ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտի յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման մասին վերջնագիր չէ, ճնշման մեթոտ չէ: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան:
Ամերիկացի համանախագահի յայտարարութեան մէջ ներկայացուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման 6 կէտեր, որոնց շարքին հետեւեալը. «Նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի սահմաններուն մէջ գտնուող տարածքին, որ Պաքուի կողմէ չի վերահսկուիր, պէտք է ժամանակաւոր կարգավիճակ տրուի, որ առնուազն կ՛ապահովէ անվտանգութեան եւ ինքնավարութեան երաշխիքներ: Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գրաւուած տարածքները պէտք է յանձնուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան: Այնտեղ չի կրնար որեւէ բնակեցում ըլլալ` առանց հաշուի առնելու Ազրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը: Այդ տարածքներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը պէտք է վերականգնի»:
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի, այս յայտարարութիւնը չի նշանակեր, թէ կողմերը, տագնապի լուծման մէջ ներգրաւուածները հասած են հասարակ յայտարարի:
«Նման յայտարարութիւն, փաստաթուղթ մը չի նշանակեր, որ տագնապը լուծուած է, կամ բոլորը հասած են համաձայնութեան: Այսպիսի փաստաթուղթ նախապէս ալ եղած է, ասիկա պարտադրանք չէ, պարզապէս տեսլական է», շեշտեց ան:
Դաւիթ Բաբայեան նաեւ ընդգծեց, որ Հոկլընտի յայտարարութեան մէջ կայ նաեւ երկու շատ կարեւոր կէտ:
«Մէկը այն է, որ խաղաղ լուծում պիտի ըլլայ, երկրորդը այն է, որ այս փաստաթուղթին մէջ Արցախը կը դիտարկուի իբրեւ առանձին, Ազրպէյճանին չպատկանող կազմաւորում: Ինչ կը վերաբերի այլ խնդիրներու, ապա կան երեւոյթներ, որ Ազրպէյճանի համար անընդունելի են: Անոնք երբեք չեն դիտարկած Արցախի ինքնորոշման կամ անկախութեան փաստի ճանաչման կարելիութիւնը: Փաստօրէն այնտեղ նշուած է, որ Արցախը Ազրպէյճանինը չէ, կը խօսուի միջանկեալ կարգավիճակի մասին: Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի համար օրինական թուացող պահանջները կը չէզոքացուին այս փաստաթուղթով: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ փաստաթուղթը լիովին ընդունելի է, յարգելի է», ընդգծեց Դաւիթ Բաբայեան:
Դաւիթ Բաբայեան շեշտեց, որ Արցախի Հանրապետութեան պաշտօնական դիրքորոշումը չէ փոխուած, կայ քանի մը կարեւոր մօտեցում: Ըստ անոր, կարեւոր մօտեցումներէն առաջինը այն է, որ բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափը պիտի վերականգնի, պաշտօնական Ստեփանակերտը պիտի մասնակցի բանակցային հոլովոյթին:
«Երկրորդ կարեւոր դիրքորոշումը այն է, որ այս տագնապը պիտի լուծուի փաթեթով, այլ ոչ թէ այլ տարբերակով, ամբողջական ամէն հարց պիտի լուծուի: Ոչ մէկ հարց պէտք է մնայ ապագային: Տագնապը այնպէս մը պէտք է լուծուի, որ վաղը չստեղծուի աւելի բարդ, աւելի վատ իրավիճակ: Ազրպէյճանը կ՛ուզէ փուլային, թող ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը, այդ պարագային մենք կը բանակցինք», նշեց Դաւիթ Բաբայեան:
Դաւիթ Բաբայեան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի վարած հայատեաց քաղաքականութիւնը հաշուի առնելով` իւրաքանչիւր մօտեցում մանրակրկիտ ձեւով պիտի դիտարկուի:
«Ինչ կը վերաբերի Հոկլընտի յայտարարութեան, ապա անգամ մը եւս ըսեմ` ասիկա պարզապէս տեսլական է, եղած են տարբեր մօտեցումներ, որոնցմէ նաեւ հրաժարած են: Համանախագահները միշտ ըսած են, որ պարտադրանք չկայ: Ասիկա տարբեր սկզբունքներու համատեղում է, որ չի նշանակեր, թէ փոփոխութեան ենթակայ չէ, կամ փաստաթուղթը կատարեալ է», եզրափակեց ան: