Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմադրութիւնը Ազատագրեց Արսալի Բարձունքներուն 93 Առ Հարիւրը, Իսկ Մնացեալ 7 Տոկոսին Ազատագրումը Լիբանանեան Բանակին Պատասխանատուութիւնն Է

Յուլիս 27, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ վեց տարիէ ի վեր բռնագրաւուած Ասրալի բարձունքներու ազատագրման ճակատամարտը, որ վեց օր առաջ սկսաւ Հըզպալլայի եւ լիբանանեան բանակին կողմէ, երէկ շարունակուեցաւ` յաւելեալ զոհեր եւ նիւթական վնասներ պատճառելով, ինչպէս նաեւ աշխարհագրական նեղ դիրքի մը` Հմայտ հովիտին եւ Մալահիի մէջ շրջափակելով ահաբեկիչներուն մնացորդացը:

Դիմադրութեան մարտիկները երէկ հասան Հմայտ հովիտի մուտքին եւ ռմբակոծեցին զինեալներուն կեդրոնները, որոնք կը գտնուին Հմայտ հովիտին հարաւ-արեւելքը:

Դիմադրութեան պատերազմական աղբիւրները շեշտեցին, որ իրենք բնաւ ռմբակոծումի թիրախ չեն դարձներ քաղաքայինները` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան մարտիկները Հմայտ հովիտ եւ Մալահի մուտք պիտի չգործեն:

Դիմադրութեան մարտիկները հաստատեցին, որ այն շրջանները, ուր քաղաքայիններ կան, լիբանանեան բանակին պատասխանատուութիւնն են:

Յետմիջօրէին Դիմադրութեան սակրաւորները վնասազերծեցին Արսալի բարձունքներուն վրայ Ժապհաթ Նուսրայի լարած ականները:

Մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 հաստատուեցաւ, որ Հըզպալլան արդէն իսկ ազատագրած է Արսալի բռնագրաւուած բարձունքներուն 93 առ հարիւրը` աւելցնելով, որ տակաւին բռնագրաւուած կը մնայ միայն 7 առ հարիւրը:

«Դիմադրութեան կողմէ Արսալի բարձունքներուն ազատագրման նպատակն է լիբանանեան բանակի նահատակներուն վրէժը լուծել», հաստատեց Հըզպալլայի տեղեկատու աղբիւրը` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան մարտիկները Հմայտ հովիտին դիմաց գտնուող բարձունքներուն վրայ Հըզպալլայի եւ Լիբանանի դրօշներուն կողքին բարձրացուցած են նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ընթացքին զոհուած բանակայիններուն լուսանկարները:

Դիմադրութեան աղբիւրներ երէկ առաւօտեան յայտնեցին, որ Ժապհաթ Նուսրայի զինուորական գործողութիւնները ղեկավարող Ամմար Ուարտի ծանրօրէն վիրաւորուած է Դիմադրութեան մարտիկներուն փամփուշտով:

Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Թալլիի գտնուած վայրին մասին շրջանառութեան մէջ դրուեցան երկու վարկածներ, որոնցմէ առաջինին համաձայն, ան կը գտնուի Հմայտ հովիտին մէջ, որովհետեւ Սարայա ահըլ շամը կ՛արգիլէ անոր մուտքը Մալահի շրջան:

Իսկ երկրորդ վարկածին համաձայն, Թալլի եւ անոր ընկերակցող 15 ահաբեկիչներ երկու օրէ ի վեր կորսուած են եւ անոնց հետ կապեր չկան:

Երեկոյեան ժամը 7:00-էն ետք սուրիական օդուժը ռմբակոծեց Զամարանիի անցքը, իսկ լիբանանեան բանակը ռմբակոծեց արեւելեան լեռնաշղթան` արգիլելու համար ահաբեկիչներուն կատարելիք ներթափանցման փորձերը:

Լիբանանեան բանակը զինուորական խիստ միջոցառումներ որդեգրեց Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի մօտակայքը գտնուող իր դիրքերուն շուրջ:

Անպաշտօն աղբիւրներ նշեցին, որ լիբանանեան բանակը կը պատրաստուի ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրել Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքները:

Պաալպեք-Հերմելի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Ռահհալ եպիսկոպոս շեշտեց, որ ինք կը խոնարհի ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմի ընթացքին թափած արեան իւրաքանչիւր կաթիլի դիմաց` մաղթելով, որ Լիբանանի բարձունքներուն վրայ Դիմադրութեան սկսած պատերազմը շարունակուի հասնելով մինչեւ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներ:

Նշենք, որ Նապաթիէի մէջ սկսաւ ժողովրդային արշաւ մը` առ ի զօրակցութիւն Արսալի բարձունքներուն վրայ կռուող Դիմադրութեան մարտիկներուն:

Նապաթիէի բնակիչները նախաձեռնեցին մարտիկներուն սննդեղէն ապահովելու արշաւի մը:

Միւս կողմէ, նախկին Առաջին տիկին Անտրէ Լահուտ մասնակցեցաւ Սէյիտ Շուհատա համալիրին մէջ տեղի ունեցող Դիմադրութեան մարտիկներուն համար ճաշի պատրաստութեան աշխատանքին:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Արձանագրուած Յաղթանակը Զինուորական Հսկայ Նուաճում Մըն Է, Որ Պիտի Շարունակուի Հասնելով Իր Աւարտին»

Յաջորդը

Բաբլոյեան Բարձր Գնահատած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Հարցով Արժանթինի Պաշտօնական Տեսակէտը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?