Հինգերորդ օրն ըլլալով բանակը երէկ շարունակեց Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վերեւ իր սկսած
«Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը, որուն հիմնական նպատակն է արեւելեան լեռնաշղթան վնասազերծել ահաբեկիչներէ:
ՏԱՀԵՇ-ի բռնագրաւած բարձունքներուն 100 քառ. քմ-ը ազատագրելէ ետք բանակը երէկ վերադասաւորեց իր դիրքերը, ինչպէս նաեւ շարունակեց վնասազերծել ահաբեկիչներուն պատրաստած ականները:
Բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, որ բանակը կը պատրաստուի «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան չորրորդ փուլին` հաստատելով, որ զինուորական գործողութիւնները պիտի չդադրին, մինչեւ որ լիբանանեան բարձունքները լրիւ ազատագրուին:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը գուժեց Աւագ յիսնապետ Ուալիտ Ֆրէյժի նահատակութիւնը: Ֆրէյժ վիրաւորուած էր շաբաթ, 19 օգոստոսին, Ռաս Պաալպեքի մէջ ական մը վնասազերծելու պահուն:
Վարչապետ Հարիրի Ռաս Պաալպեքի Բարձունքներուն Վրայ Եւ Արսալի Մէջ
Երէկ կէսօրին բանակի ուղղաթիռներէն մէկը վարչապետ Սաատ Հարիրին փոխադրեց Ռաս Պաալպեքի բարձունքներ, ուր ան դիմաւորուեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի կողմէ:
Վարչապետը զօր. Աունի ընկերակցութեամբ զրահապատով մը ուղղուեցաւ ազատագրուած բարձունքները` հետեւելով «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան մանրամասնութիւններուն:
Ան այցելեց սահմաններուն հսկող բանակայիններուն դիրքերը եւ հաց կիսեց զինուորներուն հետ:
Նախքան բարձունքները բարձրանալը, վարչապետ Հարիրի այցելեց Ռաս Պաալպեքի բանակին զօրանոցը, ուրկէ ողջունեց բանակը, անոր հրամանատարութիւնն ու բանակին նահատակները` բարձր գնահատելով բանակին զոհողութիւնները ի խնդիր Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ կայունութեան պահպանումին:
«Կառավարութիւնը կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնէ հերոս բանակին եւ երկրին պաշտպանութիւնը կը վստահի անոր», շեշտեց Հարիրի:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանան ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակի կարիք ունի` աւելցնելով, որ յաղթանակը մօտալուտ է եւ այդ մասին բանակի հրամանատարը կը յայտարարէ:
«Կը մաղթենք, որ լիբանանեան պետութիւնը ստանձնէ երկրին ապահովութիւնը հակակշռելու բոլոր պարտականութիւնները: Մեր մաղթանքն է, որ լիբանանեան բանակը առանձինը հսկէ երկրին սահմաններուն ապահովութեան», ըսաւ ան:
Հարիրի հաստատեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ հոգալու համար բանակին կարիքները:
«Լիբանանեան պետութիւնը բացարձակ զօրակցութիւն կը յայտնէ լիբանանեան բանակին, որ առանձին կը կռուի ազատագրելու համար Լիբանանը», յայտնեց վարչապետը` աւելցնելով, որ ինք օր մը օրանց չէ կասկածած լիբանանեան բանակին կարողութիւններուն վրայ:
Հարիրի շեշտեց, որ իրենք զիրենք իսլամական յորջորջող ահաբեկիչները իսլամականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին, ընդհակառակն` անոնց կրօնը ոճրագործութիւնն է:
«Կ՛ուզեմ շեշտել, որ հանրապետութեան նախագահը, խորհրդարանի նախագահը, կառավարութիւնը, բոլոր լիբանանցիները եւ քաղաքական բոլոր ուժերը` Մուսթաքպալը, Մարատան, Հըզպալլան, Ամալ շարժումը, Ազգային ազատ հոսանքը եւ ՀՅԴ-ն կը զօրակցին լիբանանեան բանակին», ըսաւ ան` շնորհակալութիւն յայտնելով իւրաքանչիւր զինուորի, որ Լիբանանի տարածքին իր պարտականութիւնը կը կատարէ:
Արսալի բարձունքներուն ազատագրումին մասին Հարիրի շեշտեց, որ այդ փուլին բանակին առաջնահերթութիւնը արսալցիներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն պաշտպանութիւնն էր:
Առեւանգուած բանակայիններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Հարիրի ըսաւ, որ այդ թղթածրարը լուռ կը հետապնդուի բանակին կողմէ, աւելցնելով, որ որեւէ արդիւնքի յանգելու պարագային ըստ այնմ յայտարարութիւններ պիտի կատարուին:
Վարչապետ Հարիրի ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ անակնկալ այցելութիւն մը կատարեց նաեւ Արսալ գիւղաքաղաք, ուր արժանացաւ ժողովրդային դիմաւորումի:
Արսալի քաղաքապետարանին մէջ Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութիւնը բարգաւաճման ծրագիրներ պիտի գործադրէ Արսալի մէջ:
Հարիրի Արսալէն հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը պիտի դիրքաւորուի Լիբանանի բոլոր բարձունքներուն վրայ` աւելցնելով, որ բարձունքները պահպանելու միակ պատասխանատուն բանակն է:
Ան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կը զօրակցի Արսալին եւ նեցուկ կը կանգնի անոր, իսկ կառավարութիւնը Արսալի մէջ պիտի գումարէ նիստ մը:
Վարչապետ Հարիրի իր յայտարարութիւնները եզրափակեց ընդգծելով, որ Արսալ կատարած իր այցելութիւնը ընտրական նպատակ չի հետապնդեր, այլ` պարտականութիւն է:
ՆՇԵՆՔ, որ Արեւմտեան Քալամունի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ընթացող զուգահեռ ճակատամարտի շրջագիծին մէջ սուրիական բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները ազատագրած են Քըրնեթ Շաապեթ Պահսա, Հարֆուշ եւ Իսմայէլ բարձունքները` հասնելով մինչեւ Ուատի Միրա: