Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վաւերացուց Հայաստանի հետ միացեալ զինուորական միաւորում ստեղծելու համաձայնագիրը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրեց Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միացեալ զօրամիաւորում ունենալու մասին օրէնքը: Ըստ «Արմինիա Սփութնիք» կայքին, համապատասխան փաստաթուղթը հրապարակուած է իրաւական տեղեկատուութեան էջին մէջ:
«Վաւերացուած է 30 նոյեմբեր 2016-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերու միացեալ խմբաւորում ստեղծելու մասին ստորագրած համաձայնագիրը», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
Համաձայնագիրը նախապէս վաւերացուցած էին Ոուսիոյ խորհրդարանը (Տումա) եւ Ռուսիոյ Դաշնային խորհուրդը:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր յունիս 2016-ի նիստերուն քննարկելէ ետք սոյն օրինագիծը, զայն ղրկած էր Ազգային ժողով` վաւերացնելու: