Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է ԵԱՀԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղար Լամպերթօ Զանիերը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է ԵԱՀԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղար Լամպերթօ Զանիերը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Լամպերթօ Զանիերը, որ Հայաստան կը գտնուի քննարկելու Հայաստան-ԵԱՀԿ համագործակցութիւնը շարունակելու կարելիութիւններն ու հեռանկարը: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ բարձր գնահատած  ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին` Հայաստանի հետ  համագործակցութիւնը: Գլխաւոր քարտուղար Լամպերթօ Զանիերը ափսոսանք յայտնած է ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի գործունէութեան թղթածրարի կասեցման առնչութեամբ` նշելով, որ կազմակերպութիւնը, այնուհանդերձ, պատրաստակամ է եւ շահագրգիռ շարունակելու հետագայ...

Աղուան Վարդանեան. «Կը Խախտենք Խաղին Կանոնները, Որ Պիտի Դառնայ Բացառութիւն, Յետոյ` Ուրիշ Բացառութիւն Մը»

Աղուան Վարդանեան. «Կը Խախտենք Խաղին Կանոնները, Որ Պիտի Դառնայ Բացառութիւն, Յետոյ` Ուրիշ Բացառութիւն Մը»

Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին քննարկուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կառուցուածքին մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու վերաբերեալ կառավարութեան ներկայացուած նախագիծը: Հիմնական զեկուցողը` արդարադատութեան փոխնախարար Արթուր Յովհաննիսեանը նշեց, որ պէտք է կառավարութեան կառուցուածքը համապատասխանեցնել սահմանադրական փոփոխութիւններուն, ըստ որոնց, նախարարներուն թիւը պէտք չէ գերազանցէ 18-ն: «Այսինքն` կառավարութեան կազմին մէջ չըլլայ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար պաշտօնը, ըլլայ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար հայեցակարգային պաշտօնը, սակայն աշխատավարձը կը մնայ...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին Եւ Այնճարի Քաղաքապետը Այցելեցին Մշակոյթի Նախարարին

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին Եւ Այնճարի Քաղաքապետը Այցելեցին Մշակոյթի Նախարարին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան եւ Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ այցելեցին մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի եւ քաղաքապետ Խոշեան շնորհակալութիւն յայտնեցին Խուրիի Այնճար այցելութեան եւ Այնճարի բերդին մէջ փոքր պալատի մը բացումը կատարելուն համար, ինչպէս նաեւ Այնճարի հնութիւնները պահպանելու իմաստով մշակոյթի նախարարութեան ունեցած ներդրումին առիթով:

Ներքին Սեմինար Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին Մէջ

Ներքին Սեմինար Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին Մէջ

Շաբաթ, 20 մայիս 2017-ի օրը տօնական օր էր Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին համար: Վարժարանի հայ ուսուցիչները, Մարսէյի Համազգայինի ներկայ վարչութիւնը` իր ամբողջական կազմով, նախկին վարչականներ, ծնողներու ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն պատուիրակութիւն մը եւ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ հրաւիրուած զեկուցաբերներ, ընդամէնը` 38 հոգի ճշդուած ժամուն ներկայ էին մասնակցելու «Մարսէյի Համազգայինի երկլեզու Ճեմարանին դերը ֆրանսահայ գաղութի հայկական դիմագիծի ապագայ հոլովոյթին մէջ» ընդհանուր խորագիրը կրող...

Մհերին Յիշատակը Պանծացնող «Մհեր Ջուլհաճեան» Միջդպրոցական Շարադրական Մրցանք

Մհերին Յիշատակը Պանծացնող «Մհեր Ջուլհաճեան» Միջդպրոցական Շարադրական Մրցանք

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` երեքշաբթի, 30 մայիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կատարուեցաւ 21 յունուար 2017-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ` կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ Արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի հարազատներուն ու ընտանեկան պարագաներուն: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի...

«Դէպի Յաղթանակի Հարիւրամեակ» Նշանաբանով` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Մեծ Ընտանիքը Նշեց Մայիսեան Անկախութեան 99-ամեակը

«Դէպի Յաղթանակի Հարիւրամեակ» Նշանաբանով` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Մեծ Ընտանիքը Նշեց Մայիսեան Անկախութեան 99-ամեակը

Կրկին մայիս 28-ն էր: Մեր պատմութեան ամէնէն փառահեղ տօնը, փառքի ու յաղթանակի, լոյսի ու յաւերժութեան տօնը. որովհետեւ մայիս 28-ով կը մարմնաւորուի հայ ազգի անկախ գոյատեւելու կամքը եւ ինքնուրոյն զարգացումը: Մայիս 28-ով սերունդներ իրենք զիրենք կը ճանչնան Սարդարապատով, Ղարաքիլիսայով եւ Բաշ  Ապարանով: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը իր թեւերուն տակ հաւաքեց ո՛չ միայն իր բոլոր անդամները, այլեւ ամբողջ...

Սարդարապատի Յուշահամալիրին Մէջ.   «Եթէ Չըլլար 1918 Թուականի Մայիս 28-ը, Չէր Ըլլար Խորհրդային Հայաստանը, Եւ Չէր Ըլլար Ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»  Նշեց Նախագահ Սարգսեան

Սարդարապատի Յուշահամալիրին Մէջ. «Եթէ Չըլլար 1918 Թուականի Մայիս 28-ը, Չէր Ըլլար Խորհրդային Հայաստանը, Եւ Չէր Ըլլար Ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը» Նշեց Նախագահ Սարգսեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 մայիսին Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ յուշահամալիր այցելած հիւրերուն հետ մասնակցեցաւ Հանրապետութեան տօնին նուիրուած տօնակատարութեան: Հանրապետութեան նախագահը ծաղկեպսակ զետեղեց Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք մատուցեց: Զօրահանդէսին մասնակիցները ողջունելէ եւ պատուոյ նուագախումբի հանդիսաւոր քայլերթը ընդունելէ ետք, նախագահը հանդիսութեան մասնակիցներուն հետ Սարդարապատի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ...

ՀՅԴ Քարոզչական Մարմին.  Հայոց Պետական Մտածելակերպի Վերարժեւորում` Անկախ Պետականութեան Վերականգնման 99-Ամեակի Նշման Ընդմէջէն

ՀՅԴ Քարոզչական Մարմին. Հայոց Պետական Մտածելակերպի Վերարժեւորում` Անկախ Պետականութեան Վերականգնման 99-Ամեակի Նշման Ընդմէջէն

Երէկ` երկուշաբթի, 29 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակի տօնակատարութիւն` ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին կազմակերպութեամբ: Վիգէն Գուճանեան                         Աւօ Մարգարեան                      Ամատունի Վիրապեան Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ ձեռնարկը ընթացք առաւ: Ձեռնարկին...

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Զօրակցի Արցախի Մէջ Սարդարապատի Շունչով Հայոց Հողն Ու Իրաւունքը Պաշտպանող Հերոսներուն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Զօրակցի Արցախի Մէջ Սարդարապատի Շունչով Հայոց Հողն Ու Իրաւունքը Պաշտպանող Հերոսներուն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի նախօրեակին, կիրակի, 28 մայիս 2017-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն` Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց կեանքերը զոհաբերած քաջարի հերոսներու հոգիներու յիշատակին: Արարողութեանց հանդիսապետեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառը: Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Սարդարապատի...

Մայիս 28-ի Առիթով.  Դաշնակցական Երիտասարդները Երդում Տուին Դրոյի Շիրիմին Վրայ

Մայիս 28-ի Առիթով. Դաշնակցական Երիտասարդները Երդում Տուին Դրոյի Շիրիմին Վրայ

Ամէն տարի մայիս 28-ն մեծ շուքով կը նշուի Ապարան քաղաքին մէջ: Սարդարապատ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսա. յաղթանակներու այս շղթան պատճառ դարձաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ծնունդին եւ հայերուն վերադարձուց յաղթանակի բերկրանքը: Բացի տօնական ձեռնարկներէն, մայիս 28-ն իւրայատուկ օր էր աւելի քան երկու տասնեակ երիտասարդներու համար: Անոնք հայրենիքը կեանքի գնով պաշտպանելու երդում տուին Դրոյի` Դրաստամատ Կանայեանի շիրիմին վրայ: Մայիսեան հերոսամարտին ընթացքին` իբրեւ փորձառու...

Պետական Բարձրագոյն Պարգեւներ` Հանրապետութեան Տօնին Առիթով

Պետական Բարձրագոյն Պարգեւներ` Հանրապետութեան Տօնին Առիթով

Մայիսեան յաղթանակներուն, Հայաստանի հանրապետութեան 99-ամեակին եւ Հանրապետութեան տօնին առիթով մայիս 28-ին, նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պետական բարձրագոյն պարգեւներու յանձնում.տարբեր ծաայութիւններու տարբեր աստիճանի պարգեւներու առընթեր, Հայրենիք- սփիւռք կապերու խորացման եւ ընդլայնման գործին իրենց բերած նպաստին համար երախտագիտութեան շքանշան ստացած են Լիբանանէն Բիւզանդ Գէորգեան, Քուէյթէն Յարութ Պէտիրեան, Սուրիայէն Արթին Վարդանեան. Մովսէս Խորենացի շքանշան` Իրանէն Դերենիկ Մելիքեան, եւ Հայաստան Հիմնադրամի 25-ամեակի մետալ՝...

Խմբագրական.   Ազգի Շարունակականութեան Ապահովումը

Խմբագրական. Ազգի Շարունակականութեան Ապահովումը

Տարի մը մեզ կը բաժնէ մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 100-ամեակէն: Երեւանի մէջ յառաջացած է պետական յանձնաժողով` մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգելու համար: Վստահաբար բարձրագոյն մակարդակով, որակեալ եւ համահայաստանեան տարողութեամբ կը մշակուին, կը նախապատրաստուին եւ կ՛իրականանան այն բոլոր ծրագիրները, որոնք կը նախագծուին արժանաւորապէս նշելու մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն անկիւնադարձային եւ ամէնէն ճակատագրորոշ շրջափուլը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ...

Ազգային Արխիւի Տնօրէնը Այցելեց Ազդակ

Ազգային Արխիւի Տնօրէնը Այցելեց Ազդակ

Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան, այցելեց Ազդակ. տնօրէնութեան հետ կայացած շահեկան հանդիպումին ընթացքին կայացած խորհրդակցութեան հիմնական առանցքը կը վերաբերէր Ազգային արխիւին մէջ գտնուող Հայաստանի առաջին հանրապետութեան վերաբերող նիւթերուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 100-ամեակին առիթով նախատեսուած նոր արխիւային նիւթերու հրատարակման ծրագիրներուն։ Ամատունի Վիրապեան կ՛այցելէ Պէյրութ հրաւէրովը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, բանախօսելու համար մայիսեան յաղթանակներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկին, որ...

Հայաստանի Նախկին Կառավարութեան Անդամները Վերանշանակուեցան.  Դաւիթ Յարութիւնեան` Արդարադատութեան Նախարար

Հայաստանի Նախկին Կառավարութեան Անդամները Վերանշանակուեցան. Դաւիթ Յարութիւնեան` Արդարադատութեան Նախարար

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հինգշաբթի, 25 մայիսին ստորագրած է նախարարներ նշանակող հրամանագիրներ: Նախագահի հրամանագիրներով նախարար նշանակուած են` Վաչէ Գաբրիէլեան` միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար, Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ. Սուրէն Կարայեան` տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար. Էդուարդ Նալբանդեան` արտաքին գործոց նախարար. Վիգէն Սարգսեան` պաշտպանութեան նախարար. Իգնատի Առաքելեան` գիւղատնտեսութեան նախարար. Աշոտ Մանուկեան`  ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար. Վահան Մարտիրոսեան` փոխադրութեան,...

Դեսպան Մկրտչեան Շնորհաւորեց  Զօր. Աունը

Դեսպան Մկրտչեան Շնորհաւորեց Զօր. Աունը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան 24 մայիսին այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն յանձնեց Հայոց բանակի ընդհանուր հրամանատար Մովսէս Յակոբեանի շնորհաւորական ուղերձը` զօր. Աունի հրամանատար նշանակուելուն առիթով: Իր ուղերձին մէջ Մովսէս Յակոբեան զօր. Աունին մաղթած էր արդիւնաւէտ գործակցութիւն: Զօր. Աուն դեսպան Մկրտչեանին ներկայացուց լիբանանեան բանակին դիմաց ծառացած հարցերը, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են երկրին սահմաններուն եւ ներքին անվտանգութեան ապահովումին:...

Խմբագրական.  Հատուածայինէն Համալիբանանեանին  Անցումը` Անշրջանցելի Նախադրեալ (Դիմադրութեան Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Հատուածայինէն Համալիբանանեանին Անցումը` Անշրջանցելի Նախադրեալ (Դիմադրութեան Օրուան Առիթով)

Դիմադրութեան օրուան նշումի հատուածականացումը խորքին մէջ լուրջ հարուած է համալիբանանեան մտածողութեան կայացման գործընթացին: Գործընթաց մը, որ աւելի քան անհրաժեշտութիւն է լիբանանեան պետութեան եւ հասարակութեան համար: Քաղաքականէն մինչեւ մշակութային, հիմնական տօն-խորհուրդներէն մինչեւ մարզական կեանք համայնքայինի եւ առ այդ հատուածի գերադասումը համալիբանանեանին կը շարունակէ գլուխ ցցել եւ իւրաքանչիւր գործնական հանգրուանի համոզել, որ տեսութենէն իրողականի անցում կատարելու դժուարութեան մէջ է առաջադրուած գործընթացը: Դիմադրութեան...

Արամ Արք. Աթեշեան Հրաժարած Է Պոլսոյ  Հայոց Պատրիարքական Փոխանորդի Պաշտօնէն

Արամ Արք. Աթեշեան Հրաժարած Է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Փոխանորդի Պաշտօնէն

Պոլսոյ «Ակօս» թերթը կը հաղորդէ, թէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան հրաժարական տուած է պատրիարքական փոխանորդի իր պաշտօնէն: Հրաժարականի մասին Աթեշեան յայտարարած է պատրիարքարանին մէջ հրաւիրած հանդիպումի մը ընթացքին, որուն ներկայ եղած են կարգ մը հիմնադրամներու ղեկավարներ եւ բարերարներ: Կ՛ակնկալուի, որ շուտով այս մասին պատրիարքարանը հանդէս գայ յատուկ յայտարարութեամբ:

Ֆրանչիսկոս Պապը Եւ Թրամփը Քննարկած Են  Միջին Արեւելքի Տագնապին Խաղաղ Լուծման Ուղիները

Ֆրանչիսկոս Պապը Եւ Թրամփը Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Տագնապին Խաղաղ Լուծման Ուղիները

  Ֆրանչիսկոս պապը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ քննարկած են միջազգային տագնապներու, մասնաւորաբար, միջինարեւելեան շրջանի տագնապի խաղաղ լուծման ուղիները: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», 24 մայիսին յայտնած է Վատիկանի մամլոյ ծառայութիւնը` ամփոփելով կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուապետին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին միջեւ կայացած հանդիպման արդիւնքները: «Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են միջազգային օրակարգի շարք մը նիւթերու եւ քաղաքական հոլովոյթի ու միջկրօնական...

Քուէյթի Մէջ.  Պահրէյնի Թագաւորին Ներկայացուցիչը  Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Քուէյթի Մէջ. Պահրէյնի Թագաւորին Ներկայացուցիչը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Քուէյթի մէջ Պահրէյնի թագաւորի անձնական ներկայացուցիչ շէյխ Խալիֆա Պըն Ահմետ Ալ Խալիֆան, վեհափառ հայրապետին Քուէյթ կատարած այցելութեան երկրորդ օրը այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` իր իջեւանած պետական հիւրանոցին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ....

«Եուրոփա Լիկ».  Մանչեսթըր Եունայթըտ` Տիտղոսակիր

«Եուրոփա Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ` Տիտղոսակիր

Հենրիխ Մխիթարեան Նշանակեց Սքանչելի Կոլ Մը «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2016-2017 տարեշրջանը երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ Սթոքհոլմի մէջ (Շուէտ) 50 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ - Այաքս Ամսթերտամ աւարտական ճակատումը: Մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը` Եունայթըտ, յաջողեցաւ դառնալ տիտղոսակիր, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին: Մրցումին հաշիւը 18-րդ վայրկեանին բացաւ Փոլ Փոկպա եւ անոր կազմը` Եունայթըտ, Ա. կիսախաղը...

Page 628 of 796 1 … 627 628 629 … 796

Արխիւներ