ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 26 յուլիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի 5-ի գործողութեան 34-ամեակի ոգեկոչման հոգեհանգստեան արարողութիւն, որ սկիզբ առաւ հարիւրաւոր պատանիներու եւ երիտասարդներու քայլարշաւով` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն դէպի Ազգային գերեզմանատուն: Ապա բոլոր ներկաները մոմերով ու ծաղիկներով ուղղուեցան հինգ հերոսներուն դամբարանը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նժդեհ Լափաճեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Լիզպոնի հինգ ընկերներուն պոռթկումը 34 տարիներ ետք տակաւին կը խրախուսէ սերունդներ` զանոնք մղելով աւելի խրոխտ պայքարելու Հայ դատի լուծման փշոտ ճամբուն վրայ, տակաւին կ՛ամրացնէ հայ զինուորին բազուկները աւելի յամառօրէն հսկելու եւ պաշտպանելու հայրենիքի սահմանները թշնամիի ոտնձգութիւններէն: Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Լիզպոնի արարքը կը սթափեցնէ եւ կը մղէ շարունակելու պայքարը, չդառնալու ճակատագիրի գերին եւ չյանձնուելու աննպատակ եւ միօրինակ կեանքի վտանգաւոր հոսանքին:
Օրուան բանախօսն էր Րաֆֆի Աշգարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ պատմութիւն կերտող նահատակ հերոսներուն վեհ էութիւնը եւ անհրաժեշտ նկատեց հաւատարիմ մնալ անոնց երթին:
Իր խօսքին սկիզբը ան դիտել տուաւ, որ երիտասարդութեան յիշողութեան մէջ 27 յուլիսը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ, ազգային պահանջատիրութեան ջիղերը կը լարէ, պարտաւորեցնող կը դարձնէ իւրաքանչիւր հայ` հաշուեքննութեան նստելու իր անձին հետ, անհատական նկատառումներէ վեր բարձրանալու եւ գերագոյն նպատակ ունենալու հաւաքական իղձերն ու տենչերու իրագործումը: «Լիզպոնի 5-ի յուշ- երեկոն դաշնակցական երիտասարդութեան համար ինքնաքննարկումի, ապա յեղափոխական ուխտի վերանորոգման առիթ մը կոչուած է ըլլալ եւ իբրեւ այդպիսին պիտի մնայ միշտ, առիթ` մեզ այս վայրին մէջ խմբող անմահացածներուն անսակարկ նուիրումի շունչով հաղորդուելու, առիթ` մեր առօրեայ կեանքէն դուրս գալով ստեղծելու մտածումի եւ ինքնաճանաչման պահ, որուն ընդմէջէն պէտք է խորհրդածենք անկեղծօրէն նախ մենք մեր անձերուն հետ, ապա միայն խօսելու մեր անձերէն դուրս` ճիշդին ու սխալին մասին», հաստատեց Ր. Աշգարեան:
Բանախօսը յայտնեց, որ 34 տարիներ անցած են Լիզպոնի հինգ նուիրեալներու իր ոճով եւ զոհաբերութեան ոգիով գերմարդկային արարքէն, տարիներ, որոնց ընթացքին արձանագրուած են նուաճումներ ու ձախողութիւններ, դրական ու ժխտական դէպքեր, բայց եւ այնպէս անփոփոխ կը մնայ այն, որ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր անսասան երթը` մնալով հարազատ հայելին ու թարգմանը հայ ժողովուրդին իղձերուն, յոյսերուն եւ յոյզերուն, կը շարունակէ պատրաստել այնպիսի հայորդիներ, որոնք վճռակամ են պայքարելու տարբեր ճակատներու վրայ, գտնուելու հոն, ուր կարիք կայ զոհաբերութեան ու նուիրումի:
Րաֆֆի Աշգարեան շեշտեց, որ այս ուղիին վրայ Լիզպոնի հինգ տղաքը միշտ ալ եղած են առաջնորդող լուսաւոր փարոս, ներշնչման ու կամքի ամրապնդման աղբիւր, որպէսզի իրերայաջորդ սերունդներէ տղաք ուղղուին դէպի Արցախ, պայքարին հայրենիքին համար, ըլլան արթուն պահակները սահմաններուն վրայ: «Արդարօրէն պէտք է ընդունիլ, որ Լիզպոնը մեր ազգային պահանջատիրութեան ու ազատագրական պայքարի պատմութեան հոլովոյթի երկար շղթային մէկ սովորական օղակը չէ, այլ շատ աւելին` ան կը հանդիսանայ ոգեղէն կամուրջ, որ յաջողեցաւ ապահովել հայու մարտնչող ու աներկիւղ ոգիի անցումը 19-րդ դարու յեղափոխական օրերէն դէպի նոր ժամանակներ, մինչեւ արցախեան հերոսապատում եւ մինչեւ այս պահը ու նոյնիսկ մինչեւ վաղուան օրը», հաստատեց բանախօսը:
Անդրադառնալով այսօր մեր իրականութեան սպառնացող ախտավարակ երեւոյթներուն դէմ դնելու անհրաժեշտութեան` Րաֆֆի Աշգարեան նշեց, թէ պէտք է հիմնուիլ Լիզպոնի հերոսներուն մեզի ուղղած դաստիարակիչ պատգամներուն վրայ` դիտել տալով, որ օրին եւս երիտասարդութեան մօտ անտարբերութիւն կը տիրէր, սակայն Արան, Վաչէն, Սեդրակը, Սիմոնն ու Սագոն կրցան երիտասարդութեան մէջ ստեղծել ազգանուէր գործին նկատմամբ եռանդ: Ան շեշտեց, որ Լիզպոնի 5-ը հայրենիք չտեսան, սակայն հայրենապաշտ էին, ծայրայեղ կարգապահ էին, հակառակ իրենց շուրջ տիրող անիմաստ վէճերու աղմուկին, ընկերասէր էին եւ կը հաւատային հաւաքական կեանքին: Այս բոլորը թուարկելէ ետք բանախօսը կոչ ուղղեց այսօրուան պայմաններուն մէջ եւս նկատի ունենալու 5 հերոսներուն կեցուածքներն ու նուիրական քայլերը, ինքնաքննութիւն կատարելու, զրուցելու մեր խիղճերուն հետ` իբրեւ գերագոյն նպատակ ունենալով ծնունդ տալ նուիրեալներու, պայմանները ենթարկելու մեր կամքին ու գտնելու հայանպաստ գործին ուղիները: «Ամէնէն նուիրական կոթողը ուրեմն նախ պէտք է կանգնեցնենք մենք մեր խիղճերուն մէջ` զայն բարձրացնելու մեր կազմակերպութեան տոկուն ենթահողը կազմող հայրենապաշտութեան, կարգապահութեան եւ ընկերասիրութեան սկզբունքներուն վրայ. այսպէս կրնանք յաւերժացնել մեր սիրելի ընկերներուն յիշատակը», շեշտեց բանախօսը:
Իր խօսքը եզրափակելով Րաֆֆի Աշգարեան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ Լիզպոնի հինգ հերոսները միշտ ալ պիտի շարունակեն մէկական լուսաւոր աստղեր ըլլալ եւ դժուարագոյն պահերուն իսկ յոյս ու լոյս սփռել մեր պայքարի ճամբուն վրայ, առաջնորդելու համար երիտասարդութիւնը դէպի այն բարձունքները, զորս իրենք որոշած էին նուաճել: «Իսկ այս ճամբուն վրայ ամէն թուլացում մահացու յանցանք է նախ ձեր սրբազան նուիրումի հաշուոյն եւ թունաւոր դաշոյն` խրուած մեզ բոլորս իր դրօշին տակ զինուորագրած կազմակերպութեան կողին», հաստատեց ան:
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերին Նարեկ Ճեմճեմեան` արտասանելով Թաթուլ Այնէճեանի «Լիզպոնի մեր անմահ զոհերուն» կտորը, ինչպէս նաեւ Սագօ Եագուպեան եւ Կասիա Էճիտեան, որոնք ներկայացուցին «Ահա կ՛երթամ սիրելի մայր» եւ «Վեր կա՛ց» երգերը:
Տեղի ունեցաւ Լիզպոնի տղոց նուիրուած տեսերիզի ցուցադրութիւն, որմէ ետք բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին «Լիզպոնի 5 տղոց յիշատակին» երգը: