Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուն Կը Վարէ Հարաւային Կովկասի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Դաշտային Ներկայութեան Վերացման Յստակ Քաղաքականութիւն

July 29, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան` ելոյթ ունենալով ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակին նուիրուած ընդունելութեան ընթացքին, ըսած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները փափաք եւ քաղաքական կամք դրսեւորեցին պահպանելու ԵԱՀԿ-ի հետ համագործակցութեան կարեւոր գործիքը` կազմակերպութեան երեւանեան գրասենեակը: Ան աւելցուցած է, որ, բայց եւ այնպէս, հակառակ հայկական կողմին, ԵԱՀԿ-ի գերմանական եւ աւստրիական նախագահութիւններուն եւ մասնակից պետութիւններուն ու ԵԱՀԿ-ի քարտուղարութեան գործադրած ջանքերուն եւ ցուցաբերած աջակցութեան, կարելի չեղաւ երկարաձգել գրասենեակի ծառայութեան ժամանակաշրջանը ԵԱՀԿ-ի մէկ մասնակից պետութեան` Ազրպէյճանի կողմէ փոխհամաձայնութեան սկզբունքի չարաշահման պատճառով:

«Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակը փակելէ ետք Ազրպէյճան  կը վարէ Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի դաշտային ներկայութեան վերացման յստակ ու հետեւողական քաղաքականութիւն», դիտել տուած է Յովակիմեան:

Խօսելով ԵԱՀԿ-ի Երեւանի գրասենեակի աւելի քան մէկուկէս տասնամեակ տեւած գործունէութեան մասին` արտաքին գործոց փոխնախարարը նշած է. «Իր հիմնադրութեան օրէն գրասենեակը հանդիսացած է կարեւոր գործընկեր Հայաստանի կառավարութեան համար` ռազմաքաղաքական, տնտեսական-բնապահպանական եւ մարդկային հարթութիւններու վրայ մեր երկրի յանձնառութիւններու իրականացման առումով: Հայաստանի իշխանութիւնները ստեղծած են բոլոր պայմանները գրասենեակի նախատեսած ծրագիրներու իրականացման համար: Գրասենեակին կողմէ գործադրուող ծրագիրները, որոնք հիմնուած էին ընդունող երկրի կարիքներուն ու առաջնահերթութիւններուն վրայ, մեծ նպաստ ունեցած են Հայաստանի պետական հաստատութիւններու կարողութիւններու ամրապնդման, անվտանգութեան մարզի, տնտեսական, դատաիրաւական բարեփոխումներու յառաջ մղման, զինուած ուժերու մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, բնապահպանական խնդիրներու հասցէագրման, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու ամրապնդման ու բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ:

«Հայաստանի իշխանութիւնները բարձր կը գնահատեն Երեւանի գրասենեակի ներկայի եւ նախկին ղեկավարներուն ու անձնակազմին կատարած աշխատանքն ու նուիրուածութիւնը», շեշտած է Յովակիմեան:

Ըստ անոր, հակառակ անոր որ գրասենեակը փակուեցաւ, բայց եւ այնպէս Հայաստանի իշխանութիւնները մտադիր են բարձր մակարդակի վրայ պահպանել Հայաստան-ԵԱՀԿ համագործակցութիւնը: «Մենք հաւատարիմ ենք ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն մէջ մեր ստանձնած յանձնառութիւններուն եւ պատրաստակամ ենք շարունակելու գրասենեակի ծրագիրներու իրականացումը` յանուն մեր երկրի հետագայ զարգացման», շեշտած է արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը:

 

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Շիֆի Հետ Կը Գործակցի` Հայաստանի Մէջ Գիտական Նիւթերու Ուսուցումը Զարգացնելու Համար

Յաջորդը

Թուրքիա Ազատ Կը Կացուցէ «Ճումհուրիյէթ»-ի Եօթը Լրագրողներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.