Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 26 օգոստոսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը:
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքին, հանդիպումին, որուն մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլավա Ասրեան, քննարկուած են կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան հարցեր:



