Երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ Արսալի բարձունքներուն վրայ յայտարարուեցաւ 72 ժամուան զինադուլ մը, որուն ընթացքին Դիմադրութեան մարտիկները շարունակեցին ամրապնդել իրենց դիրքերը, որոնք ուղղակիօրէն կը գտնուէին Հմայտ հովիտին եւ Արսալի դիմաց:
Այս շրջագիծին մէջ, Արսալի բարձունքները այցելեց Հըզպալլայի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք, որ դրուատեց Դիմադրութեան մարտիկներուն քաջութիւնը եւ հերոսութիւնը, որոնք արձանագրուեցան հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ մղուած ճակատամարտին ընթացքին:
Դիմադրութեան մարտիկները Խէյլ հովիտին մէջ բացայայտեցին նաեւ հսկայ քարանձաւ մը` 400 քառ. քմ խորքով, ուր տանջանքի ենթարկուած էին Ժապհաթ Նուսրայի առեւանգած բանակայինները եւ ուր կը պատրաստուէին ականուած ինքնաշարժներն ու գօտիները, որոնք կ՛ուղարկուէին լիբանանեան տարբեր շրջաններ` ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու նպատակով:
Դիմադրութեան մարտիկներուն համաձայն, բացայայտուած քարանձաւը ո՛չ միայն Արսալի բարձունքներուն, այլեւ` ամբողջ Քալամունի մէջ մեծագոյնն է:
Ժապհաթ Նուսրայի դէմ պատերազմը աւարտած է, սակայն կը սպասուի, որ նշեալ ահաբեկչական խմբաւորումին պատասխանատուներն ու զինեալները հեռանան Արսալի հողերէն:
Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Թալլի բանակցութիւններուն ընթացքին առաւօտեան կանուխ ժամերուն յայտնած էր, թէ համաձայն է զինք դէպի Սուրիա փոխադրելու առաջարկին:
Ըստ Դիմադրութեան տեղեկատուութեան, արագ կերպով համաձայնութիւնը արդիւնք էր Ապու Մալեք Թալլիի թաքստոցը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելուն:
Արսալի բարձունքներուն վրայ ներկայիս տեղի կ՛ունենան նաեւ գումակային նախապատրաստութիւններ` զինեալներն ու անոնց ընտանիքները Իտլիպ փոխադրելու նպատակով:
Թալլի եւ անոր ընտանիքն ու զինեալները, ինչպէս նաեւ Հմայտ հովիտին մէջ գտնուող այլ զինեալներ հիւանդատար ինքնաշարժներով պիտի փոխադրուին Ռիֆ Հոմս, ուր կանաչ բեռնատարներ զանոնք պիտի փոխադրեն Ռիֆ Համա եւ ապա Իտլիպ:
Երբ բեռնատարները մուտք գործեն Իտլիպ, ապա ազատ պիտի արձակուին Սուրիոյ մէջ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ գերեվարուած Հըզպալլայի 5 մարտիկներ:
Փոխանակման այս գործողութիւնը պիտի կատարուի սուրիական բանակին հետ համադրաբար:
Բանակցութիւնները կը վարէ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ` գործակցութեամբ Սարայա ահըլ շամի:
Նշենք, որ Հմայտ հովիտին մէջ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն պիտի միանան նաեւ Նուսրայի պատասխանատուներ, որոնք Արսալ ապաստանած են:
Այս շրջագիծին մէջ, Ապպաս Իպրահիմ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն ներկայացուց բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Այն Թինիէն մեկնումի պահուն Իպրահիմ յայտնեց, որ քանի մը օրէն կարելի պիտի ըլլայ այդ համաձայնութիւնը ամբողջացնել:
Իպրահիմ հաստատեց, որ երկրին իշխանութիւնները համաձայն են լիբանանեան հողերը ազատագրելու եւ ահաբեկչութենէ ու ահաբեկիչներէ մաքրագործելու իմաստով, «իսկ այդ ազատագրումէն օգտուող կողմերուն պարագային ոչ մէկ արգելք կայ», ըսաւ ան: Մինչ Արսալի բարձունքներուն վրայ զինադուլ կը հաստատուի, բոլորին հայեացքները կ՛ուղղուին դէպի Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքները:
Երէկ կէսօրին Քաայի մօտակայքը գտնուող լիբանանեան բանակին դիրքերուն ուղղութեամբ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ կրակոցներ լսուած են: Բանակը հակադարձած է եւ Քաայի իր դիրքերը ամրացուցած:
Լիբանանեան բանակը կը պատրաստուի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իր յարձակումը սանձազերծելու եւ այդ նպատակով իր ուժերը զօրաշարժի ենթարկած է ու զանոնք այդ շրջաններուն մէջ տեղակայած: