Լիբանանեան բանակին եւ Դիմադրութեան կողմէ ահաբեկչական խմբաւորումները մաքրազտելու գործողութիւնները գրեթէ իրենց լրումին հասած են: Մաքրագործման գործողութիւնները ընթացան արագ, յատկանշուեցան հատու հարուածներով եւ տուին նոյնքան արագ եւ անմիջական արդիւնքներ: Թէ՛ սուրիական եւ թէ՛ լիբանանեան կողմերէն աքցանումի միտուած զինուորական քայլերը ոչ միայն չէզոքացուցին ահաբեկիչ տարրերու շարժումները, այլ ընդհանրապէս վերացուցին այդ տարածքները թափանցած եւ տեղակայուած ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները:
Սուրիական կառավարական ուժեր-Հըզպալլա-լիբանանեան բանակ եռակողմ համագործակցութիւնը յանգեցաւ շռնդալից արդիւնքի: Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ամէնէն ազդեցիկ օրինակներէն կարելի է նկատել Արսալի բարձունքներու մաքրագործման համակարգուած գործողութիւններու շարքը:
Արսալի մաքրազտումը շրջանին մէջ յայտարարուած ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի մէկ արարն է պարզապէս: Իրադրութիւններու նման աւարտը որեւէ ձեւով չ՛ենթադրեր նաեւ, որ Լիբանանը չէզոքացուցած է ահաբեկիչ տարրերու թափանցման վտանգը: Ռազմավարական առումով ճիշդ է, որ կարեւոր է Արսալի բարձունքներուն տիրապետումը, այսուհանդերձ ամբողջ տարածաշրջանը, եթէ ոչ ամբողջ աշխարհը վտանգած ահաբեկչութիւնը ի սպառ չէ վերացած նաեւ լիբանանեան սահմաններէն կամ Լիբանանէն:
Հակաահաբեկչական գործողութիւններու համեմատական ակնարկը դիտել կու տայ, որ մինչ գերտէրութիւներու կողմէ յայտարարուած աշխարհին սպառնացող վտանգը ոչնչացնելու ռազմական քաղաքականութիւնը երկար ատեն տարուեցաւ «մէկ քայլ առաջ երկու քայլ ետ» մարտավարական մօտեցումներով, այս պարագային յայտարարուած կարծիքներու վճռակամութիւնն ու գետնի վրայ երեւցած տեղաշարժները համընկնեցան:
Արսալի մաքրագործումը ենթարկուեցաւ քաղաքականացուած մօտեցումներու ներքեւ ձեւաւորուած գնահատականներու: Այս պարագային հիմնական դերակատարին տրուած պիտակաւորումը նախ մանրացուց զինուորական իրադարձութեան չափն ու կշիռը, ապա ահաբեկչութիւն դասակարգումին տակ վերատեղադրեց լիբանանեան դիմադրական շարժումը:
Լիբանանեան պետական մակարդակի վրայ սակայն, համալիբանանեան մտածողութիւնն ու կամքը գերադասելու ճիգեր երեւցան: Երկկողմանիօրէն քաղաքական տարակարծութիւնները առայժմ չարծարծելու եւ սուր հակասութիւններ չդրսեւորելու մօտեցումները ակներեւ էին:
Պետական մակարդակի վրայ երեւցած քաղաքական այս գիտակցութիւնը չդրսեւորուեցաւ առհասարակ քաղաքական մակարդակներու եւ յատկապէս հասարակական մակարդակներու վրայ, անհանդուրժողութեան եւ զիրար մերժելու երբեմնի կարծիքներու վերադարձ կատարելու օրինակները բազմացան:
Լիբանանեան թէ՛ գործադիր եւ թէ՛ օրէնսդիր հաստատութիւններու դիւրաբեկ կառուցուածքը հետզհետէ կը թուի, որ կարեւոր ագուցումներ կը կատարէ: Մօտիկ անցեալին, եթէ նման լայնածաւալ գործողութիւն իրականանար լիբանանեան Դիմադրութեան կողմէ, ապա անիկա տեղի կու տար նախ պետական մակարդակի վրայ շատ սուր ամբաստանութիւններու, մեղադրանքներու, ապա բռնկուող հրդեհի նման կը տարածուէր քաղաքական դաշտին վրայ այնտեղէն նաեւ փողոցի վրայ, միջադէպերու տեղի տալով:
Այդ փուլը սպառած կը թուի ըլլալ: Լիբանանը ամէնէն ազդեցիկ օրինակը կու տայ ահաբեկիչներ վերացնելու զինուորական գործողութիւններու, մինչ հակառակ գերտէրութիւններու մէկ կողմէ վերապահ, միւս կողմէ կարծր գնահատականներուն, լիբանանեան պետական դաշտը կը մերժէ ներքաշուիլ անցեալի ապարդիւն վէճերուն մէջ:
Նոր աշխարհակարգը կը յատկանշուի ահաբեկչութիւն-հակաահաբեկչութիւն պատերազմով եւ անոր հետ կապուած դաշինքներով, ճամբարներով եւ զինուորական գործողութիւններով: Լիբանանը, ձեւաւորուող նոր աշխարհակարգի ընդհանուր համայնապատկերին մէջ, ուշագրաւ եւ արդիւնաւէտ քայլեր իրականացուց: Գերադասելով Լիբանանի անվտանգութիւնն ու ներքին անդորրութիւնը:
«Ա.»