Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբը Շիֆի Հետ Կը Գործակցի` Հայաստանի Մէջ Գիտական Նիւթերու Ուսուցումը Զարգացնելու Համար

July 29, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ ամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ աւելի ազդեցիկ դարձող իր գործունէութեան ու բազմազբաղ վիճակին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ կը շարունակէ մօտէն զբաղիլ հայութիւնը յուզող հարցերով եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան (STEM) դասաւանդման համար «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկէն յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու խնդիրով: Այս ջանքերուն համար ան մօտէն կը գործակցի Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հետ:

«Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկը Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ 2004-ին հաստատուած ու անկախաբար գործող մարմին մըն է, որուն նպատակն է համակարգել երկրին տրամադրելիք արտաքին օժանդակութիւնները: Անիկա ցարդ աւելի քան 10 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է զանազան երկիրներու, ներառեալ Հայաստանը, որ 2008-ին ստացած էր գիւղական ճամբաներ նորոգելու եւ ոռոգման ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով յատկացում մը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան կը յայտնէ, թէ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան դասաւանդման ծրագիրներուն համար Վրաստանին յատկացուած 140 միլիոն տոլար օժանդակութեամբ ձեռք բերուած յաջողութիւնները կրնան օրինակ հանդիսանալ նման ծրագիր մը Հայաստանի մէջ եւս իրականացնելու ջանքերուն, յատկապէս որովհետեւ Հայաստանի մէջ արդի արհեստագիտութեան մարզը զարգացման մեծ կարելիութիւններ ունի:

Ան կ՛աւելցնէ, թէ առնուազն 100 միլիոն տոլարի ներդրում մը յատկանշական պիտի ըլլայ երկրին մէջ չքաւորութեան նուազեցման եւ տնտեսական նոր կարելիութիւններ ստեղծելու համար, միաժամանակ` սերտացնելով Ամերիկա-Հայաստան տնտեսական յարաբերութիւնները:

Շիֆ իր կարգին կը յայտնէ, որ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկին կողմէ 2006-ին Հայաստանին տրամադրուած առաջին օժանդակութիւնը` 170 միլիոն տոլարի, յատկանշական կերպով նուազեցուցած էր գիւղական շրջաններուն մէջ չքաւորութեան մակարդակը: Ան միաժամանակ կրթական մարզին մէջ նման նոր յատկացում մը կատարելու գաղափարին կը զօրակցի:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուցած Է Ծրարը. Այսուհետեւ Կ՛արգիլուի «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Գործածութիւնը

Յաջորդը

Պաքուն Կը Վարէ Հարաւային Կովկասի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Դաշտային Ներկայութեան Վերացման Յստակ Քաղաքականութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.