Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Հոկլընտը Նոր Բան Չէ Ըսած, Իսկ Մեր Մօտեցումները Նոյնն Են»

August 26, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի` արդէն նախկին համանախագահ Ռիչըրտ  Հոկլընտի յայտարարութիւնը` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային կէտերուն վերաբերեալ:

«Բնականաբար, ուժ ունին եւ պէտք է իբրեւ հիմք ընդունուին այն միացեալ յայտարարութիւնները, որոնք կը կատարուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ, այլ ոչ` առանձին յայտարարութիւնները: Բացի ատկէ, պարոն Հոկլընտի յայտարարութեան մէջ որեւէ նոր բան, ըստ էութեան, չկար: Ուստի յատուկ մեկնաբանութեան անհրաժեշտութիւն ալ չկայ:

Իսկ մեր մօտեցումներն ալ, բնականաբար, նոյնն են: Ըլլալով սկզբունքային` մեր տեսակէտներն ալ այդ յայտարարութիւններուն վերաբերեալ փոփոխութեան ենթակայ չեն: Ամէն պարագայի, առիթը օգտագործելով, անգամ մը եւս կ՛ուզեմ կրկնել մեր` բազմիցս հրապարակած սկզբունքային մօտեցումը: Մեր մօտեցումը կը բխի  Արցախի ժողովուրդի` սահմանադրութեամբ ամրագրուած կամքի արտայայտութենէն, ըստ որուն` հայկական կողմի որեւէ զիջման մասին կարելի չէ խօսիլ, քանի տակաւին Ազրպէյճան չէ ճանչցած Արցախի Հանրապետութեան (այլ ոչ թէ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ) անկախութիւնը, եւ չէ վերականգնուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը:

Միեւնոյն ժամանակ, Ազրպէյճանի կողմէ Մինսքի խմբակի առաջարկներու փաստացի մերժումը, վստահաբար, Հայաստանի համար կ՛ապահովէ բանակցային առաւելութիւններ, ինչ որ պէտք է պահպանել: Ի դէպ, բանակցային լուծման հոլովոյթի եւ շփման գիծին մէջ ներկայ իրավիճակի մասին աւելի խորքային քննարկումներ եւ գնահատականներ պիտի տրուին 4 սեպտեմբերին` Արցախի անկախութեան հռչակման տարեդարձին նուիրուած` մեր կողմէ  կազմակերպուելիք խորհրդաժողովին ընթացքին», յայտարարեց Ռուստամեան:

Նախորդը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Եւ Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ Քննարկած Են Հայաստանի Մէջ Իրականացուող Բարեփոխումները

Յաջորդը

Ֆութպոլի Սիրահար Հնարամիտ Հայրը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.