ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Յունական հիւանդանոցին մէջ գտնուող բանակի զինուորներուն, որոնք ահաբեկչութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմին մասնակից էին եւ անցնող շաբաթ ծանրօրէն վիրաւորուած էին Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ:
ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով Բագրատունի առողջութիւն մաղթեց վիրաւոր զինուորներուն եւ համբերութիւն անոնց ընտանեկան պարագաներուն: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին դիմելով ան ըսաւ. «Հպարտ ենք ձեզմով, դուք մեր եւ հայրենիքի պաշտպաններն էք եւ մեր յոյսը»:
Բագրատունի այցելեց նաեւ զինուոր Սեպուհ Կիրակոսեանին, որ ենթարկուած էր վիրահատման: Կիրակոսեան հակառակ իր վէրքերուն, իբրեւ կամքի լաւագոյն արտայայտութիւն, իր նշանախօսութիւնը կնքած է հիւանդանոցին մէջ:




