Լիզպոնի գործողութեան նախօրեակին անձնազոհ հերոսներու փոխանցած ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման գոյութիւն ունի հայրենիք ազատագրելու գաղափարը: Գերագոյն զոհաբերութեան հեռահար նպատակը Արեւմտահայաստանի ազատագրումն է, որուն համար նախ պէտք էր քանդուէր լռութեան պատը, ճանաչում ապահովուէր Ցեղասպանութեան եւ ապա պարտադրուէր հատուցումը:
Լռութեան պատի ճարճատումը սկսած էր արդէն զինեալ գործողութիւններու իբրեւ անմիջական արդիւնք, այնուհետեւ Լիզպոնով սկսած երթը թէ՛ իբրեւ անձնուիրութիւն, թէ՛ իբրեւ գործողութիւն եւ թէ՛ իբրեւ ներազգային եւ միջազգային արձագանգ կը նուաճէր բարձրակէտը:
Կորուսեալ հայրենիքի վերատիրացումն է Լիզպոնի հերոսներուն առաջադրանքը: Լիզպոնի ուժանակներու պայթումէն հինգ տարի ետք էր, որ կը սկսէր Խորհրդային Հայաստանի ազատագրումի գոյամարտը` Արցախի ազատամարտը եւ անոր վրայ խարսխուած Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը:
Հայաստանեան մակարդակի վրայ դէպի Լիզպոնի հերոսներուն առաջադրած Արեւմտահայաստանի ազատագրման առաջադրանքին ուղղութեամբ լռութեան պատի ճարճատումը արագ կշռոյթներով չէր ընթանար:
Առաջին նախագահը ընդհանրապէս դուրս կը բերէր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հրամայականը պաշտօնական Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն: Պէտք էր սպասել իշխանափոխութեան, որպէսզի նորահաստատ վարչակարգը վերստին արտաքին քաղաքականութիւն վերադարձնէր Ցեղասպանութեան ճանաչումի անհրաժեշտութիւնը:
Երկրորդ նախագահը, իր պաշտօնավարման օրերուն, քանի մը առիթով ակնարկեց Սեւրի դաշնագիրին եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին, սակայն քանի որ այդ արտայայտութիւններուն ետին չկար քաղաքական տոքթրին եւ մշակուած ծրագիր, ըսուածը այդպէս ալ մնաց` իբրեւ հետեւանքներ չենթադրող յայտարարութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահին օրով էր, որ թէեւ մէկ կարեւոր բացասական շրջափուլ ապրեցաւ այս խնդիրը` տխրահռչակ արձանագրութիւններուն առումով, այսուհանդերձ տարբեր առիթներու, ամէնէն բարձր մակարդակներէն հնչեցին թէ՛ Սեւրի պայմանագիրին այժմէական ու իրաւական նշանակութիւն ունենալու յայտարարութիւնը եւ թէ՛ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին պետական գնահատական տալու ելոյթները:
Երկուքն ալ ըստ էութեան ամբողջական Հայաստանի համազգային առաջադրանքին կը վերաբերին եւ ըստ էութեան կը համահնչուին Լիզպոնի հերոսներու փոխանցած ուղերձի գաղափարախօսութեան հետ:
Հատուցման թղթածրարի պատրաստութեան որոշումը, Սեւրի պայմանագիրն ու Ուիլսընի իրաւարար վճիռը ամրագրուեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրով:
Լիզպոնի սխրագործութենէն 32 տարի ետք հայ կեանքին մէջ գործող բոլոր ուժերը, հոսանքները` պետական, հոգեւոր, հասարակական, միաձայնութեամբ առաջադրեցին այն, ինչ որ յառաջիկայ սերունդներուն ուզած էին փոխանցել Լիզպոնի հերոսները:
Համահայկական հռչակագիրին այս հատուածը` «արժեւորելով 1915 թուականին միջազգային հանրութեան կողմէ Անտանտի պետութիւններու 24 մայիսի համատեղ հռչակագիրով հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ իբրեւ «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւն» որակումը եւ օսմանեան իշխանութիւնները պատասխանատուութեան կանչելու հանգամանքի շեշտադրումը, ինչպէս նաեւ 1920 օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի եւ 1920 նոյեմբերի 22-ի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ», գաղափարա-քաղաքական արժեւորումն է լիզպոնեան ուղերձներուն:
Սեւրն ու Ուիլսընը խորքին մէջ խորհրդանիշն են այն հայրենիքին, որուն ազատագրման համար Լիզպոն մեկնեցան հինգ հերոսները: