութեան Հանդիպումները Եւրոպայի Ընկերվարականներուն Հետ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի Ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու յառաջդիմական դաշինք խմբակցութեան եւ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: Առաջին...

Պաքու Կը Բողոքէ Արցախը Հայկական Պատմական Հող Կոչած Կիպրոսի Նախարարի Յայտարարութեան Դէմ

Պաքու Կը Բողոքէ Արցախը Հայկական Պատմական Հող Կոչած Կիպրոսի Նախարարի Յայտարարութեան Դէմ

ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ մեկնաբանած է Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Եոաննիս Քասուլիտեսի կողմէ «Ազրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղ»-ին մասին արտայայտուած միտքերը: Ան 31 մայիսին յայտարարած է, որ հայ-ազրպէյճանական տագնապին մասին Քասուլիտեսի խօսքերը կը հակասեն «միջազգային իրաւունքի սկզբունքներ»-ուն եւ կը նպաստեն Պաքուի դէմ Հայաստանի «յարձակողապաշտ եւ բռնագրաւիչ» քաղաքականութեան խրախուսման, միաժամանակ` վնաս կը հասցնեն ԵԱՀԿ-ի...

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան  Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Ազրպէյճանի  Պաշտպանութեան Նախարարութեան  Հաղորդագրութիւնը

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  ծառայութիւնը կը հերքէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան երէկ տարածած հաղորդագրութիւնը շփման գիծին մէջ հրամանատարական դիտակէտ եւ տեսադիտարկման համակարգ ոչնչացնելու մասին: «Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  ծառայութիւնը քիչ առաջ հանդէս եկած է հերթական ապատեղեկատուութեամբ` նշելով, թէ արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ ոչնչացուած է հրամանատարական դիտակէտ եւ տեսադիտարկման համակարգ` հաղորդագրութեան կցելով անյաջող բեմադրուած տեսագրութիւն: Հակառակորդ կողմի հերթական ապատեղեկատուութիւնը...

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Մնայուն  Յանձնախումբերը Նախագահներու  Տեղակալներ Ընտրած Են

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Մնայուն Յանձնախումբերը Նախագահներու Տեղակալներ Ընտրած Են

Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ 31 մայիսին տեղի ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու նիստեր, որոնց օրակարգերուն վրայ եղած է յանձնախումբերու նախագահներու տեղակալներու ընտրութեան հարցը: «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 138-րդ յօդուածին համաձայն, ընտրուած են Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու նախագահներու  տեղակալները: Ազգային ժողովի առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահի...

Բագրատունի Ընդունեց  Մեծն Բրիտանիոյ Դեսպանը

Բագրատունի Ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննութեան նիւթ դարձան երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ ընտրական օրէնքի հարցը, Լիբանանի եւ շրջանային կացութիւնը, սուրիացի գաղթականներու խնդիրը, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ընդհանուր իրավիճակը Լիբանանի մէջ:

Ա. Կիտանեան Զբօսաշրջութեան  Յատուկ Համագումարին Մասնակցող Հաստատութիւններու  Ներկայացուցիչներուն  Ընկերակցութեամբ Այցելեց Նախագահ Աունի

Ա. Կիտանեան Զբօսաշրջութեան Յատուկ Համագումարին Մասնակցող Հաստատութիւններու Ներկայացուցիչներուն Ընկերակցութեամբ Այցելեց Նախագահ Աունի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը` ընկերակցութեամբ Զբօսաշրջութեան եւ խորհրդաժողովներու համաշխարհային Ա. համագումարը  կազմակերպող յանձնախումբի պատուիրակութեան: Նշենք, որ պատուիրակութեան անդամները կը ներկայացնեն լիբանանեան այն ընկերութիւնները, որոնք անցեալ շաբթուան ընթացքին «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ կազմակերպած էին  համագումար մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին զբօսաշրջական 150 ընկերութիւններ ու հաստատութիւններ` նպատակ ունենալով դէպի Լիբանանի մէջ զբօսաշրջական...

ՀՅԴ ԼԵՄ Եւ ՀՅԴ ԼՊՄ.  Մայիսեան Յաղթանակներուն  Նուիրուած Երգահանդէս

ՀՅԴ ԼԵՄ Եւ ՀՅԴ ԼՊՄ. Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Երգահանդէս

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, երէկ` հինգշաբթի, 1 յունիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած երգահանդէս` կատարողութեամբ հայրենի արուեստագէտներ Մկրտիչ Մկրտիչեանի (Մակիչ) եւ Արսէն Գրիգորեանի (Մրրօ): Սրահի մուտքին ցուցադրուած էին պատանեկան միութիւններուն ձեռային աշխատանքները, որոնց ընդմէջէն կ՛՛արտացոլար ձեռնարկի նիւթը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք...

Կառավարութիւնը Ռիատ Սալամէն Վերանշանակեց  Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչ

Ակնարկ. Չշեղիլ Սկսուած Գործընթացէն

Գործող խորհրդարանի պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտին նախօրեակին ենք եւ ընտրական օրինագիծի ոդիսականի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ: Մէկ կողմէ օրէնսդրական դատարկ ստեղծելու հաւանականութենէն ամէն կերպով խուսափելու, այդ վտանգը կանխարգիլելու միտող վճռակամութիւն ընդգծող յայտարարութիւններ, միւս կողմէ` նաեւ ընդհանուր համախոհութեան ի սպառ բացակայութիւն: Այս երկու հակոտնեայ երեւոյթներուն միջեւ սակայն, կայ նաեւ այլ գործընթաց, որ ունի հիմնական երկու մեկնաբանութիւն: Առաջինը այն, որ իրօք գոյութիւն ունի...

Դաշնակցական Նախարարները Վերանշանակուեցան

Դաշնակցական Նախարարները Վերանշանակուեցան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի նախագահի հրամանագիրով իրենց պաշտօններուն վրայ վերանշանակուեցան բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան:

Վարչապետ Կարապետեան Ընդունած Է Արեւելեան Գործընկերութեան Հարցերով Յատուկ Բանագնացները

Վարչապետ Կարապետեան Ընդունած Է Արեւելեան Գործընկերութեան Հարցերով Յատուկ Բանագնացները

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններ Լաթվիոյ, Հոլանտայի, Լիթուանիոյ, Էսթոնիոյ եւ  Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութիւններու` Արեւելեան գործընկերութեան հարցերով յատուկ բանագնացները` Եւրոպական Միութիւնը նախագահող Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ բանագնաց, դեսպան Տուշան Տախոյի գլխաւորութեամբ: Վարչապետը կարեւոր նկատած է Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան զարգացումը եւ բանագնացներուն խնդրանքով անդրադարձած կառավարութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն, տարբեր մարզերու մէջ բարեփոխումներուն եւ ծրագիրներուն: Վարչապետ Կարէն...

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարին Երախտագիտութեան Նամակը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարին Երախտագիտութեան Նամակը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

ՀՅ Դ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի երախտագիտութեան նամակը` Արցախեան քառօրեայ պատերազմին առիթով կազմակերպուած ռատիոթոնին համար: «Զօրակցինք Արցախին» բնաբանով ռատիոթոնին լիբանանահայութեան ջանքերով հանգանակուած է 257 հազար ամ. տոլար), որ ամբողջութեամբ փոխանցուած էր «Հայրենիք» ռազմահայրենասիրական հիմնադրամին: Խորին երախտագիտութիւն եմ յայտնում Ձեզ «Հայրենիք» ռազմահայրենասիրական հիմնադրամին նուիրատուութեան եւ ընդհանրապէս Ձեր հայրենանուէր կեցուածքի համար: Նմանօրինակ ձեռնարկումները մեզ պարտաւորեցնում են...

ԱՖՀԻԼ Իրերօգնութեան Սնտուկին Կազմակերպութեամբ. Փրոֆ. Քարլօ Աքաչէրեանի Մեծարանքի Հանդիսաւոր Երեկոն

ԱՖՀԻԼ Իրերօգնութեան Սնտուկին Կազմակերպութեամբ. Փրոֆ. Քարլօ Աքաչէրեանի Մեծարանքի Հանդիսաւոր Երեկոն

Հովանաւորութեամբ բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Ռեմոն Սայեղի, կազմակերպութեամբ ԱՖՀԻԼ-ի, գործակցութեամբ լիբանանահայ բժշկական միութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 31 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած փրոֆ. Քարլօ Աքաչէրեանի: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ԱՖՀԻԼ-ի վարչութեան անունով խօսք առաւ Արազ Նաշալեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն մեծարանքի հանդիսութիւնը պարզ զուգադիպութիւն մը չէ, այլ` մեծարանք...

Page 627 of 796 1 … 626 627 628 … 796

Արխիւներ