Այս օրերուն Արցախ գտնուող Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Մերձսեւծովեան երկիրներու յանձնախումբի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան հարցազրոյց մը տուած է «Ապառաժ»-ին` Արցախի վերաբերող քաղաքական իրադարձութիւններու, արցախեան տագնապին ու տեսլականներուն վերաբերեալ:
Ըստ Մարիօ Նալպանտեանի, արցախեան տագնապի լուծման հորիզոնը նկատելի պիտի ըլլայ միայն հիմնական դերակատարներու` Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ բանակցութիւններու վերսկսման պարագային:
«Բնական է հիմնական դերակատարներու ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը` տարբեր տագնապներու լուծման, եւ Արցախ պէտք չէ բացառութիւն ըլլայ: Բանակցութիւնները պէտք է ըլլան դէմ առ դէմ: Այլեւս անյետաձգելի է Արցախի մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն: Ճիգ պէտք է թափել, որովհետեւ բանակցող կողմ ըլլալու հանգամանքը պիտի նպաստէ տագնապի լուծման», նշած է ան:
Խօսելով բանակցութիւններուն մէջ հայկական կողմի սկզբունքային հարցերուն մասին` Մարիօ Նալպանտեան նախ եւ առաջ առանձնացուցած է Արցախի Հանրապետութեան սթաթիւս քոն, այնուհետեւ շեշտած է նաեւ անվտանգութեան երաշխիքներու կարեւորութիւնը:
«Արցախի անվտանգութիւնը ինքնաբերաբար կը դառնայ Հայաստանի անվտանգութեան հարց: Եթէ այդ երաշխիքները չըլլան, բանակցութիւնները անխուսափելիօրէն փակուղիի մէջ պիտի յայտնուին, սակայն այսօր Ազրպէյճան պատրաստ չէ այս հարցերուն մասին լրջօրէն խօսելու», շեշտած է Նալպանտեան` համոզում յայտնելով, որ պետական եւ միջազգային բարձր մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող հանդիպումները կը նպաստեն լարուածութեան մեղմացման եւ կը ստեղծեն երկխօսութեան նուազագոյն նախադրեալներ:
Տագնապի լուծման համար պէտք է ստեղծուին նաեւ որոշ նախադրեալներ, որոնք, ըստ Նալպանտեանի, այսօր չկան տակաւին:
«Որեւէ պետութիւն իրաւունք չունի խաղալու ժողովուրդի ճակատագիրին հետ: Այսօր մենք կը տեսնենք, որ հայ ժողովուրդի որոշ դաշնակից պետութիւններ չեն հասկնար, որ իրենց դերակատարութիւնը պէտք է ըլլայ արդար խաղաղութիւն հաստատելու ծիրին մէջ: Այդ գիտակցութիւնը պէտք է առաջնորդէ մեր դաշնակիցները, հակառակ պարագային պիտի տուժէ բանակցային հոլովոյթը եւ հարցի խաղաղ լուծումը», ընդգծած է ան:
Խօսելով Ընկերվար միջազգայնականի օրակարգին վրայ Արցախի շուրջ ծաւալող քննարկումներուն մասին` Մարիօ Նալպանտեան նշած է, որ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր ընկերվարական եւ ժողովրդավարական կուսակցութիւններու միջազգային միաւորումը կուսակցական մակարդակի վրայ կը փորձէ ստեղծել պայմաններ, որոնք պիտի նպաստեն երկխօսութեան:
«Ընկերվար միջազգայնականին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ունի կարեւոր դերակատարութիւն, եւ անիկա հարթակ մըն է, ուր առիթ կը ստեղծուի Արցախի հարցին էութիւնը եւ զարգացումները ճիշդ ձեւով ներկայացնելու: Յստակ է, որ Արցախի ժողովուրդը ունի ինքնորոշման իրաւունք, եւ այդ առումով յաջողած ենք կառոյցին մէջ դրական տրամադրութիւններ ստեղծել», նշած է Մարիօ Նալպանտեան եւ կարեւոր նկատած այդ ուղղութեամբ Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալայի դերակատարութիւնը, որ տարբեր առիթներով եղած է Երեւանի եւ Պաքուի մէջ եւ կուսակցական ու պետական բարձր մակարդակով ներկայացուցած է կազմակերպութեան մտահոգութիւնը եւ փափաքը` դրական ներդրում ունենալու հարցի լուծման մէջ:
Առաջին օրէն Արցախը մասնակցելու էր բանակցութիւններուն իբրեւ իրաւացի կողմ։ Այսօր կրկին զոհ տուինք Տաւուշի սահմանը, բոլորովին անընդունելի է, կարելի չէ բանակցութիւններ ունենալ յարձակողապաշտ թշնամիին հետ, ապարդիւն են բանակցութիւնները, մենք զմեզ կը խաբենք։ Երբ թշնամին կը հարուածէ, մեր հակահարուածը սաստկօրէն ըլլալու է, այլապէս միշտ պիտի հարուածեն։ Ցաւօք մի վստահիք ոչ թուրքին ոչ ալ ռուսին։ Զարկէք եւ ընդմիշտ լուծեցէք հարցը։
Հարցեր կան կարելի է լուծել խոհեմութեամբ եւ իմաստութեամբ երբ ունենաս արդար եւ առողջ միտքով ղեկավարութիւն, իշխանութիւն եւ պետականութիւն։ Մենք տակաւին շատ հեռու ենք։