Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցած Են Հայ-Թիւրքմենական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ

August 25, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Թիւրքմենիստանի նախագահները Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին վերահաստատած են համաշխարհային խաղաղութեան նպաստելու հարցով փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու փոխադարձ ձգտումը:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն ետք` լրագրողներուն այս մասին ըսած է Թիւրքմենիստանի նախագահ Գուրպանկուլի Պերտիմուհամետով:

«Պատրաստակամութիւն յայտնած ենք այդ ուղղութեամբ գործընկերութիւն զարգացնելու ինչպէս երկկողմանի ձեւաչափով, այնպէս ալ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, ԱՊՀ-ի եւ այլ միջազգային կառոյցներու ծիրին մէջ», ընդգծած է Թիւրքմենիստանի նախագահը:

Անոր համաձայն, կողմերը համաձայնած են միաւորել ուժերը միջազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրները եւ սպառնալիքները դիմակայելու հարցին գծով, ներառեալ` ահաբեկչութեան եւ թմրանիւթերու շրջանառութեան դէմ պայքարը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Երեւանի մէջ Թիւրքմենիստանի նախագահ Գուրպանկուլի Պերտիմուհամետովի հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած է Հայաստանի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ:

Թիւրքմենիստանի նախագահին հետ հանդիպումէն ետք նախագահական նստավայրին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը:

«Բանակցութիւններու ընթացքին իմ կողմէն անգամ մը եւս վերահաստատուած է Հայաստանի դիրքորոշումը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման գծով` հիմնուած միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներուն վրայ, մասնաւորապէս` անոնց, որոնք հաւասարապէս կը վերաբերին ուժ եւ անոր սպառնալիքը չկիրարկելուն, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան, իրաւահաւասարութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին», ընդգծած է Սերժ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան նաեւ աւելցուցած է, որ ընդգծուած է տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի սրացման կանխարգիլման, իրավիճակի կայունացման եւ միջազգային հանրութեան միջնորդական իրաւագիրով օժտուած միակ ձեւաչափի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն շրջագիծին մէջ խաղաղ հոլովոյթի յառաջ մղման համար պայմաններու ստեղծման ուղղուած համաձայնութիւններու իրականացման կարեւորութիւնը:

Թիւրքմենիստանի նախագահի պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ` երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Թիւրքմենիստանի նախագահ Գուրպանկուլի Պերտիմուհամետով բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն հիմամբ ստորագրած են միացեալ յայտարարութիւն: Ստորագրուած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թիւրքմենիստանի միջեւ շարք մը մարզերու մէջ  երկկողմանի համագործակցութեան խորացման ուղղուած փաստաթուղթեր:

Նախորդը

Բաբայեան. «Հոկլընտի Յայտարարութիւնը Ո՛չ Վերջնագիր Է, Ո՛չ Ալ Պարտադրանք»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Այոա Նահանգը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.