ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Ծաղկեպսակ Զետեղեց Նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի Շիրիմին
Չորեքշաբթի, 8 յունիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, պատկան մարմինի անդամներու եւ գաղափարակից ընկերներու հետ միասին այցելեց Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող հայկական թաղերու պաշտպանութեան հրամանատար, նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի շիրիմը: Զարեհ քհնյ. Շաքարեանի աղօթքէն ետք, անոնք ծաղկեպսակ զետեղեցին եւ խունկ ու մոմ վառեցին հալէպահայ նահատակին շիրիմին առջեւ` առ ի յարգանք անոր անմեռ յիշատակին:




















