Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բիւրականի Մէջ Բացում` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Կազմակերպած «Արդար Հայրենիք, Հզօր Հայաստան» Բանակումին

July 31, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 յուլիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 3:00-ին, 130 ԼԵՄ-ականներ եւ տասնեակ մը ՀԵՄ-ականներ հասան Բիւրականի բանակավայր` մասնակցելու համար ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած բանակումին:

Բանակումի կարգախօսն է «Արդար հայրենիք, հզօր Հայաստան»: Բանակողները բաժնուեցան խումբերու, որոնք կոչուած են արցախեան ազատագրական պայքարին մասնակցած ազատամարտիկ ընկերներու անուններով:

Նոյն օրը, առաւօտեան ժամը 9:00-ին կատարուեցաւ բանակումի բացման արարողութիւնը, որուն ընթացքին հերթապահ ընկերներ Վաչէ Բրուտեան, Հարմիկ Յովսէփեան եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յարութ Լափաճեան ուղղեցին իրենց բարի գալուստի խօսքերը:

Սոյն բանակումը իւրայատուկ դպրոց մը պիտի հանդիսանայ մասնակիցներուն մտային, գաղափարական, ինչպէս նաեւ  ֆիզիքական դաստիարակութեան առումով: Ծրագիրը ընդհանուր գիծերու մէջ կ՛ընդգրկէ դասախօսական շարք մը, որ կ՛ընդգրկէ ՀՅԴ ծրագիրի հոլովոյթը, վերանկախացած Հայաստանի դիմագրաւած խնդիրները, ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու ներազգային ու միջազգային գործունէութեան հորիզոնները եւ դիմագրաւած ներկայի մարտահրաւէրները, ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ (ներկայի մարտահրաւէրներ  եւ   ապագայի ծրագիրներ), Հայաստանի մէջ գործարարութեան նախաձեռնութեան ձեւերու եւ տարբեր տեսակի գործի առիթներու ներկայացում, հայկական յեղափոխական եւ ազգագրական երգերու ներկայացում եւ այլն: Բանակումը կ՛ընդգրկէ նաեւ այլ դաստիարակչական ծրագիրներ, մարզական յայտագիրներ, արշաւներ եւ պտոյտներ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է հետեւիլ ԼԵՄ-ի Դիմատետրի էջին եւ «Ազդակ»-ի մէջ յառաջիկային լոյս տեսնելիք լրատուութիւններուն:

Նախորդը

Լիբանանահայ Դաշնակցական Պատանիները Կը Մասնակցին «Խանասորէն Շուշի» Համահայկական Պատանեկան Բանակումին

Յաջորդը

ՀՄԸՄ Լիբանան Տիրացաւ Փինկ-Փոնկի, Աթլեթի, Ֆութսալի Եւ Ֆութպոլի Տղոց Ախոյեանութիւններուն. Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերը Աւարտեցան Փայլուն Յաջողութեամբ

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.