Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարապետեան. «Եթէ Կ՛ուզենք Ունենալ Լաւ Պետութիւն, Պէտք Է Տրամադրենք Լաւագոյն Կրթութիւնը»

Յուլիս 31, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ներկայութեամբ 28 յուլիսին Ջերմուկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են մարզի եւ համայնքներու զարգացման ծրագիրներու  շրջագիծին մէջ ըստ ոլորտներու իրականացուած միջոցառումներու  ընթացիկ արդիւնքներն ու հետագայ ընելիքները:

Ներկայացնելով Վայոց ձորի մարզի ընկերային-տնտեսական իրավիճակը եւ հիմնական ցուցանիշները` մարզպետ Յարութիւն Սարգսեան նշած է, որ հանրապետութեան համախառն ներքին արդիւնքի ցուցանիշին մէջ մարզի մասնաբաժինը կը կազմէ 1,2 առ հարիւրը:

Վարչապետի յանձնարարականին հիման վրայ Վայոց ձորի մարզէն Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւն ներկայացուած է 20 ներդրումային ծրագիր` 2 միլիառ 384 միլիոն դրամ արժէքով: Կառավարութեան համաձայնութեան արժանացած է 8 ծրագիր` 1 միլիառ 616 միլիոն դրամ արժողութեամբ:

Մարզի զարգացման ներուժ ունեցող մարզերէն են նաեւ հանքարդիւնաբերութիւնն ու ուժանիւթը: Բնակչութեան զբաղուածութեան խնդիրներու լուծման հարցով կարեւոր նշանակութիւն ունի «Ամուլսար»-ի ոսկիի հանքավայրի շահագործումը, որուն շրջագիծին մէջ 2017-2018 տարիներուն պիտի ներդրուի 370 միլիոն տոլար, պիտի ստեղծուի 1300 աշխատատեղ: Այժմ հանքավայրին մէջ կ՛աշխատի 730 հոգի, որոնցմէ 350-ը մարզի բնակիչներն են:

Զեկուցուած է, որ «Մաքուր Հայաստան» ծրագիրի շրջագիծին մէջ 27 մայիսին մարզը մասնակցած է համապետական շաբաթօրեակին, 129 աղբավայրերէն 112-ը փակուած են: Կազմուած է 4 աղբավայրի ամբողջական վերացման ծրագիրը, աշխատանք կը տարուի գործող 13 աղբավայրերէն եւս 6-ին փակման ուղղութեամբ:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կարեւոր նկատած է տարբեր ծառայութիւններու մատուցման գործառոյթներուն մէջ, ներառեալ` աղբահանութիւնը` սեփական մարզը ներգրաւելու հարցը եւ նշած, որ ատիկա որակական փոփոխութիւն կը բերէ:

Այնուհետեւ Վայոց ձորի մարզպետարանի գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, փոքր եւ միջին գործառոյթներու, զբօսաշրջութեան զարգացման մարզերու պատասխանատուները զեկուցած են այդ մարզերուն մէջ կատարուած եւ առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:

Կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերու պատասխանատուները զեկուցած են, որ աշխատանքներ կը կատարուին սեղմումներու ուղղութեամբ: Ծրագիրները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ: «Մենք ունինք միջոցները արդիւնաւէտ ծախսելու բաւական մեծ ներուժ: Մեր թիւ մէկ հարցը ոչ թէ գումարներու տնտեսումն է, այլ մեր զաւակներուն ժամանակակից, առաւելագոյնս լաւագոյն կրթութիւն տրամադրելը: Եթէ մենք կ՛ուզենք ունենալ լաւ պետութիւն, ապա այսօր, վաղը կամ միւս օրը մեր զաւակներուն պէտք է տրամադրենք լաւագոյն կրթութիւնը», ըսած է վարչապետը:

 

Նախորդը

Նախարար Վիգէն Սարգսեանը Ներկայ Գտնուած Է «Միջազգային Բանակային Խաղեր 2017»-Ի Բացման Արարողութեան

Յաջորդը

Լեւոն Մնացականեան. «Եթէ Նոր Յարձակում Ըլլայ` Հայկական Կողմը Պիտի Անցնի Հակայարձակման»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուաշինկթընը, Անգարան Եւ Համասը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուաշինկթընը, Անգարան Եւ Համասը

Դեկտեմբեր 5, 2023
Հայաստանի Ազգային Ժողովը Ընդունեց  «Զինուորական Ծառայութեան Եւ Զինուորի  Կարգավիճակի Մասին» Օրէնքի Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Պետաիրաւական Յանձնախումբը Դէմ Քուէարկեց «Հայաքուէ»-ի Նախագիծին

Դեկտեմբեր 5, 2023
Երեւանը Կ՛արձագանգէ Պաքուին.  «Հայաստանը Շահագրգռուած  Չէ Ռազմական Մագլցումով»
Գլխաւոր լուրեր

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Նոր Լարուածութիւն Հրահրելու, Խաղաղութեան Գործընթացը Փակուղի Մտցնելու Պաքուի Գործողութիւնները

Դեկտեմբեր 5, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In