Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Ազրպէյճանի Զինուորական-Քաղաքական Ղեկավարութիւնը

Յուլիս 27, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կտրականապէս կը հերքէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու միացեալ յայտարարութիւնը, ըստ որուն, իբրեւ թէ երէկ, ամբողջ օրուան ընթացքին, Հայաստանի զինուած ուժերու  ստորաբաժանումները գնդակոծած են ազրպէյճանական զինուորական դիրքերը, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակավայրերը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ Հայաստանի զինուած ուժերը սահմանի ամբողջ երկայնքով որեւէ գործողութիւն չեն կատարած եւ նոյնիսկ մէկ կրակոց չեն արձակած: Աւելի՛ն. ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի նման մնայուն գործելաոճի, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը երբեք եւ որեւէ պարագայի նշանառութեան տակ չեն առած խաղաղ բնակավայրերը, եւ պնդումները զանոնք ռմբակոծելու վերաբերեալ պարզունակ ապատեղեկատուութիւն են, կամ` ազրպէյճանական կողմի ապագայ  սադրանքներու համար տեղեկատուական նախապատրաստութեան փորձ:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նախազգուշացնէ Ազրպէյճանի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութիւնը, որ որեւէ սադրանքի պարագային հայկական կողմը պիտի դիմէ պատասխան կոշտ գործողութիւններու եւ կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու նոր արկածախնդրութիւններէ, որոնք կրնան անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ ամբողջ շրջանին համար:

Սին մեղադրանքներու գործելաոճէ խուսափելու լաւագոյն տարբերակը 1994-1995-ի զինադադարի համաձայնութեան անվերապահ կատարումն է, նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խմբակի կարողութիւններու յաւելումն ու դէպքերու  հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրումը:

Պաշտպանութեան Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ
Տեղի Ունեցած Է Սահմանամերձ Համայնքներու Խնդիրներու
Համակարգման Յանձնախումբի Նիստ

26 յուլիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է սահմանամերձ համայնքներու համակարգման ենթակայ հարցերու լուծման նպատակով ստեղծուած միջնախարարական յանձնախումբի 4-րդ նիստը, որ կը ղեկավարէր յանձնախումբի նախագահ, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:

Սահմանամերձ համայնքներու մէջ ներդրումային ծրագիրներու  իրականացման, դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու դիմաց պատնէշներու, հրետակոծութենէ պատսպարուելու նպատակով թաքստոցներու կառուցման, իրադրութեան սրման պարագային  բնակիչներու կողմէ պահակային ծառայութիւն իրականացնելու նպատակով զէնքի տրամադրման, գիւղատնտեսական նշանակութեան հողատարածքներ տանող ճամբաներու բարեկարգման եւ շարք մը այլ հարցերու վերաբերեալ տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքի մասին զեկուցումներով հանդէս եկած են համապատասխան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները, իսկ համայնքներու  ղեկավարները ներկայացուցած են իրենց դիտարկումներն ու առաջարկները:

Նիստին մասնակցած են նաեւ այս համայնքներուն մէջ վերջին տարիներուն ծրագիրներ իրականացուցած միջազգային գործընկեր կառոյցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու  ներկայացուցիչները, որոնք եւս ներկայացուցած են իրենց առաջարկները:

Նիստին ընթացքին քննարկուած են սահմանամերձ համայնքներու  անվտանգութեան խնդիրներու վերաբերող շարք մը հարցեր:

Հանդիպում Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան
Դիւանագիտական Դպրոցի Ունկնդիրներուն Հետ

26 յուլիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի ունկնդիրները:

Պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է միջազգային զինուորական փոխադարձ գործակցութեան ասպարէզի ներկայ զարգացումները, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու հետ միասնաբար իրականացուող ծրագիրներուն:

Հանդիպումին ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը պատասխանած է դիւանագիտական դպրոցի ունկնդիրներու հարցումներուն եւ վստահութիւն յայտնած, որ անոնք իրենց մասնագիտական ամբողջ ներուժը պիտի ներդնեն միջազգային ասպարէզին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հետագայ  յառաջընթացը ապահովելու գործին համար:

Նախարար Սարգսեան Ընդունած Է Քանսաս Նահանգի
Ազգային Պահակագունդի Պատուիրակութիւնը

26 յուլիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Քանսաս նահանգի ազգային պահակագունդի, հրամանատար, գնդապետ- զօրավար Լի Թաֆանելլի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կ՛ընկերակցէր Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզ:

Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Քանսասի ազգային պահակագունդին միջեւ համագործակցութեան շրջագիծին մէջ իրականացուող ծրագիրներու արդիւնքները:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը կարեւոր նկատած է արհեստավարժ սերժանտական համակարգի զարգացման, զինուորական բժշկութեան եւ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցելու պատրաստուող հայկական ստորաբաժանումներու գնահատման նպատակով իրականացուող միջոցառումներուն ընթացքին ունեցած ձեռքբերումները եւ նախանշած  համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:

Ամերիկեան կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է այս ուղղութիւններով համագործակցութիւնը շարունակելու երկարատեւ ծրագիրներու ձեւաչափով, եւ անդրադարձած զինուորական-բժշկական ծառայութեան կազմակերպման, անձնակազմի կրթութեան եւ վերապատրաստման ապահովման, վերականգնողական ծրագիրներու եւ այլ ասպարէզներու մէջ խորհրդատուութեան տրամադրման նշանակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

 

Նախորդը

Բաբլոյեան Բարձր Գնահատած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Հարցով Արժանթինի Պաշտօնական Տեսակէտը

Յաջորդը

Խմբագրական. Լիզպոնի Ուղերձներն Ու Համահայկական Հռչակագիրի Հիմնադրոյթները (Լիզպոնի Գործողութեան 34-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?