Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան. «Միայն Խօսքերով Չէ, Որ Ուսուցիչի Կարեւորութիւնը Կը Շեշտուի»

August 23, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի կրթութեան մարզի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ներկայացուց «Ուսուցիչ» նոր նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ կրթական մարզի մտահոգութիւնները:

Նախարար Մկրտչեան յայտարարեց. «Ամէն ինչ կը մնայ թուղթի վրայ, եթէ  չկարենանք մեր վերաբերմունքը փոխել մեր կրթական համակարգի նուիրեալներուն նկատմամբ: Շուրջ 37 հազար ուսուցիչ կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը, մէկ մասը` ամբողջական նուիրումով, մէկ զգալի մասը` դժգոհելով, բայց հասկնալով գործին կարեւորութիւնը, եւ կայ մաս մը` պատահական հատուած, որուն համար կրթութիւնը պարզապէս աշխատատեղ է կամ իրենց ընթացիկ ժամանակը ծախսելու տեղ: Մենք պէտք է արմատապէս փոխենք մեր վերաբերմունքը եւ նոր որակ սահմանենք: Միայն խօսքերով չէ, որ ուսուցիչին կարեւորութիւնը կը  շեշտուի»:

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան ըսաւ, թէ պէտք է մշակեն ծրագիր մը, որ կ՛օժանդակէ հասարակութեան մէջ ուսուցիչին դերակատարութիւնը բարձրացնելու. «Ուսուցիչին նկատմամբ մեր վերաբերմունքը պէտք է փոխենք երկու հարթութեամբ` մասնագիտական որակին ներկայացուող պահանջները եւ ուսուցիչը` իբրեւ մեր հասարակութեան ամէնէն աշխուժ նուիրեալ մտաւորական, որուն ընկերային վիճակը, ապրելակերպը պէտք է համազօր ըլլայ այն առաքելութեան, որ կոչուած է իրականացնել»: Նախարարը յիշեցուց, թէ դարերէ ի վեր մարդիկ ինչպէ՛ս կը վերաբերին վարժապետներուն հետ. «Հայ հասարակութեան ամէնէն կարեւոր օղակներէն եղած են վարժապետները: Պարտաւոր ենք այդ ամէնը վերադարձնել հասարակութեան: Ուսուցիչի դերակատարութեան  արժեւորման ճամբուն վրայ ձեր օգնութեան կարիքը ունինք»:

Լեւոն Մկրտչեանի համաձայն, ուսուցիչը պէտք է հանգիստ, հպարտ քալէ  մեր երկրին  մէջ. «Եթէ գիւղին, թաղին մէջ խնդիր մը ըլլայ, այդ խնդիրը լուծելու համար ոչ թէ պէտք է երթան թաղային «հեղինակութեան», այլ` ուսուցիչին»:

Նախարարը նշեց նաեւ, որ համակարգը աւելի արդար պիտի ըլլայ` շեշտելով, որ կարիքը ունինք արմատապէս փոխելու նաեւ մեր ֆինանսաւորման բանաձեւը:

Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ ուսուցիչի ընկերային հարցերուն: Պէտք է խրախուսուին երիտասարդ ուսուցիչները, տարեցները:

 

 

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Խոսրովի Անտառը Ինչպէս Որ Էր, Այդպէս Ալ Պիտի Մնայ Արգելոց»

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Սոչիի Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենայ Փութինի Հետ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.