ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ 18-էն 45 տարեկան հայորդիներուն ուրբաթ, 25 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3։00 ներկայանալու Պուրճ Համուտի հրապարակ եւ արեան տուչութեան միջոցով զօրակցութիւն յայտնելու ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ յայտարարած, լիբանանեան բռնագրաւեալ տարածքները ազատագրող եւ այդ սրբազան առաքելութեան ճամբուն վրայ նահատակներ ու վիրաւորներ տուող լիբանանեան բանակին:



