Գլխաւոր լուրեր

Հաղորդագրութիւն.  Եւրոպահայերու Չորրորդ Համագումարը  Տեղի Կ՛ունենայ 16-17 Հոկտեմբերին

Հաղորդագրութիւն. Եւրոպահայերու Չորրորդ Համագումարը Տեղի Կ՛ունենայ 16-17 Հոկտեմբերին

16-17 հոկտեմբեր 2017-ին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին կազմակերպութեամբ պիտի գումարուի Եւրոպահայութեան չորրորդ համագումարը: Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն կողքին, Հայաստանէն, Արցախէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ շրջաններէ հասարակական գործիչներ, քաղաքագէտներ եւ գիտնականներ պիտի համատեղէ Պրիւքսէլի մէջ: Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու բարձրագոյն մակարդակի քաղաքական ներկայացուցիչներ, Ամենայն Հայոց...

«Գանձասար»-ի Խմբագիրը Պարգեւատրուեցաւ  «Մովսէս Խորենացի» Մետալով

«Գանձասար»-ի Խմբագիրը Պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» Մետալով

Չորեքշաբթի, 5 յուլիս 2017-ին, Հայաստանի Սահմանադրութեան օրուան առիթով, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան կարդաց Սահմանադրութեան օրուան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղերձը: Այնուհետեւ յայտնեց, որ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման գործին ներդրած իր աւանդին համար «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմինէ Չիլաբօշեան-Պօղիկեան...

Ակնարկ.  Հայկական Կողմը Ի՛նք Կ՛իրականացնէ  Վիեննայի Եւ Փեթերսպուրկի Որոշումները

Ակնարկ. Հայկական Կողմը Ի՛նք Կ՛իրականացնէ Վիեննայի Եւ Փեթերսպուրկի Որոշումները

Պուլկարական թերթի մը կատարած փաստաթուղթերու գաղտնազերծումը, որ ի յայտ կը բերէր Պաքուէն կատարուած զէնքի անօրինական վաճառքը, շեշտակիօրէն կ՛ընդգծէր Պաքուի օժանդակութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ գործող ահաբեկչական խումբերու: Սուրիական դէպքերու ծաւալման սկզբնական շրջանին լուր հրապարակուեցաւ, որ իսլամ ահաբեկիչներուն Ազրպէյճանի իշխանութիւնը 500 միլիոն տոլար փոխանցած է: Այլ ժամանակ հրապարակուեցաւ նաեւ այն բացայայտումը, որ Կովկասէն իսլամականներուն միացող ահաբեկիչներու գործունէութիւնը կը համակարգուի Ալիեւի թիկնազօրի անդամներուն...

Դաւիթ Բաբայեան. «Հայկական Կողմը  Քաղաքացիական Բնակչութեան Վրայ Չի Կրակեր»

Դաւիթ Բաբայեան. «Հայկական Կողմը Քաղաքացիական Բնակչութեան Վրայ Չի Կրակեր»

Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ իրավիճակը վերահսկելի է: Այդ մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին երէկ յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան` նշելով, որ նոր դէպքեր կը սպասուին, բայց լայնածաւալ պատերազմը քիչ հաւանական կը նկատեն: Բաբայեան ըսած է, որ Ազրպէյճանի գործողութիւններուն մէջ տրամաբանութիւն չկայ, եւ ասիկա «ահաբեկչական պատերազմ է»: Անդրադառնալով ազրպէյճանական...

Նալբանդեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն  Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Համանախագահներուն Եւ Անճէյ Քասփրչիքի Հետ

Նալբանդեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Եւ Անճէյ Քասփրչիքի Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն, որուն ընթացքին խօսած է 4 յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ Ազրպէյճանի ձեռնարկած սադրանքին եւ ատոր հետեւանքներուն մասին: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան: «Արտաքին գործոց  նախարար Նալբանդեան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն...

Արցախի Նախագահական Ընտրութիւն.  Դաշնակցութեան Թեկնածուն Բակօ Սահակեանն Է

Արցախի Նախագահական Ընտրութիւն. Դաշնակցութեան Թեկնածուն Բակօ Սահակեանն Է

Դաշնակցութիւնը պիտի պաշտպանէ Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը: Այս մասին յայտարարած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: «Անցեալ շաբթուան ընթացքին ՀՅԴ Արցախի կառոյցին մէջ  բաւական խոր եւ բազմաբնոյթ քննարկումներ տեղի ունեցած են: Քննարկումները եղած են իրական եւ կառուցողական: Ի դէպ, միանշանակ չէր Դաշնակցութեան մէջ տիրող մթնոլորտը Արցախի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածութեան շուրջ: Ինչպէս միշտ Դաշնակցութիւնը  առաջնորդուած է մեծամասնութեան կարծիքով, եւ մեր...

Հանդիսաւոր Ձեռնարկ` Սահմանադրութեան  Օրուան Նուիրուած.  «Սահմանադրութեան Բարեփոխուած Տարբերակը  Աւելի Մեծ Կարելիութիւններ Կը Ստեղծէ  Հայաստանի Զարգացման Համար»  Շեշտեց Նախագահ Սարգսեան

Հանդիսաւոր Ձեռնարկ` Սահմանադրութեան Օրուան Նուիրուած. «Սահմանադրութեան Բարեփոխուած Տարբերակը Աւելի Մեծ Կարելիութիւններ Կը Ստեղծէ Հայաստանի Զարգացման Համար» Շեշտեց Նախագահ Սարգսեան

Երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ` նուիրուած Սահմանադրութեան օրուան եւ Հայաստանի պետական խորհրդանիշներուն: Այս առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց: Ուղերձին մէջ նշուեցաւ. «Հայաստանի ժողովուրդին պատմական ընտրութիւնն է` կառուցել ազատ, ժողովրդավարական եւ ընկերային պետութիւն: Այդ նպատակը յստակօրէն արտայայտուած է մեր երկրին հիմնական օրէնքին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը անցնող տարիներուն ընթացքին մեր պետութեան եւ ամբողջ ժողովուրդին...

Խմբագրական.  Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ.  Հայեցակարգային Կէտեր  Ե.  Ապահովել Միջազգային Հնչեղութիւն

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր. – Զ. (Եւ Վերջ) – Մուրճի Եւ Սալի Տեսութեան Այժմէականութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան ժամանակաշրջանի զինուորաքաղաքական եւ, ինչու չէ նաեւ, իրաւապայմանագրային ելեւէջները իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կրած են ռուս-թրքական թշնամանքներուն եւ մերձեցումներուն պատճառով: Ռուսական զօրքերու յառաջխաղացք, ապա նահանջ, պատմական հայրենիքի տարածքներու կցում անկախացած հանրապետութեան, ապա` պարտադիր զիջում, նոյնիսկ անկախութեան հռչակում եւ ի վերջոյ խորհրդայնացում` բոլոր գործողութիւններու փիլիսոփայութիւնը պէտք է ընկալել երկու հարեւաններու փոխյարաբերութիւններու ընդհանուր շրջածիրին մէջ: Այդպէս է նաեւ իրաւապայմանագրային դաշտը` Կարսէն...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորած Է  Միացեալ Նահանգները`  Անկախութեան Օրուան Առիթով

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորած Է Միացեալ Նահանգները` Անկախութեան Օրուան Առիթով

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան օրուան առիթով երէկ այցելած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւն: Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է դեսպան Ռիչըրտ Միլզը, դեսպանատան աշխատակիցները եւ ի դէմս անոնց` Միացեալ Նահանգներու բարեկամ ժողովուրդը` մաղթելով բարեկեցութիւն եւ շարունակական զարգացում: Նախագահ Սարգսեան եւ դեսպան Միլզ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան բակին մէջ նախ ծիրանենի տնկած են: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանին...

«Ընտրական Նոր Օրէնքը 1960-ի Օրէնքէն  Շատ Աւելի Լաւ Է»  Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

«Ընտրական Նոր Օրէնքը 1960-ի Օրէնքէն Շատ Աւելի Լաւ Է» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Մեթնի ընտրութեանց վերաբերող հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երբ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Մեթնի ընտրացանկերէն մէկուն կը զօրակցի, ան կը բարելաւէ այդ ընտրացանկին վիճակը. այդ իրականութիւնը կը վերաբերի նաեւ ներկայիս վաւերացուած համամասնական ընտրական օրէնքին: «Որեւէ ընտրացանկի վրայ մեր գոյութիւնը պիտի ամրապնդէ այդ ընտրացանկին յաջողութեան համեմատութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի յաջողցնէ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով...

Հանդիպում` Նախարարներ Մաշնուքի Եւ Պասիլի Հետ

Հանդիպում` Նախարարներ Մաշնուքի Եւ Պասիլի Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հանդիպում մը ունեցան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ: Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձան ընտրական օրէնքը ու լաւագոյն մակարդակի վրայ արդար ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը` առաւելագոյն չափով ապահովելու համար քաղաքացիներու մասնակցութիւնը եւ, առ այդ, ճշգրիտ ներկայացուցչութեան ամրապնդումը: Իբրեւ ներքին նախարար` Մաշնուքի հետ արծարծուեցաւ նաեւ Պէյրութի, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի...

Գարակէօզեան Ամառնային Դպրոցի   Աշակերտները Այցելեցին «Ազդակ»

Գարակէօզեան Ամառնային Դպրոցի Աշակերտները Այցելեցին «Ազդակ»

«Ազդակ» օրաթերթին եւ անոր աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով, Գարակէօզեան ամառնային դպրոցի Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններու 70  աշակերտները երէկ այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ընկերակցութեամբ դպրոցի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեանի, հայերէն լեզուի եւ Դ. դասարանի պատասխանատու Կարօ Աղազարեանի, ինչպէս նաեւ ամառնային դպրոցի անձնակազմէն Վիքի Գալուստեանի, Սփիրօ-Ցոլակ Թալաթինեանի եւ Սագօ Եագուպեանի: Լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան աշակերտներուն ներկայացուց խմբագրատան մէջ կատարուող զանազան աշխատանքները. ան անդրադարձաւ...

Խմբագրական.  Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ.  Հայեցակարգային Կէտեր  Ե.  Ապահովել Միջազգային Հնչեղութիւն

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր Ե. Ապահովել Միջազգային Հնչեղութիւն

Հայաստանեանէն համահայկականի անցումը այնքան բարդ իրականանալի չի թուիր անշուշտ, որքան պատմակերտ այս իրադարձութեան միջազգային հնչեղութիւն ապահովելը: Նախապատրաստուելու համար ժամանակը նեղ է եւ խորքին մէջ 100-ամեակի յետհաշուարկը սկսած է արդէն: Այնուամենայնիւ քանի մը ուղղութիւն կարելի է նախանշել առաջադրուած հնչեղութեան ապահովման համար քայլեր ձեռնարկելու առումով: Տեղեկատուական դաշտին մէջ, նախատեսելով մայիսեան յաղթանակներու եւ պետականութեան կերտման համար հայրենիքի մէջ տեղի ունենալիք զինուորական շքերթներու, համերգներու...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Մտահոգութիւն  Յայտնեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Համար Պիւլպիւլօղլուի  Թեկնածութեան Առաջադրման Գծով

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Մտահոգութիւն Յայտնեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Համար Պիւլպիւլօղլուի Թեկնածութեան Առաջադրման Գծով

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր վարչութիւնը հոկտեմբեր 2017-ին պիտի ընտրէ միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնի թեկնածուն եւ անոր անունը փոխանցէ նոյեմբեր 2017-ին տեղի ունենալիք 39-րդ ընդհանուր ժողովին: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին թեկնածու են 9 անձեր, որոնց շարքին` նաեւ 1988-2006 թուականներուն Ազրպէյճանի մշակոյթի նախկին նախարար Փոլատ Պիւլպիւլօղլու: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը, օգտուելով 2-էն 12 յուլիսի միջեւ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբի...

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի  2017 Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի 2017 Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Երէկ` երկուշաբթի, 3 յուլիս 2017-ին, աւելի քան 350 սփիւռքահայ մասնակիցներու ներկայութեամբ, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան 2017 թուականի «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի պաշտօնական բացման արարողութիւնը` համագործակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանին: Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը ստեղծուած է...

Հայկական Հոգեւոր Եւ Ժողովրդային  Երգերու Երեկոյ` Համազգայինի «Գուսան»  Սենեկային Երգչախումբին Կատարողութեամբ

Հայկական Հոգեւոր Եւ Ժողովրդային Երգերու Երեկոյ` Համազգայինի «Գուսան» Սենեկային Երգչախումբին Կատարողութեամբ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երէկ` երկուշաբթի, 3 յուլիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ «Գուսան» սենեկային երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի: Եկեղեցին լեցուցած արուեստասէրները աւելի քան մէկ ժամուան ընթացքին առիթը ունեցան ըմբոշխնելու հայկական հոգեւոր եւ ժողովրդային գանձարանէն իւրայատուկ նմուշներ, ինչպէս նաեւ ստեղծագործութիւններ, որոնք...

Արցախի Նախագահը  Կը Պարգեւատրէ «Ազդակ»-ը

Արցախի նախագահ. «Արցախի Հանապետութիւնում, բարձր են գնահատում «Ազդակ»-ի աշխատանքը»

Արցախի նախագահ. «Արցախի Հանապետութիւնում, բարձր են գնահատում «Ազդակ»-ի աշխատանքը»   Հարցազրոյցը վարեց ԼՈՒՍԻՆԷ ԹԱԴԷՈՍԵԱՆԸ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի 90-ամեայ ազգանպաստ գործունէութեան համար ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին է յանձնել «երախտագիտութիւն» մետալ: Առիթից օգտուելով` «Ապառաժ»-ը բացառիկ հարցազրոյց է ունեցել Շահան Գանտահարեանի հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Յաջորդ տարի լրանում է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը: Ի՞նչ խորհուրդ ունի մայիսի 28-ը հայ ժողովրդի համար:...

Խմբագրական.  Հայաստանի Հանրապետութեան  100-ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր. – Բ.- Իրերը Իրենց Անուններով Կոչելու Անհրաժեշտութիւնը

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր. – Դ. – Արցախի Անկախութեան 100-ամեակ

  Մեր դրացի ոխերիմ հակառակորդ Ազրպէյճանը եւս կը նախապատրաստուի նշելու իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: Ծայրայեղ միամիտ պէտք է ըլլալ չկանխատեսելու համար, որ Պաքուն այս առիթը բաց պիտի թողէ չշահարկելու համար Արցախի հարցը: Ազրպէյճանի անկախութիւնը մայիս 27-ին է. Պաքուի պաշտօնական այն մօտեցումը, որ Ազրպէյճան իր անկախութիւնը կը նշէ մայիս 28-ին, կը մատնէ արդէն որոշակի մարտավարութիւն: Անմիջապէս այստեղ կը մտաբերենք մեր միւս դրացիին`...

Սկսած Է Հայաստանի Հանրապետութեան  Զինուած Ուժերու Ամառնային Զօրակոչը

Սկսած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու Ամառնային Զօրակոչը

1 յուլիսին սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ամառնային զօրակոչը:  Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ զինուած ուժերու համալրման հոլովոյթը խստագոյնս կը վերահսկուի  պաշտպանութեան նախարարութեան, զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատարութեան ղեկավարութեան եւ իրաւապահ մարմիններուն  կողմէ:

Արցախի Նախագահի Ընտրութիւնը` Այս Ամիս.  Բակօ Սահակեան` Արցախի Ժողովրդավարական  Կուսակցութեան Թեկնածու

Արցախի Նախագահի Ընտրութիւնը` Այս Ամիս. Բակօ Սահակեան` Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Թեկնածու

19-էն 29 յուլիսի ժամանակամիջոցին Արցախի Ազգային ժողովը պիտի ընտրէ հանրապետութեան նախագահը: Նշենք, որ կատարուած Սահմանադրական փոփոխութիւններով մինչեւ  2020 երկրին նախագահը պիտի ընտրուի խորհրդարանին միջոցով: 1 յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան հերթական` 5-րդ համագումարը, որ լիազօրած է Արցախի Ազգային ժողովի «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութիւնը յուլիսին խորհրդարանին կողմէ  նախագահի ընտրութիւններուն առաջադրելու Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը:

Page 621 of 796 1 … 620 621 622 … 796

Արխիւներ