Վարչապետ Կարապետեան. «Քաղաքացիին Համար Համայնքային Իշխանութիւնն Է Պետութեան Արտացոլումը»
1 յուլիսին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ Լոռիի մարզին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են մարզի եւ համայնքներու զարգացման ծրագիրներու ընթացիկ արդիւնքներն ու յառաջիկայ աշխատանքները: Վարչապետը անդրադարձած է մարզերու զարգացման ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրականացման հարցին: «Մարզային իշխանութիւնը պէտք է հասկնայ մարզի առաւելութիւնները` որո՞նք են տնտեսական վիճակի առարկայական եւ ոչ առարկայական պատճառները, ինչի՞ հիման վրայ պէտք է տնտեսական աճ ապահովենք, ինչո՞վ կրնանք...



















