Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային  Գրադարանն Ու «Ազդակ»-ը Կը Թուայնացնեն  Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  Կերտիչներու Գործերը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանն Ու «Ազդակ»-ը Կը Թուայնացնեն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կերտիչներու Գործերը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանն ու «Ազդակ» օրաթերթը իրենց համագործակցութեան ծիրին մէջ ներառած են Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական գործիչներու յուշագրական թէ պատմաքաղաքական հրատարակութիւնները թուայնացնել` հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով: Աշխատանքին առաջին հանգրուանը պիտի ըլլայ կազմել ցուցակը պետական այրերու պատկանող գիրքերու տպագիր եւ ելեկտրոնայինի վերածուած տարբերակներու, ապա աշխատիլ ըստ կարելւոյն ամբողջացնել հրատարակուած գիրքերու ելեկտրոնայնացումը, որոնցմէ ետք յատուկ ծրագրաւորումներով օժտել այդ բոլորը որոնման համակարգով:...

Խմբագրական.  Լիբանանեան Տեսանելի  Շրջադարձ Եւ Զգալի Տեղաշարժ

Խմբագրական. Լիբանանեան Տեսանելի Շրջադարձ Եւ Զգալի Տեղաշարժ

Լիբանանի կառավարութիւնը բաղկացնող ուժերու ղեկավարներու հաւաքը խորքին մէջ կը ծառայէ ոչ թէ արտակառավարական ձեւաչափով հարցերու քննարկման նախադէպ ստեղծելու, այլ երկրի ճակատագրորոշ պահուն աշխատանքային նորուղենիշերու ճշդումը ամրագրելու: Արտակառավարական այս նիստը, խորքին մէջ իր էութեամբ կը տարբերի ցարդ գումարուած ազգային երկխօսութեան նիստերէն, որոնք ի բացակայութիւն պետական հաստատութիւններու բնականոն գործունէութեան կամ անոնց անդամալուծման դիմաց երկրի հիմնական համայնքներու եւ ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ կապն ու...

Ազրպէյճանական Ներթափանցման Փորձ.  Հակառակորդը Ունի  Առնուազն 4 Սպաննուած Զինուոր

Ազրպէյճանական Ներթափանցման Փորձ. Հակառակորդը Ունի Առնուազն 4 Սպաննուած Զինուոր

21-էն 22 յունիսի լուսցող գիշերը ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու կողմէ հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ  ձեռնարկուած է ներթափանցման փորձի: Ըստ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան, պաշտպանութեան բանակի մարտական հերթապահութիւն իրականացնող ստորաբաժանումները, շնորհիւ մարտավարական բարձր պատրաստուածութեան, դիրքային համակարգերու կահաւորուածութեան եւ յատուկ սարքերու ժամանակին նկատած են ներթափանցող խումբին յառաջխաղացումը եւ հակառակորդին պատճառելով առնուազն 4 սպաննուած` ետ շպրտած են զայն իր դիրքերը: Ազրպէյճանական կողմը հայկական...

Խորհրդակցական Հանդիպումը Մերժեց  Բնակեցումը Եւ Ոչ Լիբանանեան Որեւէ Խմբաւորումի  Հաստատումը Լիբանանեան Հողին Վրայ

Խորհրդակցական Հանդիպումը Մերժեց Բնակեցումը Եւ Ոչ Լիբանանեան Որեւէ Խմբաւորումի Հաստատումը Լիբանանեան Հողին Վրայ

Նախագահական պալատը երէկ հիւրընկալեց Լիբանանի կառավարութիւնը կազմող քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն խորհրդակցական հանդիպումը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, Մարատա հոսանքի...

Պաապտայի Ժողովին.  Բագրատունի. «Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը  Մասնակից Էր Թաէֆի Ժողովին Եւ Ազգային  Համերաշխութեան Փաստաթուղթի Պատրաստութեան»

Պաապտայի Ժողովին. Բագրատունի. «Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Մասնակից Էր Թաէֆի Ժողովին Եւ Ազգային Համերաշխութեան Փաստաթուղթի Պատրաստութեան»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով Պաապտայի մէջ գումարուած ժողովին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն. Ա.- Գնահատելի է հանրապետութեան նախագահի հրաւէրը այս ժողովի գումարման համար: Ժողով, որ անհրաժեշտ է հասնի այնպիսի վճռակամութեան, որ կարենայ պետութեան կառոյցները վերաշխուժացնել եւ ցարդ տրուած որոշումները իրականացնել: Մեր փափաքն է, որ տեւաբար կրկնուած կարգախօսները իրական գործի վերածուին: Բ.- Համաձայն...

Պուրճ Համուտի Մէջ.  Լիբանանեան Առումով Իր Մեծութեամբ  Առաջին Քաղաքապետական Բնակարանային  Ծրագիրի Գործադրութիւնը Ընթացք Ստացաւ

Պուրճ Համուտի Մէջ. Լիբանանեան Առումով Իր Մեծութեամբ Առաջին Քաղաքապետական Բնակարանային Ծրագիրի Գործադրութիւնը Ընթացք Ստացաւ

Երէկ` հինգշաբթի, 22 յունիս 2017-ին, գործադրուեցաւ Պուրճ Համուտի «Սեն Ժաք» համալիրի բնակարանային շէնքերու առաջին փուլը, որ համալիրի հիմքերու պեթոնապատման աշխատանքն էր: Սոյն աշխատանքին ներկայ էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդը: Շինարարական աշխատանքի ընթացքին վրայ լոյս սփռելու միտումով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին հետ: Հարցազրոյցին սկիզբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ըսաւ, որ քաղաքապետական խորհուրդը տարիներ...

Դաւիթ Բաբայեան. «Ազրպէյճան Կը Փորձէ  Փրկել Իր Ոտնահարուած Ինքնասիրութիւնը»

Դաւիթ Բաբայեան. «Ազրպէյճան Կը Փորձէ Փրկել Իր Ոտնահարուած Ինքնասիրութիւնը»

«Ազրպէյճան, հայերու կողմէ հետախուզական ներթափանցման  փորձերու մասին կեղծ լուրեր տարածելով, նպատակ ունի փրկել իր ոտնահարուած ինքնասիրութիւնը: Նման ստայօդ լուրեր տարածելով` Ազրպէյճանի յանցաւոր իշխանութիւնները կը փորձեն սեփական ժողովուրդին ցոյց տալ, որ իրենց բանակը ուժեղ է եւ կրնայ ձախողեցնել հայկական կողմի` մինչեւ ատամները զինուած ներթափանցող խումբերու  փորձերը», «Փանորամա»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան:...

Դաւիթ Իշխանեան. «Շատոնց Ժամանակը  Հասած Է Գիտակցելու, Որ Միջազգային  Հանրութեան Հետ Յոյսեր Կապելը Զուր Է»

Դաւիթ Իշխանեան. «Շատոնց Ժամանակը Հասած Է Գիտակցելու, Որ Միջազգային Հանրութեան Հետ Յոյսեր Կապելը Զուր Է»

«Արցախի մէջ երբեք խուճապային տրամադրութիւն չէ եղած, նոյնիսկ անցեալ ապրիլին եւ անոր յաջորդող ժամանակահատուածին: Սահմանային լարուածութիւնը դարձած է, կարծես թէ, առօրեայ վստահաբար նաեւ մտահոգիչ, բայց բոլոր պարագաներուն Արցախը իր առօրեայ կեանքով կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ», «Հրապարակ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով վերջին օրերուն սահմանային լարուածութեան բարձրացումին, ըսաւ Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար, պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան: Դ. Իշխանեան չի բացառեր...

Ընտանիքի Բազմացման Ֆոնտի Առաջին Պարգեւը Փոխանցուեցաւ

Ընտանիքի Բազմացման Ֆոնտի Առաջին Պարգեւը Փոխանցուեցաւ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Պուրճ Համուտ բնակող տէր եւ տիկին Յարութ Մկրտիչեանի բնակարանը: Մկրտիչեան ամոլը բախտաւորուած է նորածին չորրորդ երեխայով եւ զայն անուանած Գէորգ: Շնորհաւորելէ ետք նորածինին ծնունդը եւ Մկրտիչեան ամոլի հայ ընտանիքի բազմացման եւ ամրացման նախանձախնդրութիւնը, Բագրատունի անոնց յանձնեց շնորհաւորական գիր եւ Ընտանիքի բազմացման ֆոնտի 2000 ամ. տոլարի պարգեւը` իբրեւ ֆոնտի յայտարարութենէն ետք առաջին...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց  Տը Միսթուրայի Փոխանորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Տը Միսթուրայի Փոխանորդը

Երեքշաբթի, 20 յունիս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Ժընեւէն Սթեֆան Տը Միսթուրայի փոխանորդ Անթուան Լահհամը: Ինչպէս ծանօթ է, ՄԱԿ-ի կողմէ նշանակուած սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման ընդհանուր պատասխանատուն է Տը Միսթուրան եւ իր կեդրոնը կը գտնուի Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ: Իր գլխաւորութեամբ տեղի կ’ունենան Սուրիոյ առնչուած հանդիպումներն ու բանակցութիւնները: Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը անցնող տարիներուն...

Դամասկոսի Մէջ.  Դեսպան Արշակ Փոլատեան Հանդիպում  Ունեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

Դամասկոսի Մէջ. Դեսպան Արշակ Փոլատեան Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 յունիս 2017-ին, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեան հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Հատիյէ Ապպասի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Սուրիա - Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբին անդամները` երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի գլխաւորութեամբ: Ողջունելով դեսպանը` Հատիյէ Ապպաս նշած է, որ բարձր կը գնահատէ երկու պետութիւններուն միջեւ քառորդ դար առաջ դիւանագիտական յարաբերութիւններու  հաստատումէն ի վեր գոյութիւն...

Բրիտանիա Շահագրգռուած Է  Համագործակցելով  Հայաստանի Կառավարութեան Հետ  Որոշակի Ուղղութիւններով

Բրիտանիա Շահագրգռուած Է Համագործակցելով Հայաստանի Կառավարութեան Հետ Որոշակի Ուղղութիւններով

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է Հայաստանի մէջ  Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Ֆարնուորտը: Նշելով, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը` վարչապետը ընդգծած է, որ անցեալ տարիներուն ընթացքին կուտակուած է համագործակցութեան հարուստ փորձ: Կարէն Կարապետեան բարձր գնահատած է Բրիտանիոյ կողմէ Հայաստանի տնտեսական եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման նպատակով ցուցաբերուած օժանդակութիւնը եւ աւելցուցած, որ Հայաստանի...

Եւրոպական Յանձնաժողովը Պիտի Օժանդակէ  Հայաստան Ապաստանած Սուրիահայ Գաղթականներուն

Եւրոպական Յանձնաժողովը Պիտի Օժանդակէ Հայաստան Ապաստանած Սուրիահայ Գաղթականներուն

Երէկ Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովի շրջանային օժանդակութեան հիմնադրամը` ընդառաջելով սուրիական տագնապին ահազանգներուն, որդեգրած է նոր ծրագիրներ, որոնց ընդհանուր գումարը կը հասնի 275 միլիոն եւրոյի: Այս ծրագիրներուն միջոցով Եւրոպական Միութիւնը պիտի օժանդակէ սուրիացի գաղթականներուն եւ զանոնք հիւրընկալող համայնքներուն Թուրքիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Իրաքի, Արեւմտեան Պալքաններուն եւ Հայաստանի մէջ: Վերոնշեալ ընդհանուր գումարէն միայն 3 միլիոն եւրոն պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ գաղթականներու օժանդակութեան, որ կ՛ընդգրկէ...

Մինասեան. «Կառավարութեան Ծրագիրին Մէջ  Բնապահպանական Բոլոր Ռազմավարական  Նպատակադրումներու Ուղղութիւններով  Կան Գործողութիւններ»

Մինասեան. «Կառավարութեան Ծրագիրին Մէջ Բնապահպանական Բոլոր Ռազմավարական Նպատակադրումներու Ուղղութիւններով Կան Գործողութիւններ»

Հայաստանի Ազգային ժողով ներկայացուող կառավարութեան ծրագիրը ծաւալուն է, եւ իւրաքանչիւր մարզ, ներառեալ բնապահպանութիւնը, հսկայական տեղ կը զբաղեցնէ: Բոլոր ռազմավարական նպատակադրումներու ուղղութիւններով կան գործողութիւններ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան: Նախարարին խօսքով` ծրագիրին մէջ տեղ գտած է Արարատեան դաշտի ստորերկրեայ ջրաւազանային վիճակի կարգաւորումը, որուն ծիրին մէջ կը նախատեսուին շուրջ 3 տասնեակ միջոցառումներ: Ջրային մարզի...

Արա Բաբլոյեան Այցելած Է  Վիրաւոր Զինուորին

Արա Բաբլոյեան Այցելած Է Վիրաւոր Զինուորին

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան 20 յունիսին այցելած է Մալայեանի անուան ակնաբուժական կեդրոն, ուր բուժում կը ստանայ վերջերս Արցախի մէջ վիրաւորուած զինուոր Միասնիկ Յովհաննիսեանը: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը հետաքրքրուած է վիրաւոր զինուորին առողջական վիճակով, զրուցած  անոր հետ` մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում: Բժիշկները ներկայացուցած են վիրաւոր զինուորին բուժման ընթացքը եւ արդիւնքները:

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  Խոր Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն  Վերջին Դէպքերուն Վերաբերեալ

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Խոր Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն Վերջին Դէպքերուն Վերաբերեալ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները յունիսին Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ազրպէյճան այցելութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ տարածած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ համանախագահներու այցելութեան հիմնական նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործին մէջ 28 ապրիլին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած նախարարական հանդիպումէն ետք կողմերու դիրքորոշումները, ինչպէս նաեւ տագնապի գօտիին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը քննարկելն էր: «Համանախագահները Երեւանի մէջ հանդիպած են...

Միացեալ Նահանգները Հայ-Թրքական  Յարաբերութիւններուն Մէջ Արդարութեան  Վերականգնման Համար Ոչ Մէկ Յանձնառութիւն Կը Վերցնեն Իրենց Վրայ

Մանոյեան. «Հայաստանը Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցելով Աւելի Շատ Բան Ձեռք Բերած Է, Քան Միւս Պետութիւնները` Եւրոպական Միութեան Հետ»

«Այն փաստը, որ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանը շուտով պիտի ստորագրէ համագործակցութեան նոր պայմանագիր, ուր ինչ որ չափով պիտի ըլլան նաեւ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններ, կը վկայէ այն մասին, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը իրականութեան մէջ չի խոչընդոտեր  Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու սերտացումը», «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու...

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը`  Արցախ – Ազրպէյճան  Վերջին Լարուածութեան Շուրջ

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը` Արցախ – Ազրպէյճան Վերջին Լարուածութեան Շուրջ

17 յունիսին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր կը նշուի, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ լարել արդէն սրած իրավիճակը Արցախ - Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ: Երէկուընէ մինչ այսօր չորս հայ զինուորներ նահատակուեցան Ազրպէյճանի կողմէ հայկական դիրքերուն դէմ իրագործուած ռմբակոծութեան պատճառով: Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին արձանագրուեցան 2-5 ապրիլ 2016 քառօրեայ պատերազմէն ետք զինադադարի ամէնէն լուրջ խախտումները: ՀՅԴ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Դպրեվանքը Կը Շարունակէ Մնալ  Հաւատարիմ Իր Առաքելութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը Կը Շարունակէ Մնալ Հաւատարիմ Իր Առաքելութեան

Նկատի ունենալով, որ այս տարի 65-ամեակն է Ս. Աստուածածին մատրան, դպրեվանքի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 18 յունիս 2017-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ գտնուող համանուն մատրան հովանիին ներքեւ` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն, ուսուցչական կազմին եւ դպրեվանքի բարերարներուն, բարեկամներուն, ծանօթներուն եւ դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող ու սատարող հայորդիներուն: Ամավերջի հանդէսը սկիզբ առաւ դպրեվանքի քայլերգով, որմէ ետք...

Սկիզբ Առաւ «Արի Տուն» Ծրագիրը

Սկիզբ Առաւ «Արի Տուն» Ծրագիրը

19 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի 2017-ի առաջին փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին 163 սփիւռքահայ պատանիներ 7 երկիրներէ` Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Ղազախստանէն, Քանատայէն, Քուէյթէն, Սուրիայէն եւ Ֆրանսայէն: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ նշեց, թէ մինչ այդ 10-20 ապրիլ  «Արի տուն» ծրագիրի յատուկ փուլով...

Page 623 of 796 1 … 622 623 624 … 796

Արխիւներ