Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանեան-Սուրիական Սահմանի Ահաբեկչութենէն Ազատագրումը Նկատելու Բ. Ազատագրումի Տօն»

Օգոստոս 25, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընդմէջէն ողջունեց լիբանանեան եւ սուրիական բանակի հրամանատարութիւնները, սպաներն ու զինուորները, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան մարտիկները, որոնք լիբանանեան եւ սուրիական բարձունքներուն վրայ կը կռուին ահաբեկիչներուն դէմ:

Ան ողջունեց նաեւ վիրաւորները` անոնց մաղթելով ապաքինում եւ հաստատելով, որ պատերազմին մասնակցող բոլոր կողմերը մտադիր են յաղթանակ իրականացնել:

«Լիբանանեան կողմին նպատակն է, որ բանակը լիբանանեան-սուրիական սահմանագիծ հասնի եւ ապահովէ երկրին սահմաններուն անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ բացայայտէ առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը: Սուրիական կողմին նպատակն է Արեւմտեան Քալամունէն ՏԱՀԵՇ-ը վտարել` ապահովելու համար Դամասկոս-Հոմս ճամբուն անվտանգութիւնը, իսկ մեր նպատակն է կռուիլ լիբանանցիին եւ սուրիացիին կողքին, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այդ ճակատամարտը կարելի չէ մասնատել», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ զոյգ ճակատամարտներուն 6-րդ օրը արդէն իսկ կարելի եղած է հսկայ նուաճումներ արձանագրել` ազատագրելով հսկայական տարածքներ:

Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը բծախնդիր, արհեստավարժ եւ ճշգրիտ գործողութիւններ կատարած է, եւ մարդկային ու նիւթական նուազագոյն վնասներով իրականացուցած 100 քառ. քմ-ի ազատագրումը:

«Թէեւ բանակը տակաւին 20 քառ. քմ ազատագրելու մասին յայտարարութիւն կատարած է, սակայն պէտք է ըսել, որ լիբանանեան բռնագրաւուած հողերը 140 քառ. քմ էին, հետեւաբար մնացեալ 20 քառ. քմ-ը, որուն մասին չի խօսուիր, առաջին օրն իսկ ազատագրուեցաւ Դիմադրութեան մարտիկներուն կողմէ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ այդ շրջանը Քալաաթ Հոսընի, Քալաաթ Եունինի եւ Զամարանիի անցքի շրջանն է:

Սուրիական հողերուն անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ 310 քառ. քմ-էն 270-ը արդէն իսկ ազատագրուած է, աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամները շրջափակուած են միայն 40 քառ քմ-ի մէջ:

Ան նշեց, որ սուրիական բանակին եւ Դիմադրութեան մարտիկներուն համար կը մնայ ազատագրել միայն Հալիմէ Քարա բարձունքը, որ խորքին մէջ ամէնէն բարձր բարձունքն է եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի միջեւ իսկական սահմանագիծը:

ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ անոնք յուսալքուած են, եւ անոնց մեծ մասը կը փափաքի անձնատուր ըլլալ, սակայն ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարութիւնը նման բան չ՛արտօներ:

Ան նշեց նաեւ, որ լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի մարտիկներուն կորովը բարձր է:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ յաղթանակը երաշխաւորուած է, սակայն անոր վերջնական թուականը պատերազմի դաշտն ու զինուորական գործողութիւններն են, որոնք կ՛որոշեն:

Անդրադառնալով բանակցութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ իրենց վարելիք որեւէ բանակցութեան պարագային առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրին մասին իմանալը նախապայման է, որովհետեւ անիկա զուտ մարդկային թղթածրար է եւ անկարելի է զայն շրջանցել:

«Իսկ եթէ լիբանանեան պետութիւնը զինեալներուն հետ ուղղակի բանակցութիւններ պիտի կատարէ, ապա սուրիական իշխանութիւնները կը խոստանան ընդառաջել ամէն տեսակ պահանջի, պայմանով որ իրենց վերաբերող դերակատարութեան պարագային Լիբանան պաշտօնական խնդրանք ներկայացնէ սուրիական պետութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան պարագային ան զոյգ ճակատամարտներուն հետ կը վարուի իբրեւ մէկ ճակատամարտ եւ մէկ նպատակ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան հսկայ յաղթանակի մը եւ զինուորական նուաճումի մը դիմաց կը գտնուի` կոչ ուղղելով լիբանանեան-սուրիական սահմանի ահաբեկչութենէ ազատագրումը նկատել Բ. Ազատագրումի տօն` նկատի ունենալով, որ Ա. Ազատագրումի տօնը կը մնայ 25 մայիս 2000-ը:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ լիբանանեան-սուրիական սահմանը ահաբեկիչներէ զերծ ապահով սահմանի մը պիտի վերածուի` աւելցնելով, որ յաղթանակի կերտումէն եւ տօնակատարութենէն ետք է, որ կարելի պիտի ըլլայ յայտարարել, թէ ո՛վ կը փափաքէր այս ճակատամարտներուն սանձազերծումը եւ ո՛վ ճնշում կը բանեցնէր, որ այդ ճակատամարտները չշղթայազերծուէին:

Անդրադառնալով կարգ մը լրատուամիջոցներուն, յատկապէս «Մուսթաքպալ»-ին, որոնք կ՛անտեսեն Արեւմտեան Քալամունի մէջ արձանագրուած զինուորական նուաճումները, սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ անոնք մանկունակ են եւ տղայական փորձեր կը կատարեն, «որովհետեւ արեւը կարելի չէ ծածկել: Իսկ բռնագրաւուած հողերը ահաբեկիչներէն ազատագրելու մարտերուն ընթացքին նահատակուած մարտիկները սպանեալ կոչելու արարքը անպարկեշտ վերաբերում է», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Ելեկտրական Հոսանք Արտադրող Նաւերու Պայմանագիրներուն Մէջ Բարեփոխումներ Կատարեց

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պատերազմը Կը Շարունակուի Աւելի Եւս Սեղմելով Ահաբեկիչներու Շրջափակումի Օղակը

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?