Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-Ի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Սփիւռքի Նախարարին

July 29, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 27 յուլիսի կէսօրին, համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու առիթով Երեւան գտնուող ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներու պատուիրակութիւն մը այցելեց սփիւռքի նախարարութիւն եւ ընդունուեցաւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Գառնիկ Մկրտիչեան, Վաչէ Նաճարեան, Իշխան Եղիայեան, Օշին Փիրումեան, Բագրատ Եսայեան, Անդրանիկ Պահարեան, Վիգէն Քորթեան, Արմանտօ Թորգոմեան, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան եւ 10-րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմինի ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան:

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը ողջունելով` նախարար Յակոբեան շեշտեց նման մարզախաղերու Հայաստանի մէջ կազմակերպման կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ, որ նման նախաձեռնութիւնները կը նպաստեն նոր սերունդի հայրենաճանաչութեան, մարզական մրցակցութեան ոգիի զարգացման եւ ցանցային կապերու հաստատման: Բազմահարիւր պատանիներ ու երիտասարդներ ծանօթութիւններ կը հաստատեն իրարու հետ, նաեւ` հայրենի իրենց հասակակիցներուն հետ, ինչ որ դրական եւ օգտակար քայլ է:

Նախարար Յակոբեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց տարուէ տարի մարզախաղերու մասնակիցներու եւ շրջաններու թիւերուն աճին համար եւ նկատել տուաւ, որ սփիւռքի նախարարութիւնը միշտ եղած է ու պիտի մնայ ՀՄԸՄ-ի կողքին, մանաւանդ որ յառաջիկայ տարի միութիւնը կը պատրաստուի ձեռնարկներու շարքով մը հայրենիքի մէջ տօնելու իր հիմնադրութեան 100-ամեակը:

Իր կարգին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան սփիւռքի նախարարութեան ճամբով շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի պետութեան, որ ճիգ չխնայեց միութեան 10-րդ մարզախաղերու յաջողութեան համար: Ան նկատել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ի եւ սփիւռքի նախարարութեան միջեւ ստորագրուած գործակցութեան յուշագիրը, որ չորս տարուան կեանք ունի, թեւակոխած է գործնականացման փուլ եւ կը խոստանայ յառաջիկային աւելի արդիւնաւորուիլ ու զարգանալ:

Մկրտիչեան նաեւ յայտնեց, որ համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերուն նպատակը միայն մարզական չէ, մարզականը միջոց է, գլխաւոր նպատակը հայապահպանումն է, հայ երիտասարդները Հայաստան բերելը, փոխադարձ կապեր մշակելը եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացումն է:

Այցելութեան աւարտին, առ ի գնահատանք «համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու բարձր մակարդակով կազմակերպման», նախարար Յակոբեան սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրերով պարգեւատրեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութիւնը: Նոյն առիթով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը մարզախաղերու յուշանուէրը յանձնեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանին:

… Նաեւ Մարմնակրթութեան Եւ Երիտասարդական Հարցերու Նախարարին

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հայաստանի մարմնամարզի եւ երիտասարդական հարցերու նախարար, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի երկար տարիներու անդամ Հրաչեայ Ռոստոմեանին:

Նախարար Ռոստոմեան ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներուն յայտնեց, որ 10 տարիէ ի վեր համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը արդէն իրենց կարեւոր տեղը ունին Հայաստանի մարզական կեանքին մէջ: Ան նշեց, որ պետական որոշումով, նախարարութիւնը ամէն ձեւի դիւրութիւն կ’ընծայէ մարզախաղերու հեզասահ ընթացքին ապահովման համար:

ՀՄԸՄ-ի անունով նախարար Ռոստոմեանին շնորհակալութեան խօսք յայտնեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան նշեց, որ Ռոստոմեանի գլխաւորած նախարարութիւնը եւ Հայաստանի մարզական ֆետերասիոնները, ինչպէս անցեալին, այս մարզախաղերուն եւս եղան ՀՄԸՄ-ի կողքին` կարելի դարձնելով այսքան մեծաթիւ մասնակցութեամբ մարզախաղերու կանոնաւոր կազմակերպումը: Նախարարութիւնը սիրով տրամադրեց մարզադաշտեր, իրաւարարներ եւ մարզական պատասխանատուներ, որոնք կատարեցին շնորհակալ գործ:

Այցելութեան աւարտին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը հայրենի նախարարը պատուեց մարզախաղերու ոսկիէ մետալով:

Նախորդը

Վարդգէս Պետրոսեանի Ծննդեան 85-ամեակի Առթիւ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.