Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգսեան – Փութին Հանդիպում. Փութին. «Հայաստան – Ռուսիա Երկու Ինքնիշխան Պետութիւններու Միջեւ Յարաբերութիւնները Շատ Լուրջ Կերպով Ամրապնդուած Են»

August 24, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Սոչի, Ռուսիա, ուր Ռուսիոյ նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցած է նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Երկու պետութիւններու նախագահները քննարկած են հայ-ռուսական երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով յարաբերութիւններու օրակարգին եւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, անդրադարձ կատարուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի այս տարուան մարտին Ռուսիա կատարած պաշտօնական այցելութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման ընթացքին:

Նախագահներ Սարգսեան եւ Փութին անդրադարձած են նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջանակներու ծիրին մէջ զարգացող համարկման հոլովոյթներուն, միտքեր փոխանակած միջազգային եւ շրջանային արդիական հարցերու, որոնց շարքին` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ:

«Յարգելի՛ Սերժ Սարգսեան, շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելով:

Մեր համագործակցութեան շրջագիծին մէջ, այս տարի մենք կը նշենք լաւ տարեդարձներ. ամբողջացաւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը, եւ քանի մը օրէն` 29 օգոստոսին, կը լրանայ  առանցքային` Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագիրի ստորագրման 20-ամեակը:

Այս ժամանակահատուածին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ` իբրեւ երկու ինքնիշխան պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները շատ լուրջ ձեւով ամրապնդուած են:

Լաւ ընթացքի մէջ է քաղաքական երկխօսութիւնը, նաեւ երկկողմանի համագործակցութիւնը` տնտեսական, անվտանգութեան եւ զինուորական մարզերուն մէջ: Մենք աշխուժօրէն կը համագործակցինք միջազգային կազմակերպութիւններու եւ մեր համարկման  միաւորումներու շրջագիծին մէջ: Շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելով եւ զրուցելով այս բոլոր հարցերուն շուրջ», ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` հանդիպման ընթացքին ելոյթ ունենալով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Շատ ուրախ եմ մեր հերթական հանդիպումին եւ շնորհակալ եմ հրաւէրին համար: Իսկապէս, մենք քանի մը օրէն պիտի նշենք Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագիրի ստորագրման 20-ամեակը: Հետագայ տարիները դարձան մեր միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման աշխուժ շրջան:

Հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւնները  յատուկ են բարձր մակարդակով երկխօսութեամբ, արտաքին քաղաքական համակարգումով, միջազգային եւ շրջանային հարթակներուն վրայ արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ, անվտանգութեան, զինուորական եւ զինուորական-արհեստագիտական մարզերուն մէջ արգասաբեր համագործակցութեամբ:

Մեր առեւտրական, տնտեսական յարաբերութիւնները աշխուժօրէն կը զարգանան: Անցեալ տարի մենք ունեցանք առեւտրական շրջանառութեան 15 առ հարիւրի աճ: Այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին անիկա աւելցած է գրեթէ 24 առ հարիւրով: Մեր երկիրներու կառավարութիւններուն եւ խորհրդարաններուն միջեւ կապը մնայուն է: Մշտապէս կը զարգանայ նաեւ միջշրջանային եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը:

Այս բոլորին, վստահաբար, կը նպաստեն բարձրագոյն եւ բարձր մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող այցելութիւնները: Այս տարի Հայաստան գտնուած է Ռուսիոյ Տումայի նախագահը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, ես Մոսկուա գտնուած եմ պաշտօնական այցելութեամբ, մեր խորհրդարանի նախագահը, վարչապետը:

Օրեր առաջ տեղի ունեցան երեք կարեւոր երկկողմանի յանձնախումբերու նիստերը` զինուորական արհեստագիտութեան, առեւտրական-տնտեսական եւ խորհրդարանական համագործակցութեան:

Այս առիթով կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել անտառային հրդեհներու մարման ուղղութեամբ Ռուսիոյ ցուցաբերած օգնութեան համար:

Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն հրաւէրին, ջերմ ընդունելութեան համար», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

 

Նախորդը

Նախարար Վիգէն Սարգսեանը Ռուսիոյ Մէջ Մասնակցած Է «Արմիա-2017» Ցուցահանդէսի Բացումին

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահը Հրապարակած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Վերաբերող Հիմնական Կէտերը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.