Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Մնացականեան. «Եթէ Նոր Յարձակում Ըլլայ` Հայկական Կողմը Պիտի Անցնի Հակայարձակման»

Յուլիս 31, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Այսօր կրնանք վստահօրէն ըսել, որ մենք առաջնագիծին վրայ չունինք գոնէ մէկ հատուած, որ կը դիտարկուի թշնամիին կողմէ», այս մասին Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Օրակարգից դուրս» հաղորդման ժամանակ յայտարարեց Արցախի պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեան:

Ան նաեւ նշեց, թէ միանշանակ կրնանք փաստել, որ հետախուզական ներթափանցման փորձեր այլեւս չեն իրականացուիր թշնամիին  կողմէ:

«Այլեւս չկան ոչ թէ այն պատճառով, որ չեն կրնար, այլեւ չկան, որովհետեւ մենք թոյլ չենք տար», յայտարարեց նախարարը:

Ան նաեւ վերահաստատեց այն յայտարարութիւնը, որ անկախ անկէ, թէ ո՛ւր տեղակայուած է թշնամիին կրակակէտը, եթէ կրակ բացուի մեր յառաջապահ ստորաբաժանումներուն վրայ` պատասխան պիտի ստանան:

Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը նաեւ յայտարարեց, որ եթէ նոր յարձակում ըլլայ` հայկական կողմը պիտի անցնի  հակայարձակողական գործողութիւններու`  թշնամիին հասցնելով ջախջախիչ հարուած:

Նախարար Լեւոն Մնացականեան անդրադարձած է սպառազինութեան եւ զինուորական հաւասարակշռութեան խնդիրներուն:

Նախարարին համաձայն, Ազրպէյճանի կողմէ սպառազինութեան գնումներէն անկախ` ուժերու հաւասարակշռութիւնը երբեք չէ  խախտած ու պիտի չխախտի: Հաւասարակշռութիւնը խախտած է 1992-ին, եւ այն ժամանակ իրենք ունէին բացարձակ առաւելութիւն բոլոր զինատեսակներով: Եւ այդ պայմաններուն մէջ չկրցան կատարել իրենց առջեւ դրուած խնդիրները:

«Ունեցանք այն, ինչ որ արձանագրուեցաւ 1994-ի մայիսին: Փորձը ցոյց տուած է, որ ազրպէյճանական բանակը իր զինատեսակներու  կիրարկման արդիւնաւէտութեան մասով լուրջ խնդիրներ ունի, որուն գծով համոզուեցանք նաեւ 2016-ի ապրիլեան գործողութիւններուն ժամանակ», ըսաւ ան:

Լեւոն Մնացականեան նշեց, որ ապրիլին թշնամին կիրարկած էր լաւագոյն արդի ժամանակակից զէնքեր: Գործածուած են «Սմերչ» համակարգեր, կիրարկուած են հրանետային համակարգեր` «ԹՈԳ-1», իսրայէլական, թրքական համազարկային «Գասիրկա» Թ-300 հրթիռային միջոցները նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր, որոնց մէկ մասը ճշգրիտ խոցման միջոցներ են: Սակայն հակառակորդը ունեցած է ընդամէնը մասնակի յաջողութիւն տուեալ ուղղութիւններուն վրայ: Ատիկա կը յուշէ, որ հակառակ ձեռքբերումներուն, այնուամենայնիւ, իրենք հարց ունին կիրարկման եւ այդ զինուորական սարքերու գործածութեան առումով:

Ըստ նախարարին, մէկ անգամուան ուսուցումը չի նշանակեր, որ ստորաբաժանումը կամ զօրամասը պատրաստ են զինատեսակը արդիւնաւէտ ձեւով կիրարկելու:

2016-ի ապրիլեան պատերազմի օրերուն Ազրպէյճանի բանակը, այսպէս կոչուած «052 Եաշմա» յատուկ նշանակութեան ընտրանիներու զօրամասէն միայն 400-է աւելի զոհ ունեցած է:

«Իրենց դիակները, որ փոխանակած ենք, եղած է փաստաթուղթ, ուր նշուած է` «Եաշմա»-ի 052 զօրամասէն 71 կամ 72-րդ խումբը: Ատիկա  ենթադրել կու տայ, որ «Եաշմա» զօրամասի 1000-րդ զինուորը գտնուած է զինուորական գործողութիւններու մէջ եւ ոչնչացուած է: Այսինքն` զօրամասը լրիւ կազմով ընդգրկուած եղած է հիւսիսային ուղղութեան մարտական գործողութիւններուն մէջ: Հակառակ անոր, որ իրենք կը յայտարարեն, որ չեն յարձակած», ըսաւ պաշտպանութեան նախարարը:

Անոր համաձայն, այսօր Ազրպէյճանի մէջ կ՛իրականացուին յատուկ նշանակութեան զօրամասի վերականգնողական աշխատանքներ: Այդ աշխատանքները կը կատարուին զօրամասերու, միաւորումներու մէջ, պայմանագրային զինուորներէն կ՛ընտրեն յատուկ ջոկատայիններ, կ՛աշխատին, որ վերականգնեն: Սակայն նախարարը չի կարծեր, որ նման կորուստներէ ետք, մօտ երկու տարուան ընթացքին Ազրպէյճանը կրնայ ուշքի գալ: Եթէ նոյնիսկ ուժերը համալրեն, տակաւին հարց է` ի վիճակի կ՛ըլլա՞ն լուրջ խնդիրներ լուծելու:

Նախարար Լեւոն Մնացականեան խօսելով շփման գիծի երկայնքին տարուող ճարտարագիտական եւ կահաւորման աշխատանքներու մասին, նշեց, որ իրականացուած են հսկայական ծաւալի աշխատանքներ թէ՛ առաջնագիծին, թէ՛ կրակային դիրքերուն, թէ՛ կեդրոնացման շրջաններուն մէջ` շփման գիծի ամբողջ երկայնքին: Ուշադրութեան կեդրոնը եղած են առաջնային գիծն ու յենակէտերը, ուր տեղադրուած  են լրացուցիչ ծածկեր, բարելաւուած են խրամուղիները, հաղորդակցման ուղիները: Բարձրացած է առաջնային գիծին մէջ  զինուորներու մարտական հերթապահութեան անվտանգութիւնը:

«Առաջնագիծին մէջ չունինք գոնէ մէկ հատուած, որ կը դիտարկուի  հակառակորդին կողմէ: Վստահ կրնանք ըսել, որ անկախ կրակային միջոցէն, մենք բոլոր պայմաններուն մէջ` ըլլայ ցերեկ թէ գիշեր, կրնանք արդիւնաւէտ կրակ վարել: Մենք լուրջ քայլերու ձեռնարկած ենք կրակային միջոցներու համակարգերու կարելիութիւնները ընդլայնելու ուղղութեամբ», ըսաւ պաշտպանութեան բանակի  հրամանատարը:

Փորձած են կարելիութիւնները ընդլայնել յատկապէս տեսադիտարկման աշխատանքներու եւ կրակային խոցման միջոցներու ուղղութեամբ: Եւ եթէ նախապէս սահմանափակ պայմաններու մէջ կային խնդիրներ, ապա հիմա վստահ կրնանք ըսել, որ անկախ կրակային միջոցէ, բոլոր պայմաններուն մէջ, կրնանք արդիւնաւէտ կրակ վարել: Բացի անկէ, աւելցուցած են ղեկավարման կարելիութիւնները,  ձեռք ձգած են նոր միջոցներ, ինչպէս հետախուզական, այնպէս ալ` կրակային: Իրականացուած են այդ բոլոր միջոցներու փորձարկումներ, որոնց արդիւնքները յուսադրող են եւ արդիւնաւէտ:

Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը ընդգծած է, թէ յատկապէս ուշադրութիւն դարձուցած են թշնամիին  գործողութիւններուն կանուխ յայտնաբերման միջոցներուն վրայ: Ատիկա, ըստ նախարարին, առաջնային գիծին մէջ զինուորներու անվտանգութեան ապահովման հիմնական նախապայմաններէն  մէկն է, եւ արդէն կարելիութիւն ունին նախօրօք գիտնալու  հակառակորդին հաւանական գործողութիւններուն վերաբերեալ, կրակային դիրքերու տեղակայման վերաբերեալ:

Ձեռք բերուած են արդի արհեստագիտութիւն պարունակող կրակային միջոցներ: Արցախի պաշտպանութեան բանակը ունի խոշոր տրամաչափի կրակային միջոցներ, որոնք նախապէս չեն եղած, կան աւելի հեռահար հակազրահապատային կրակային միջոցներ, որ  նախապէս ունեցած են, բայց ոչ բաւարար մակարդակով, ձեռք ձգուած են նաեւ արդի արհեստագիտութիւն պարունակող կրակային միջոցներ: Կը կատարուի անձնակազմի ուսուցում` կիրարկման հետ համահունչ օգտագործելու համար:

Նախարար Լեւոն Մնացականեան, անդրադառնալով Զաքիր Հասանովի յայտարարութեան, որ կը խօսէր ապրիլեան պատերազմի օրերուն միայն իրենց բանակի 15-20 տոկոսը օգտագործելուն մասին, բացայայտեց, թէ ատիկա ի՛նչ կը ներկայացնէ նշեալ տոկոսէն.

«Փորձենք հասկնալ այդ 15-20 առ հարիւր կազմը ինչ կը ներկայացնէ: Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն 15-20 առ հարիւրը կը ներկայացնէ զրահապատներ եւ հետեւակի մարտական մեքենաներ, մինչեւ 250-300 հատ զրահապատ եւ ականանետ` մինչեւ 45-500 հատ: Համազարկային հեռահար համակարգեր` արդի եւ մեծ տրամաչափի մինչեւ 60 հատ, հակազրահապատային միջոցներ մինչեւ 600-700 հատ եւ անձնակազմ` մինչեւ 20.000 եւ ինքը այդ մասին հպարտութեամբ կը խօսի: Այդքանը իրենք գործածած են ապրիլեան գործողութիւններուն ընթացքին եւ ունեցած են միայն մէկ վաշտի մարտական խնդիրին համահունչ յաջողութիւն: Իսկ ինչ կը վերաբերի «Իսքանտեր»-ին ու նման վերաբերմունքին, ես պիտի ըսէի հետեւեալը. Մարդ մը, որ  ուշադրութեան չ՛արժանացներ նման հրթիռ, որուն կշիռքը մօտաւոր  4 թոն է, որուն մարտական մասը մինչեւ 480 քիլոկրամ է, կրակի ճշդութիւնը միայն քանի մը մեթր, եւ հեռահարութիւնը քանի մը հարիւր քիլոմեթր, անտեսել նման միջոց կա՛մ միամտութիւն է, կա՛մ իրապէս գործէն անտեղեակ մարդու տպաւորութիւն կը ձգէ վրաս: Եւ թէ ինչ միջոցով պիտի ոչնչացնէ «Իսքանտեր»-ը, կը յայտարարէ, թէ  ինչպիսի՛ հրթիռներ ունին իրենք: Բայց ատիկա ի՞նչ նշանակութիւն ունի, թէ ինչ հրթիռներ ունին: Ամէն բնոյթի նշանակէտի համար գոյութիւն ունի իր հրթիռը, եւ ուր անհրաժեշտ է իր հրթիռը  արձակուելու, կը կարծեմ` ատիկա միամտութիւն է: Կ՛երեւի, վախի զգացողութեամբ կատարուած յայտարարութիւն է»:

Նախորդը

Վարչապետ Կարապետեան. «Եթէ Կ՛ուզենք Ունենալ Լաւ Պետութիւն, Պէտք Է Տրամադրենք Լաւագոյն Կրթութիւնը»

Յաջորդը

Սէուտցի Գահաժառանգը Կը Տեսակցի Սէյիտ Մուքթատա Սատրի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?