Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Ազատագրած Է 100 Քառ. Քմ Տարածք Մը Եւ Ջախջախիչ Պարտութեան Մատնած Տահեշը. Յայտարարուելիք Ամբողջական Յաղթանակը Մօտալուտ Է

Օգոստոս 23, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան երրորդ փուլը սկսաւ երէկ առաւօտեան ժամը 5:45-ին, երբ լիբանանեան բանակը սկսաւ բուռն կերպով ռմբակոծել Ռաս Էլ Քաֆի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը:

Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ բանակին մղած բուռն կռիւին շնորհիւ կարելի եղաւ ազատագրել Թալլեթ Քահըֆը, Ուատի Քէյֆը եւ Ռաս էլ Քաֆը, որ ռազմավարական կարեւոր դիրք մը կը նկատուի:

Տհուրի Քահըֆի բարձունքին վրայ լիբանանեան բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն միջեւ արձանագրուեցան բուռն բախումներ, որոնց լոյսին տակ մեծ թիւով ահաբեկիչներ փախուստ տուին Ուատի Միրայի, Քարայի եւ Մարթպայայի ուղղութեամբ:

Լիբանանեան բանակը ազատագրեց նաեւ Ռաս Տալիլ, Քուէյշա, Տամանա, Քարանի, Շաապաթ Քաֆ եւ Մրահ Սաֆա Քաֆ բարձունքները:

Բանակին սակրաւորները վնասազերծեցին ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն ձգած ականները:

Սակայն Ուատի Խշընի մէջ ականի մը պայթումին պատճառով նահատակուեցաւ բանակային մը եւ վիրաւորուեցան չորս ուրիշներ, որոնք ուղղաթիռով փոխադրուեցան Պէյրութ:

Բանակի հրամանատարութիւնը գուժեց տասնապետ Ապպաս Քամալ Ժաաֆարի նահատակութիւնը:

Բանակը ազատագրեց Քաայի բարձունքները եւ վնասազերծեց ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն ականած քարայրն ու ամբողջ տարածքը:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին Եարզէի մէջ բանակի հրամանատարութիւնը հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին գնդապետ-զօրավար Ալի Քանսօ ներկայացուց լիբանանեան բանակին արձանագրած երէկուան յաջողութիւնները:

Քանսօ նշեց, որ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի բոլոր կեդրոնները քանդուած են:

Ան նշեց, որ բանակը երէկուան իր մաքրագործումի արշաւին ընթացքին քանդած է ահաբեկիչներուն պատկանող 9 կեդրոններ, ինչպէս նաեւ գրաւած է զէնք, զինամթերք եւ պայթուցիկ նիւթեր:

«ՏԱՀԵՇ-ի բռնագրաւած 120 քառ. քմ տարածութենէն կրցած ենք ազատագրել 100 քառ. քմ-ը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ բանակին կը մնայ ազատագրել միայն Մըրթպայայի բարձունքը:

Քանսօ հաստատեց, որ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը իր նպատակին հասած է` իր հակակշիռին տակ առնելով ամբողջ այն տարածքը, որ լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջանը իրարու կը կապէ:

Քանսօ շեշտեց, որ բանակը ցարդ ՏԱՀԵՇ-ի ոչ մէկ անդամ ձերբակալած է` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի առեւանգած բանակայիններուն մասին ցարդ տեղեկութիւն չկայ:

Ան նշեց, որ բանակը ՏԱՀԵՇ-ի սպաննուած ահաբեկիչներուն լուսանկարները չի հրապարակեր` յարգելով մարդկային իրաւունքներու միջազգային օրէնքը: Ան նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ լիբանանեան բանակին շղթայազերծած պատերազմին նկատմամբ միջազգային զօրակցութիւնը ողջունելի է:

Նշենք, որ Պետական անվտանգութեան ուժերը երէկ Զահլէի մէջ ձերբակալեցին ՏԱՀԵՇ-ի անդամ Իպրահիմ Ժ.-ն, որ սուրիացի է եւ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ կռուած է:

Միւս կողմէ, Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ ընթացող «Բարձունքներու արշալոյսը» զինուորական գործողութեան լոյսին տակ լիբանանեան ապահովական կառոյցները Աքքարի մէջ որդեգրեցին ապահովական խիստ միջոցառումներ:

Երեկոյեան Քաայի բնակիչները հաւաքուեցան Մար Էլիաս եկեղեցւոյ հրապարակը եւ Լիբանանի ու բանակին դրօշները բարձրացնելով շնորհակալութիւն յայտնեցին բանակին` Քաայի բարձունքներուն ազատագրումին առիթով:

Քաայի քաղաքապետ Պաշիր Մաթար շեշտեց, որ Քաայի բարձունքներուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արձանագրուած յաղթանակը նահատակներու ծնողներուն, Լիբանանին, բանակին, գերիշխանութեան, անկախութեան, ապագային եւ արիւնով ներկուած սահմաններուն յաղթանակն է:

Իրենց կարգին, Արսալի բնակիչները Ուատի Հմայտ եւ Մալահի շրջաններուն մէջ յաղթանակի կամարներ զետեղեցին եւ զօրակցութիւն յայտնեցին բանակին: Անոնք սիրոյ անցարգելներով դիմաւորեցին բանակայինները` անոնց բաժնելով իրենց ի պատիւ պատրաստուած ճաշը:

Մոսկուայի Մէջ

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, որ Մոսկուայի մէջ կը մասնակցի 2017-ի զինուորական ցուցահանդէսին, յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին սանձազերծած պատերազմը գետնի վրայ ընթացող ճակատամարտ է, որ իւրաքանչիւր լիբանանցիի հպարտութիւնն է:

Սարրաֆ ողջունեց լիբանանեան բանակը` շեշտելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ լիբանանեան բանակին զինուորական կարողութիւնները բարելաւելու նպատակով:

Այս շրջագիծին մէջ Սարրաֆ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախագահ Վիգէն Սարգսեանի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Սարրաֆ եւ Սարգսեան քննարկեցին նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուելիք զինուորական համաձայնագիրին մանրամասնութիւնները:

Սուրիական Բանակը Եւ Դիմադրութեան Մարտիկները

Ռաս Պաալպեքի, Քաայի եւ Ֆեքհայի բարձունքներու ազատագրումին զուգահեռ սուրիական բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները շարունակեցին սուրիական հողերէն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ սանձազերծուած «Ուաին օտթոմ օտնա» գործողութիւնը:

Զինուորական այս գործողութեան շրջագիծին մէջ ազատագրուեցան արեւմտեան Քալամունի Ուատի Հաուրաթա, Շաապաթ Սատըր, Պէյթ Պատրան, Ուատի Շաապաթ Հարֆուշ, Շաապաթ Պաթիխ, Մասթապա, Սըն Ուատի Քրում եւ Աժլուն բարձունքները, ինչպէս նաեւ Շէյխ Ալիի անցքը:

Աժլունի բարձունքները կը գտնուին Սըն Ֆիխայի անցքին մօտակայքը եւ Պրիժը կը կապեն Քաայի բարձունքներուն:

Սուրիական բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները բացայայտեցին անթել հաղորդակցութեան սարքեր, զէնքեր, զինամթերք եւ պայթուցիկ նիւթեր:

 

Նախորդը

Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունեց Ալլաուին

Յաջորդը

Ազրպէյճան Ռուսական Նորագոյն Սպառազինութեան Գնորդներու Շարքին Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?