Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի Բացառիկ Նախաձեռնութիւնը. «Տարուան Լաւագոյն Ժապաւէն» Մրցանակին Արժանացած «Կեանք Ու Կռիւ 1» Եւ «Կեանք Ու Կռիւ 2» Ժապաւէններու Ցուցադրութեան Սկիզբ
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Առաջին անգամը չէ, որ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ը Արցախը լիբանանահայութեան առօրեայ կեանքին մաս դարձնելու, միշտ Արցախի Հանրապետութեան մասին մտածել տալու, արցախեան արտադրութիւններու տօնավաճառներ կազմակերպելու եւ հայրենի այդ անկիւնը վերաբնակեցնելու կարեւորութիւնը շեշտող նախաձեռնութիւններու կը դիմէ: Բայց ինչ որ այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ լիբանանեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ, բացառիկ նշանակութիւն ունի այն իմաստով, որ այս անգամուան նախաձեռնութիւնը քարոզչական իւրայատուկ կարեւորութիւն ունի, բարձր...




















