Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պատերազմը Կը Շարունակուի Աւելի Եւս Սեղմելով Ահաբեկիչներու Շրջափակումի Օղակը

August 25, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակը երէկ ուշ գիշերին թնդանօթներով Ուատի Մարթպայայի մէջ ռմբակոծեց ՏԱՀԵՇ-ին պատկանող երկու ամենագնացներ, որոնք բեռցուած էին պայթուցիկ  նիւթերու մեծ քանակով:

Բանակը ուղղակի թիրախ դարձուցած էր ամենագնացները` տեղւոյն վրայ պայթեցնելով զանոնք եւ սպաննելով մեծ թիւով ահաբեկիչներ

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին բանակին օդուժը ռմբակոծած էր ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնները եւ հիմնայատակ քանդած զանոնք:

Օրուան ընթացքին բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը շեշտած էր, որ

«Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան շրջագիծին մէջ, երէկ 6-րդ օրն ըլլալով, բանակը շարունակեց վնասազերծել ՏԱՀԵՇ-ի լարած ականները` աւելի եւս սեղմելով ահաբեկիչներու շրջափակումի օղակը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր նաեւ, որ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ բանակը գումակային եւ մարտական իր նախապատրաստութիւնները կ՛ամբողջացնէ` յաջողցնելու համար իր սանձազերծած ճակատամարտին Դ. փուլը:

Բանակին զօրակցութեան առումով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Լիբանանցիները այսօր հպարտ են իրենց բանակով, ինչպէս որ բանակը հպարտ է մեր ժողովուրդով»:

Միւս կողմէ, մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Լիբանանի ազգային թանգարանը լուսաւորուեցաւ Լիբանանի դրօշին գոյներով, այսինքն` կարմիր եւ կանաչ գոյնի լոյսերով, առ ի զօրակցութիւն լիբանանեան բանակին եւ ի յիշատակ անոր նահատակներուն:

Մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի շեշտեց, որ լիբանանցիները անխտիր նեցուկ կը կանգնին բանակին: Ան ողջունեց բանակը` հաստատելով, որ լուսաւորումը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջնական յաղթանակի յայտարարութիւնը:

Արեւմտեան Քալամունի Մէջ

Մինչ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը կը շարունակուի լիբանանեան հողերուն վրայ, անոնց սահմանամերձ սուրիական հողերուն վրայ նոյնքան ուժգնութեամբ շարունակուեցաւ սուրիական բանակին եւ Դիմադրութեան մարտիկներուն սանձազերծած ճակատամարտը` ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի:

Սուրիական բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները հսկայ յառաջխաղացք մը արձանագրեցին Ուատի Միրայի մէջ եւ ազատագրեցին Ռաս Շահութի անցքը, ինչպէս նաեւ Շաապաթ Իսմայէլի եւ Տահրա Ալիի բարձունքները` հասնելով մինչեւ Հալիմա Քարա բարձունք:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանեան-Սուրիական Սահմանի Ահաբեկչութենէն Ազատագրումը Նկատելու Բ. Ազատագրումի Տօն»

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Պատերազմական Օդանաւեր Թռիչքներ Կը Գործեն Նախիջեւանի Մէջ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.