ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կոչին ընդառաջելով` երէկ, ուրբաթ, 25 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, բազմաթիւ հայորդիներ փութացին Պուրճ Համուտի հրապարակ եւ արեան տուչութեան միջոցով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին լիբանանեան բանակին, որուն զինուորները իրենց սրբազան պարտականութեան ճամբուն վրայ իրենց կեանքն ու անձը չեն խնայեր պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ, երաշխաւորելու երկրին ու լիբանանցիներուն ապահովութիւնը:
Պուրճ Համուտի հրապարակը սովորականէն տարբեր տեսք ստացած էր, որովհետեւ հոն կանգնած յատուկ հիւանդատարը, բոլորին ուշադրութիւնը գրաւելու կողքին, ցուցանիշ էր այն իրականութեան, որ հայութիւնը անմասն չէ այս երկրին ապրած տագնապներէն, այլ իւրաքանչիւր լիբանանահայ հաւատարիմ քաղաքացի է այս երկրին, որուն անսասանութեան հսկող բանակին համար պատրաստ է իր արիւնը տրամադրելու: Ասոր լաւագոյն ապացոյցներէն է նաեւ այն, որ, թէեւ արեան տուչութեան համար տարիք ճշդուած էր, սակայն ծերունիներ եւս ներկայացած են` իրենց արիւնը տրամադրելու բանակին: Անոնց ներկայութիւնը շատ կարեւոր էր բարոյական իմաստով, որովհետեւ եկած էին կանգնելու կողքին այն անձերուն, որոնք հրապարակը խճողած էին եւ կ՛ուզէին իրենց արեան փոքր քանակով մասնակից դառնալ բանակին մղած մեծ ճակատամարտին:
Պուրճ Համուտի հրապարակ այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ այս առիթով յայտնեց, թէ այս զօրակցութիւնը մեր ժողովուրդին բնական արտայայտութիւնն է: «Մենք կը հաւատանք Լիբանանի ամբողջականութեան, կը հաւատանք անոր անկախութեան, կը հաւատանք այն հսկայական պայքարին, զոր այսօր լիբանանցի ժողովուրդը կը մղէ ահաբեկչութեան դէմ: Այսօր լիբանանեան բանակը իր առաւելագոյնը կատարեց, որպէսզի ահաբեկչութենէն ազատագրէ լիբանանեան հողերը, իսկ մեզի կը մնայ այդ հսկայական զոհողութեան, արձանագրուած նահատակներուն եւ վիրաւորներուն դիմաց այս նուազագոյն պարտականութիւնը կատարել: Մեզի համար իսկապէս գոհունակութիւն է տեսնել, որ մեծ թիւով հայորդիներ եկան եւ իրենց արեան տուչութեամբ մասնակցեցան այս արշաւին: Ասիկա աննախընթաց երեւոյթ չէ, այլ բնական է, որովհետեւ մենք միշտ զօրակից ենք բանակին եւ հայրենիքին, որ պէտք է ըլլայ ազատագրուած, ազատ, անկախ ու միասնական», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի:
Այս առիթով իր խօսքը ըսաւ նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ դիտել տուաւ, թէ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի այս նախաձեռնութիւնը` զօրակցութիւն յայտնելու լիբանանեան բանակին, ամէնէն նուազագոյն բանն է, որ պէտք է կատարուէր եւ արդէն տեղի կ՛ունենայ: Ըստ անոր, լիբանանեան պատմութեան վերջին 15-20 տարուան ընթացքին լիբանանեան բանակը հպարտալի յաղթանակներ կ՛արձանագրէ, եւ սրտի գոհունակութեամբ լիբանանցիները իւրաքանչիւր քայլափոխի կը մտածեն այն մասին, որ ինչո՞վ կրնան օգտակար եւ զօրակից ըլլալ բանակին: Առ այդ, ան արեան տուչութիւնը ողջունելի նկատեց` կոչ ուղղելով բոլորին այս նախաձեռնութեան միանալով մասնակից դառնալու զինուորներու կեանքի փրկութեան, անոնց յաւելեալ կորով ու ուժ տալու, որպէսզի շարունակեն պայքարը, մանաւանդ որ բանակը կը մարտնչի ամբողջ աշխարհին վախ պատճառող ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ-ին դէմ եւ պատուաբեր յաղթանակներ կ՛արձանագրէ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեան անդրադարձաւ լիբանանեան բանակի կարեւորութեան` Լիբանանի ապահովութեան, կայունութեան եւ անդորրութեան պահպանման մէջ, հաստատելով, որ անոր դերը անգնահատելի է: Ըստ անոր, արեան տուչութեամբ լիբանանահայութիւնը այս բոլորին կը գիտակցի եւ այս քայլով ո՛չ միայն իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ, այլ նաեւ քաղաքական յանձնառութեամբ մը իր զօրակցութիւնը կը դրսեւորէ այն հաստատութեան նկատմամբ, որ եղած է ու կը մնայ այս երկրի հիմնասիւնը, անոր խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման հիմնական ապաւէնը: «Այսօր մեր ժողովուրդը եկած է ըսելու, որ ինք կը գտնուի ոչ թէ թիկունքին, այլ կողքին պետական այն հաստատութեան, որ իր շուրջ համախմբած է լիբանանեան տարբեր համայնքները: Լիբանանեան բանակը անցնող եօթը օրերուն հերոսական գործողութիւն կը շղթայազերծէ, որպէսզի երկիրը մաքրէ ահաբեկիչներէ, ան չի սակարկեր իր արիւնը, չի սակարկեր իր լաւագոյն ուժերը` այս երկիրը ահաբեկիչներու վտանգէն փրկելու համար», հաստատեց Վիգէն Աւագեան: Ան նշեց, որ արեան այս տուչութիւնը ունի խորհրդանշական քանի մը իմաստ. նախ մեր ժողովուրդի զաւակները, նաեւ տեղացիները, այսպիսով կը զօրակցին յանուն Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ահաբեկչութեան կողմէ բռնագրաւեալ տարածքներու ազատագրման ծանր պայքար մղող բանակայիններուն, բարի ապաքինում կը մաղթեն վիրաւորներուն, որովհետեւ անոնց ցաւը նաեւ մեր ցաւն է, ինչպէս նաեւ անոնք իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն լիբանանցի բանակային նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը տուին, որպէսզի Լիբանանը մնայ գերիշխան, ամբողջական եւ հզօր երկիր, համակեցութեան ու համերաշխութեան երկիր, ուր նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակները ապրելու եւ զարգանալու լաւագոյն պայմանները պիտի ունենան: Իբրեւ լիբանանցիներ ան այս նախաձեռնութիւնը նուազագոյն քայլ նկատեց` Լիբանանի եւ լիբանանեան բանակին համար կատարուած:
Պուրճ Համուտի հրապարակ այցելեցին, իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Արեան տուչութեան մասնակիցները ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ արտայայտուեցան` դիտել տալով, որ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է զինուորը նկատէ իր ընտանիքին մէկ անդամը, որուն պէտք է օժանդակել, անոր նկատմամբ նուազագոյն պարտականութիւնը կատարել: Անոնք նաեւ հաստատեցին, որ իբրեւ լիբանանցիներ երախտապարտ են բանակին, ուստի եկած են նեցուկ կանգնելու անոր, շնորհակալութիւն յայտնելու անոր զոհողութիւններուն համար եւ հաստատելու, որ իրենք կողքին են այն կառոյցին, որուն անդամները հաւաքական շահերը գերադաս կը նկատեն իրենց անձէն:
Նշենք, որ Պուրճ Համուտի հրապարակ այցելեցին, պատասխանատուներուն հետ զրոյցներ ունեցան, ինչպէս նաեւ կատարուած նախաձեռնութեան մասին արձագանգեցին տեղական լրատուամիջոցներ: